Արխիւ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի երիտասարդաց խումբին ներկայացուցիչները։ Յարութիւն Քուրանի կողմէ գլխաւորուած խումբը Գումգաբուի մէջ Նորին Սրբազնութեան տեղեկութիւններ փոխանցեց իր ծաւալած գործունէութեան շուրջ։
ԵՆՈՎՔ ՊԱԼԻԿԵԱՆ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) 110 տարիներու ընթացքին անշահախնդիր նուիրումով ծառայեց հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերու պահպանման ու մայր հայրենիքի բարգաւաճման համար:
Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ
Առաջին անգամ զինք տեսայ հրապարակը. նստած մայթի մը վրայ, հաց կ՚ուտէր:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Կիւմրի: Վայր մը, ուր կ՚ապրի հայ ժողովուրդի խտացուած ցաւի մէկ մասնիկը: Ցաւը, արդէն քսանութ տարիէ ի վեր՝ ներկայ է Կիւմրիի մէջ եւ կարծես հրաշագեղ այս քաղաքը լքելու ցանկութիւն չունի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Որքան ալ խօսինք, խորհրդածենք իր մասին, մարդը իր ամբողջութեամբ միշտ «անծանօթ» մըն է, այնքան անծանօթ, որ ամենէն աւելի ինքն իրեն անծանօթ է, օտար մը կարծես՝ մարդս իր մէջ։
Իրանի Սպահան քաղաքին մէջ գտնուող Նոր Ջուղայ թաղամասէն ներս, երբ 1985 թուականին եղած է երեք հարիւր հայկական տուն, այսօր պահպանուած է ընդամէնը եօթանասունը:
Նազար Հանչէր կը տեղեկացնէ.-
Շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ Պալքանեան մարմնամարզի ախոյենութիւնը։ Թուրքիոյ Մարմնամարզի դաշնակցութեան կողմէ կազմակերպուած այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ տասնվեց երկրէ շուրջ երկու հարիւր մարզիկ։
Իրանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Նախագահ Հասան Ռուհանիի կողմէ գլխաւորուած բարեփոխիչները յաղթական դուրս եկած են խորհրդարանական ընտրութիւններէն։
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Մերքէլի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը, որու ընթացքին շօշափուեցան Թուրքիա-Գերմանիա եւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան վերաբերեալ նիւթեր։
Շաբաթավերջին Սուրիոյ մէջ հաստատուած հրադադարը անմիջականօրէն զբաղեցուց միջազգային օրակարգը։ Կը հաղորդուի, որ հրադադարը կը յարգուի ընդհանուր առմամբ։
Մինչ ահաբեկչութեան դէմ լայնածաւալ պայքարը կը շարունակուի, Թուրքիա երէկ դարձեալ խոր յուզում ապրեցաւ երկու նոր նահատակի վերաբերեալ լուրերով։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Ժընեւ, ուր կը մասնակցի ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 31-րդ նստաշրջանին։
Երեւանի «Կոմիտաս» թանգարանին մօտ շաբաթավերջին ապրուեցաւ յատկանշական իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, թանգարան այցելեցին հայ արդի արուեստի երկու հսկաներ, որոնք կատարեցին շրջայց մը եւ ստորագրեցին պատուոյ հիւրերու տոմարը։
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Գեղարուեստական ձեռնարկի մը գլխաւոր բանախօսերէն մէկն էր այդ օր Վաչէն, եւ նախքան իր խօսքին անցնիլը՝ ներկաներուն տեղեկացուց, թէ այդ ձեռնարկը երկու շաբաթ առաջ տեղի պիտի ունենար, սակայն նոյն օր «Սուփըր պոլ»ի խաղին պատճառով յետաձգուած էր այս օրուան թուականին:
ՕՀԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Մեծ պատրանքներ չունենանք Սփիւռ-քի գոյատեւման մասին: Ան դատապարտուած է գերեզման մտնելու օր մը: Եւ այս՝ ի մեծ դժբախտութիւն անշուշտ հայ ժողովուրդին, որովհետեւ հայ Սփիւռքը այսօր իր շնչած չափով՝ բարիք մըն է հայ հոգեկան վերելքին համար, թանկագին այն նպաստով, զոր այնուամենայնիւ անոր կրնայ բերել դեռ:
ՍԻԼՎԻ ՊԱԼԵԱՆ
«Ի՛նչ դժուար է սա կացութեան մէջ ըլլալ: Մէկ կողմէ կ՚ուզես մոռնալ անցեալը, միւս կողմէ զայն վերյիշելու կարեւորութիւնը կը զգաս: Կը հարցնես ինքզինքիդ, թէ ո՞ր մտածելակերպը ճիշդ է արդեօք. մոռնա՞լ անցեալը եւ պատմութիւնը, թէ՞ ապրիլ հիմա ու այս վայրկեանին:
Հայկական արդի երաժշտութեան երիտասարդ աստղերէն Տիգրան Համասեան շաբաթավերջին շատ յատկանշական ու եզակի համերգով մը հանդէս եկաւ Կիւմրիի մէջ։ 1988-ի երկրաշարժով ցնցուած ու տակաւին վէրքերը վերջնականօրէն չսպիացած այս պատմական քաղաքէն ներս, Տիգրան Համասեան լքուած տնակային աւաններէն մէկուն մէջ սարքեց իր համերգը։
Հարպիյէի Սէն թ՚Էսփրի լատինական եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ պարոք համերգ մը։ Երաժշտասէրներուն տեսակէտէ եզակի ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու յայտագրին մաս կազմեցին Հենտելի, Վիվալտիի եւ Փերկոլէսի գործերը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի պատմական ընդարձակ համալիրէն ներս երկժամեայ անմոռանալի շրջայց մը՝ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ:
Դաշտի վրայ բովանդակալից զրոյց. «Եթէ մեր իսկ կամքով կարգապահութեան մը չհետեւինք, նոր դրութիւն մը չհաստատենք, ապա թրքահայ համայնքի ապագան կրնայ մթագնիլ»: