Արխիւ

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2015

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան յայ­տա­րա­րեց, որ Ատր­պէյ­ճան հայ­կա­կան կող­մի զսպուա­ծու­թեան կո­չին կը պա­տաս­խա­նէ լա­րուա­ծու­թեան սրաց­մամբ։ Ըստ նա­խա­րա­րին, Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նին վրայ ի­րա­վի­ճա­կը վե­րահս­կե­լի է։

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2015

Նախ­կին դա­տա­խազ Զէ­քէ­րիա Էօ­զի ար­տա­սահ­մա­նեան ո­դի­սա­կա­նը կը շա­րու­նա­կէ զբա­ղեց­նել հան­րա­յին կար­ծի­քին օ­րա­կար­գը։ «Հիւր­րի­յէթ» օ­րա­թեր­թը այ­սօր կը գրէ, թէ իր հաս­ցէին ձեր­բա­կալ­ման ո­րո­շում ըն­դու­նուած նախ­կին դա­տա­խազ Զէ­քէ­րիա Էօզ երկ­րէն խոյս տա­լէ վերջ՝ Հա­յաս­տա­նի վրա­յով մեկ­նած է Գեր­մա­նիա։

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2015

​Ամերիկայի հայկական համագումարը կը վերակենդանացնէ Երեւանի կեդրոնին գործունէութիւնը:
Ալին Օզինեան գործի ընդունուեցաւ՝ որպէս տարածքաշրջանային խնդիրներու շուրջ վերլուծաբան:

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2015

ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի շփումներով անհրաժեշտ մթնոլորտը չստեղծուեցաւ՝ համախոհական կառավարութիւն մը ստեղծելու համար:
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ երեկոյեան ժամադրութիւն պահանջեց ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելիէն:

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

2015 թուականի մթնոլորտին մէջ ծպտեալ հայերու խնդիրը վերստին ծառացած է հայաշխարհին առջեւ՝ իր բազում բարդ երեսակներով - Բ:
Վերադարձի ակնկալութիւններու պարագային մօտեցումը պէտք է ունենայ այն առանցքը, թէ հայը շարք մը արժէքներու, ժառանգութեան մը մերօրեայ կրողն է:

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2015

Ե­րե­ւա­նի Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­մա­հայ­կա­կան 6-րդ խա­ղե­րու փակ­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Օ­փե­րա­յի շրջա­կայ­քին հա­ւա­քուած ծո­վա­ծա­ւալ բազ­մու­թիւ­նը հե­տե­ւե­ցաւ այս խորհր­դան­շա­կան ձեռ­նար­կին, ո­րու ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան խա­ղե­րը յայ­տա­րա­րեց փա­կուած։

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց կու տայ՝ թէ կան շատ մը ազ­նիւ հո­գի­ներ՝ ո­րոնք փոր­ձու­թե­նէ ծան­րա­պէս ճնշուած, գրե­թէ ընկ­ճուե­լու մօտ են ի­րենց «Ես»ին եւ «չար»ին զօ­րու­թիւն­նե­րուն դէմ պայ­քա­րե­լու հա­մար։

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2015

Ի­տա­լա­կան Giornale dell’Umbria թեր­թը Հա­յաս­տա­նի մա­սին զբօ­սաշր­ջա­յին յօ­դուած մը հրա­պա­րա­կած է։ Հայաստանի բացառիկ գեղեցկութեան կ՚անդրադառնայ այս յօդուածը, ուր մաս­նա­ւո­րա­պէս գրուած է.

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2015

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թիւ­նը (ՀԲԸՄ) այս տա­րի 28-րդ ան­գամ Նիւ Եոր­քի մէջ կազ­մա­կեր­պեց ամ­րան ե­րի­տա­սար­դա­կան ծրա­գիր մը։ Աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէն քսան­չորս ե­րի­տա­սարդ­ներ մաս­նակ­ցե­ցան այս ծրագ­րին։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2015

Դի­լի­ջա­նի Մի­ջազ­գա­յին դպրո­ցը (UWC Dilijan College) ար­ժա­նա­ցած է մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կա­ւոր «International Property Awards»ի մրցա­նա­կին «Հան­րա­յին ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու զար­գա­ցում» ո­լոր­տին մէջ (Public Services Development):

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2015

Թուր­քիոյ ա­րե­ւե­լեան եւ հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան քա­ղաք­նե­րուն մէջ զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը լրջօ­րէն կը տու­ժէ ա­հա­բեկ­չա­կան դէպ­քե­րուն հե­տե­ւան­քով։ «Վա­թան» օ­րա­թեր­թի այ­սօ­րուան հա­ղոր­դում­նե­րով, Վան քա­ղա­քին ալ այս ծի­րին մէջ կը վի­ճա­կի էա­կան բա­ժին։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2015

Նախ­կին դա­տա­խազ­ներ՝ Զէ­քէ­րիա Էօզ եւ Ճե­լալ Քա­րա այս օ­րե­րուն ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն կը զբա­ղեց­նեն երկ­րին օ­րա­կար­գը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ա­նոնք խոյս տուած են Թուր­քիա­յէն, ճիշդ այն հանգ­րուա­նին, երբ ի­րենց դէմ ձեր­բա­կալ­ման ո­րո­շում տրուե­ցաւ պատ­կան մար­մին­նե­րուն կող­մէ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2015

Հա­մա­հայ­կա­կան վե­ցե­րորդ խա­ղե­րու ծրագ­րին մէջ ներգ­րա­ւուած մրցա­շարք­նե­րը ե­րէկ հա­սան ի­րենց ա­ւար­տին։ Շուրջ տասն օ­րուան հան­դի­պում­նե­րու ար­դիւն­քին ար­դէն յայտ­նի են դափ­նե­կիր­նե­րը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2015

Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րը վեր­ջին օ­րե­րուն խտա­ցեալ ձե­ւով կը շա­րու­նա­կեն հրա­դա­դա­րը խախ­տել Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ։ Ե­րե­ւա­նի եւ Ստե­փա­նա­կեր­տի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը ե­րէկ օ­րուան սկիզ­բին ար­ձա­գանգ հան­դի­սա­ցան հա­մա­պա­տաս­խան լու­րե­րու, ո­րոնց ան­մի­ջա­պէս յա­ջոր­դեց նոր նա­հա­տա­կի մը գոյ­ժը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2015

​Ռուսաստանի Հիւսիսային Կովկասի 5-րդ կայազօրային զինուորական ատեանի արտագնայ նիստը:
Կիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքի եօթ անդամները սպաննած զինուոր Վալերի Փերմեաքովի դէմ ծանր վճիռ:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2015

Հայաստանի եւ Իրանի միեւ ելեկտրահաղորդման երրորդ գծին կառուցումը պիտի սկսի արդէն յաջորդ շաբաթ:
Երկու երկիրներու ընկերութիւնները վերաստորագրեցին համապատասխան պայմանագիրը, որ նոր հարթութեան վրայ պիտի դնէ անոնց համագործակցութիւնը:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

2015 թուականի մթնոլորտին մէջ ծպտեալ հայերու խնդիրը վերստին ծառացած է հայաշխարհին առջեւ՝ իր բազում բարդ երեսակներով - Ա:
Հայաստանէն, Պոլիսէն կամ այլ տեղէ մը դիտարկելու ժամանակ միշտ նոյն պատկերը չի պարզուիր մարդոց աչքին առջեւ, ինչ որ պայմանաւորուած է յաճախ շատ զգացական տարբեր առաջնահերթութիւններով եւ զգայնութիւններով: Մասնակի պատկերացումներով անկարելի է տիրապետել հարցի ամբողջութեան՝ բոլոր ծալքերով:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մարդկային յատկանիշ մը, որով կ՚որոշուի մարմնի աջ ու ձախ ձեռքերուն միջեւ անհաւասարաչափ բաշխուած շարժունակութիւնը:
Ձախլիկները՝ աջլիկներու աշխարհին մէջ կամ տօն մը բոլոր անոնց համար, որոնք առօրեայ գործողութիւնները կը կատարեն ահեակ ձեռքով:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կ՚ը­սուի, թէ բժիշ­կը՝ Աս­տու­ծոյ ձեռքն է աշ­խար­հի վրայ։ Ար­դա­րեւ, ե­թէ նկա­տի ու­նե­նանք բժիշկ­նե­րու օգ­տա­կա­րու­թիւ­նը եւ ծա­ռա­յու­թիւ­նը մարդ­կա­յին կեան­քին պահ­պան­ման եւ գո­յա­տեւ­ման նկատ­մամբ, կը տես­նենք, թէ ո՛ր­քան ի­րա­ւա­ցի է այս խօս­քը, ի­րա­կա­նու­թիւն մըն է այն մեծ մա­սամբ, քա­նի որ բժիշկ­նե­րը, կեր­պով մը գոր­ծա­կից­նե­րը կ՚ըլ­լան Աս­տու­ծոյ՝ Իր նա­խախ­նա­մու­թեան ու հո­գա­տա­րու­թեան գոր­ծին մէջ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Իս­թան­պու­լի մօտ Զուի­ցե­րիոյ ա­ւագ հիւ­պա­տոս Մո­նի­քա Շը­մուց Քըր­կէօ­զը։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը Պատ­րիար­քա­րա­նի եր­դի­քին տակ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ տե­սակ­ցած է զուի­ցե­րա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տին հետ։

Էջեր