Արխիւ
«Արաս» հրատարակչութիւնը հրատարակած է վերջին տարիներու ամենահետաքրքրական գործերէն մին:
Շուրջ երեքհազարամեայ պատմութեան մը սղագրութիւնը՝ չափազանց մատչելի եւ հրապուրիչ ներկայացմամբ:
Սուրիոյ ներքին պատերազմի իրադարձութիւնները կը շարունակեն մնալ Թուրքիոյ ուշադրութեան կիզակէտին, միեւնոյն ժամանակ կը բնորոշեն Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններուն ընթացքը։ Մեմպիչ քաղաքը վերջերս ազատագրուեցաւ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորումէն։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ծանօթութեան եւ զրոյցի համար ժամադրուած եմ ֆրանսաբնակ հայրենակիցիս՝ Սիւնիքի մարզի, Խնձորեսկ գիւղը ծնած եւ շատ հետաքրքրական հանգամանքներու մէջ Ֆրանսա հաստատուած Մուշեղ Մարտիրոսեան-Չալոյեանի հետ, որուն մասին բազմիցս լսած եմ իբրեւ բարերար եւ արուեստի գործեր հաւաքող, նաեւ՝ իր հայրենի գիւղին նուիրուած անձ մը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
17 Սեպտեմբեր 1911 թուակիր Հայ Մամուլին մէջ կը հանդիպինք «Բաց-հարցարան» նամակի մը՝ ուղղուած Պատկառելի Կրօնական Ժողովին՝ Մանուկ Դանիէլեանի կողմէ, ուր պատասխան կը սպասուի կարգ մը քահանաներու զեղծարար եւ աններելի յանցանքներով պատճառ դարձած գայթակղութիւններուն մասին։ Մանուկ Դանիէլեանի ստորագրութեամբ յանձնուած այս գրութեան մէջ, այդպիսի քահանաներ կ՚անուանուին՝ «գիժ-տէրտէրներ»։ Ուրեմն տեսնենք, թէ այս գրութեամբ ո՞ր հարցումներուն պատասխան կը սպասուի։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիա կ՚ապրի արտասովոր ժամանակներ։ Նման իրավիճակներու մէջ, աշխարհի ամէն կողմ, փոքրամասնական հաւաքականութիւնները բարոյահոգեբանական առումով կը դառնան գերզգայուն։ Անհասկնալի, արտասովոր ոչինչ կայ այստեղ։ Թրքահայութիւնն ալ նման հոգեվիճակի մը մէջ է ներկայիս, ապահովաբար մեր երկրի միւս փոքրամասնական հաւաքականութիւններուն հետ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ղարաբաղեան հիմնախնդրին շուրջ վերջին զարգացումներուն առընթեր նշանակալից առիթ մը պէտք է համարել Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրով Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Մոսկուա կատարած այցը: Այս այցելութեան արդիւնքներուն մասին մամուլին մէջ թէեւ տակաւին մանրամասն տեղեկութիւններ չկան, սակայն յստակ է, որ խնդրին կարգաւորման վերաբերեալ երեւելի տեղաշարժ մը չկայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Կոյս Մարիամի ստացած աւետաբեր պատուէրով կիներ վերստացան մարդկային ցեղի նախամօր՝ Եւայի մեղքի պատճառով կորսնցուցած յարգն ու պատիւը, եւ անշուշտ իրաւունքը եւ ազատութիւնը։
Միշըն Հիլզի «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանի եւ Հայկական գորգի ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, Օգոստոսի 20-ին, տեղի պիտի ունենայ հայկական գծագրուած եւ եկեղեցական կտաւներու նուիրուած դասախօսութիւն մը, որ պիտի հարստացուի լուսանկարներու ներկայացումով։
Նախաձեռնութեամբ «Արարատ» հայկական կազմակերպութեան նախագահ Գէորգ Գրիգորեանի, Սոֆիայի ազգային պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կառամատոյց» նախագիծին բացումը, որ մաս կը կազմէ «Երկիր՝ գետին եւ ծովուն միջեւ» շրջիկ ցուցահանդէսին եւ կը ներկայացնէ 20-րդ դարու անուանի գեղանկարիչ Պետիկ Պետրոսեանի մեծ արուեստը:
Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանին մէջ գլուխէն ծանրօրէն վիրաւորուած Սագօ Գույումճեան կնքեց իր մահկանացուն: «Ալ Ռազի» հիւանդանոցէն ներս դարմանուող Գույումճեան վիրաւորուելէն ետք մտած էր մահաքունի եւ անոր ստացած ուղեկորոյս փամփուշտը կը գտնուէր դէմքին մէջ:
Հայաստանի ներքին քաղաքական լարուած մթնոլորտի պայմաններուն ներքեւ պատահած վերջին բախումներուն ընթացքին վիրաւորուած ոստիկանութեան աւագ ենթասպայ Գագիկ Մկրտչեան դժբախտաբար մահացաւ շաբաթավերջին։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրազիլ, շաբաթավերջին Ռիոյի մէջ այցելեց ողիմպիական աւան։ Այս առթիւ ան հանդիպում մը ունեցաւ այն մարզիկներուն հետ, որոնք 31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն կը ներկայացնեն Հայաստանը։
«Արեւելք» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-
Անցնող ժամերէն սկսեալ վերաբացուած են դէպի Հալէպ տանող ցամաքային հիմնական ճանապարհները: Այսպէս, սկսած է գործել Քասթելլո շրջանի ճանապարհը, մինչ Դամասկոսը Հալէպի կապող Խանասէր ճանապարհը, որ բաց էր, սակայն ապահովական պատճառներով դարձած էր ամայի, սկսած են բնականոն հունի մէջ մտնել:
Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահը յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ Թուրքիա:
Քննարկումներու օրակարգի հիմնական խնդիրը պիտի ըլլայ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի վերադարձը:
Պատրիարքական Աթոռին կողմէ երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ հաստատուած «Շնորհք Պատրիարք 100» մատենաշարէն լոյս տեսաւ «Գունագեղ Կիրակիներ եւ Հոգեգալուստ» հատորը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին այցելեց Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը։ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան կողքին էր Նորին Սրբազնութեան։ Այցելութեան մասնակցեցան նաեւ Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան, Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնէն Նաժտա Շատեան եւ այլ պատասխանատուներ։
Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ վերջերս հանդիսաւոր արարողութիւնով մը օծուեցաւ նորակերտ խաչքար մը, որու բացման արարողութեան հանդիսապետեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Արիս Տեմիրի բարերարութեամբ Հայաստանի մէջ պատրաստուած է այս խաչքարը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջերս Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց «Իթիմատ պիւրօ»ի բազմամեայ պատասխանատու Սարգիս Գրիգորեանը։ Հանդիպման ներկայ էին Պատրիարքարանի հաշուապահներէն Հերման Կիւրճիեան եւ Պետրոս Մարզուան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Սելինա Մանան փայլուն նուաճում մը արձանագրած է համալսարանական մտից քննութիւններու արդիւնքին։ Այսպէս, ան յաջողած է մուտք գործել Իսթանպուլի համալսարանի Ճերրահփաշայի բժշկութեան բաժինը։ Ծանօթ է, որ համալսարանի մտից քննութիւններու դժուարին դրութեան մէջ այս արդիւնքին հասնիլ կը նշանակէ գերազանց մակարդակի մը վրայ գտնուիլ։
«Մանկական Եւրոտեսիլ-2016» մրցոյթին Հայաստան այս տարի կը մասնակցի զուգերգով մը։ Այսպէս, «Մանկական եւրոտեսիլ-2016» երգի միջազգային հեղինակաւոր մրցոյթին այս տարի Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Մերի Վարդանեանն ու Անահիտ Ադամեանը: Անոնց թեկնածութիւնը հաստատած է Հանրային հեռուստաընկերութեան ստեղծագործական խումբը՝ ներքին ընտրութեան իբրեւ արդիւնք: