Արխիւ
2015-2016 կրթական շրջանի վերամուտը յետաձգուեցաւ երկու շաբաթով։ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ յայտարարեց, թէ դպրոցներու բացումը յետաձգուած է Սեպտեմբերի 28-ին։
Յունաստանի Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս երէկ երեկոյեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Թէ՛ Ցիփրաս եւ թէ իր կառավարութիւնը հրաժարական տուին եւ յառաջիկայ Սեպտեմբերին կանխահաս ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան երկրին մէջ։
ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը երէկ աշխատանքային շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Սերժ Սարգսեան եւ Նիքոլայ Պորտիուժա քննարկեցին Հայաստանի յառաջիկայ նախագահութեան շուրջ հարցեր:
Նահատակներու յուղարկաւորութիւններուն մթնոլորտը ուղղակիօրէն կը պայմանաւորէ ներքին քաղաքական իրադարձութիւններուն ընթացքը:
Վարչապետը փափաք յայտնեց, որ մինչեւ Երկուշաբթի ԱՔ կուսակցութեան, ՃՀՓ-ի եւ ՄՀՓ-ի միջեւ համաձայնութիւն մը գոյանայ՝ Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ կանխահաս ընտրութեան ձեռնարկելու որոշումը ընդունելու առաջադրութեամբ:
«Մահմետական մը քրիստոնեայ դառնալու համար պէտք է նախ դիմէ իր հոգեւոր առաջնորդին»:
Տ. Կոմիտաս Վարդապետ Յովնանեան անդրադարձաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դիրքորոշման:
2015 թուականի մթնոլորտին մէջ Երուանդ Օտեանի «Անիծեալ տարիներ» գիրքը լոյս տեսաւ պարսկերէնով։ «Արմէն-փրէս»ի հաղորդումներով, այս թարգմանութիւնը մաս կը կազմէ Թեհրանի մէջ 100-րդ տարելիցին ձօնուած ոգեկոչումներու ծրագրին։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ, յառաջիկայ Հոկտեմբերի 24-ին Նիւ Ճըրզիի մէջ տեղի պիտի ունենայ համերգ մը, որու կազմակերպիչն է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սովորութիւն է, տարին անգամ մը յիշել մայրերը՝ «Մայրերու օր»ուան տօնին առթիւ։ Ըսելիք չունինք այդ մասին անշուշտ, բայց երբ կա՛յ մայրութեան մեծ տիպար մը՝ Աստուածամայրը, ապա ուրեմն մենք ալ կ՚ուզենք ամբողջ շաբաթ մը յիշել մայրերը՝ Աստուածամօր Վերափոխման յաջորդող օրերուն, քանի որ ըստ Եկեղեցւոյ, տօնը կը տեւէ ինը լման օրեր։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ամրան ամիսներուն կ՚աշխուժանայ հայաստանեան փառատօնային կեանքը: Այս ամառ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցան կարգ մը հետաքրքրական փառատօներ, որոնցմէ մի քանին արդէն աւանդական դարձած է, ինչպէս՝ Մեղրի եւ հատապտուղներու, Լաւաշի, Ձմերուկի, Ծաղիկի, Հասկի, Տարազի, Թութի, Ոչխարներու խուզման եւ այլ փառատօներ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բարոյական վերանորոգումը ամբողջ մարդկութեան կարեւորագոյն զբաղումը եւ նպատակը եղած է բոլոր շրջաններու մէջ՝ սկիզբէն մինչեւ այսօր, եւ պիտի շարունակէ այնքան՝ որքան մարդկութիւնը գոյատեւէ՝ մինչեւ իսկ մէ՛կ անհատ։
Մեծ Բրիտանիոյ խորհրդարանի լորտերու պալատի անդամ, պարոնուհի Քերըլայն Քոքս խումբ մը ուխտագնացներու հետ կ՚այցելէ Արցախ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջատար աստղերէն Հենրիխ Մխիթարեան գերազանց յաջողութիւնով սկսած է ներկայ եղանակին եւ Պորուսիա Տորտմունտի մարզաշապիկով Գերմանիոյ լիկին մէջ կ՚արժանանայ անմիջական ուշադրութեան։
Հայաստանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ «Միութիւն-2015. Յաղթանակի ժառանգներ-Հայաստան» միջազգային երիտասարդական մրցոյթ-հաւաքը։ Ռազմամարզական այս հաւաքը ձօնուած է Բ. Աշխարհամարտի աւարտին տարուած յաղթանակի 70-ամեայ յոբելեանին։
Ծաղկաձորի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ «Բազէ-2015» երիտասարդական տարեկան հաւաքը։ Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած այս աւանդական հաւաքին կը մասնակցին հոծ թիւով երիտասարդներ, որոնք երեք խումբերու բաժնուած՝ կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն, կը գործադրեն իրենց ծրագիրը։
ԱՄՆ-ի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարները քննարկեցին համագործակցութեան ընթացքը:
Ուաշինկթըն կը պատրաստուի յաւելեալ ձեւով 20 միլիոն ամերիկեան տոլար յատկացնել Թիֆլիզին:
Թուրքիա իրերայաջորդ ցնցումներ կ՚ապրի ահաբեկչական անիծելի յարձակումներով՝ միշտ դիմադրելով բարձր գիտակցութեամբ:
Շիրվան-փերվարի ճանապարհին վրայ զինուորական ինքնաշարժ մը ենթարկուեցաւ յարձակման. 8 նահատակ: Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան կողմէ հրապարակուեցաւ ցաւակցական մը Անվտանգութեան ուժերը անմիջապէս նոր գործողութիւններու ձեռնարկեցին ՓՔՔ-ականներուն դէմ, որոնք վերջին օրերուն կու տան ծանր կորուստներ:
Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան սրբազան արարողութեան ընդառաջ քառասնօրեայ ժամանակաշրջան:
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի Աւագ Խորանին վրայ շղարշածածկ արծաթեայ կաթսան արդէն զետեղուած:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի նոր սերունդի արժէքաւոր ներկայացուցիչներէն Լոռին Քըլըչճը փայլուն յաջողութեամբ աւարտած է իր բարձրագոյն ուսումը։
Ս. Մահսէրէճեան
Այս տողերը ծնունդ են սփիւռքեան ընդհանրական ցաւի մը, որ կը կոչուի ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՓԱԿՈՒՄ։
Ֆրեզնոյի հայկական գաղութին մէջ, աւանդութիւն դարձած է Աստուածամօր Վերափոխման տօնն ու խաղողօրհնէքի արարողութիւնը երկու անգամով կատարել՝ հերթական կարգով, «Հայկական Տուն» ծերանոցի ընդարձակ պարտէզին մէջ, Ս. Երրորդութիւն եւ Ս. Պօղոս եկեղեցիներուն կողմէ: Առաջինը տեղի կ՚ունենայ Օգոստոս 15-ի տօնը կանխող Կիրակին, իսկ երկրորդը՝ Օգոստոս 15-ին: