Արխիւ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը նախատեսէ շուտով թափ տալ Ինճիրլիքի ռազմախարիսխին վրայով գործողութիւններուն՝ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ։ ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Ճէյմս Պրայնտըլ յայտնեց, թէ ԱՄՆ-ի ռազմաօդային զօրքերուն պատկանող վեց հատ F-16 ռազմաօդանաւ ուղարկուած է Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը, ուրկէ մօտաւոր ապագային պիտի իրականացուին գործողութիւններ։
Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններ սկսան՝ դէպի համաշխարհային շուկաներ կազ արտածելու հարցին շուրջ։ Թեհրանի պաշտօնական աղբիւրները այս մասին հաղորդումներ ըրին, իսկ այս լուրը զանազան աղբիւրներու կողմէ այնպէս կը մեկնաբանուի, թէ Իրան արդէն վերադարձած է խողովակաշարով մը դէպի Եւրոպա կազ արտածելու ծրագրերուն։
Շաբաթավերջին շարունակուեցան սուրիահայութեան մասին ահազանգային լուրերը:
Ջուրի նեղութիւն, ռմբակոծումներ, հաղորդակցութեան անկարելիութիւն եւ անորոշութիւն…
Եւրոմիութեան գծով նախարար եւ աւագ բանագնաց Վոլքան Պոզքըր կը պատրաստուի այս շաբթուան տեւողութեան իրականացնել ուղեւորութիւն մը՝ Եւրոպայի մէջ բացատրելու համար Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչութեան դէմ ձեռնարկուած պայքարը եւ լուծման գործընթացին ուղղութեամբ անոր վճռակամութիւնը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, եւրոպական երկիրներէն ներս ունենալիք շփումներուն ընթացքին Վոլքան Պոզքըր երկխօսներուն տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ Թուրքիոյ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ ու պիտի մատնանշէ, թէ ահակեկչութեան դէմ ձեռնարկուած պայքարը չէ փոխած կառավարութեան վճռակամութիւնը՝ բարեփոխումներուն եւ լուծման գործընթացին ուղղութեամբ։
Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի շինարարութեան աշխատանքները կը կաղան լրջօրէն:
Ազէրի մասնագէտ մը BBC-ին յայտնած է, որ ծրագրին նշանակութիւնը կը նուազի հետզհետէ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Դամասկոսի Թեմի բարեջան Առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան իր «Արեւելք» (www.arevelk.am) կայքին տուած հարցազրոյցին մէջ (6 Օգոստոս 2015) ըսած է, որ Դամասկոսի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը նոյնպէս վտանգաւոր է յառելով, որ քաղաքի սահմանային կրակագիծը կը գտնուի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կից:
Իսթանպուլի մէջ այս առաւօտ ապրուեցաւ զգայացունց դէպք մը։ Այսպէս, Սուլթանպէյլիի մէջ յարձակում գործուեցաւ ոստիկանատան մը վրայ։ Դէպքին հետեւանքով նահատակուեցաւ ոստիկան մը։
Այս առաւօտ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ:
Նորոգ վախճանեալ Տ. Պսակ Ա. Քհնյ. Թէզէնլեանի յուղարկաւորութիւնը Գումգաբուի մէջ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին այցելութիւն մը տուաւ մեր համայնքի երիցագոյն անդամուհիներէն 103-ամեայ Վարսէն Օրունճաքճըէլին, որու տարեդարձը կը նշուէր։
Գարթալի Սուրբ Նշան եկեղեցին նորոգութեան երկար շրջանէ մը վերջ շաբաթավերջին օծուեցաւ հանդիսաւոր արարողութեամբ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած աւանդական հանդիսութեան ընթացքին ստեղծուեցաւ յուզումնալի մթնոլորտ:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մայրաքաղաքի քաղաքապետարանին եւ «Տէրեան» միութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ Հիւսիսային պողոտային վրայ կազմակերպուած եզակի ձեռնարկ մը:
Զգեստը մշակոյթի մը բաղադրիչ մասն է եւ հնարաւորութիւն կու տայ կարծիք մը կազմելու տուեալ ժողովուրդի մասին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը խօսինք ամուսնութեան խորհուրդին՝ անոր անհատական եւ հաւաքական-ընկերային եւ հոգեւոր կեանքի մէջ կարեւորութեան եւ ներկայացուցած արժէքին մասին։ Ամուսնութեան սրբազան միութեամբ կազմուած ընտանիքը՝ արդարեւ առ տնին եկեղեցի մըն է՝ սրբատեղի մը եւ Աստուծոյ տունը նաեւ, քանի որ Աստուած սէր է եւ ուրեմն ո՛ւր որ սէր կայ՝ հոն ներկայ է Աստուած, եւ քանի որ ամուսնութեամբ կազմուած այս հրաշալի՜ միութեան հիմը սէ՛րն է, ապա ուրեմն որքան ճիշդ է ընտանիքը անուանել՝ առ տնին եկեղեցի մը, սրբատեղի մը, Աստուծոյ տո՛ւնը։
ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Կարելի է անվարան յայտարարել, թէ հակառակ զինք շրջապատող ահազանգային քաղաքականութեան, Լիբանանի մշակութային կեանքը յաջողապէս ինքզինք գերազանցեց այս եղանակին: Ամիսներ առաջ արդէն իսկ տոմսերու վաճառքը սպառած նկատուած համերգը յիրաւի արդարացուց ինքզինք, ապահովելով վեց հազար հանդիսատես որոնք ժամանած էին Լիբանանի զանազան շրջաններէ:
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մայրավանքին՝ Զմմառի մէջ, երէկ, ապրուեցաւ յատկանշական օր մը։ Այսպէս, հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորընտիր Կաթողիկոս-Պատրիարք Գրիգոր-Պետրոս Ի.-ի գահակալութեան շքեղ արարողութիւնը։
Ռուսաստանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ օդային արկած մը, որու զոհերու շարքին կը գտնուին հայեր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Իսթրինսքի ջրամբարին մօտ ապրուեցաւ այս արկածը, որուն զոհ գնաց ինն հոգի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուս այս առակը պատմելէ առաջ կը հարցնէ. «Ի՞նչ է ձեր կարծիքը»։ Արդարեւ պատմուածքներու նպատակն է՝ դիւրին հասկնալի դարձնել գաղափար մը, սկզբունք մը եւ կարեւոր է խօսակցութեան մասնակից ընել ամէն անոնք, որոնք կը հետաքրքրուին եւ ուշադրութիւն կը դարձնեն խօսքին, խօսուածներուն։
Համահայկական վեցերորդ խաղերը կը շարունակեն ամբողջ աշխարհի հայութեան անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Այս մթնոլորտին մէջ, Համահայկական վեցերորդ խաղերուն ձօնուած դրոշմաթուղթեր թողարկուեցան Հայաստանի թղթատարական ընկերութեան՝ «Հայփոստ»ի կողմէ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Դիլիջանի մէջ տեսակցեցաւ «Լոյս» հիմնադրամի մեծ ընտանիքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Սերժ Սարգսեան. «Ձեզմէ կախեալ է, թէ մեր երկիրը ի՛նչ դեր պիտի ունենայ աշխարհի վրայ, միասին զարգացնենք զայն»
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս հրադադարի խախտումները կը շարունակուին:
Ըստ Ուորլիքի, եթէ կողմերը կը փափաքին բանակցային լուծում, ապա պէտք է նուազեցնեն լարուածութիւնը:
ՌԱԿ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափի եւ Գանատայի մասնաճիւղին 83-րդ համագումարը:
Պոստոնի մէջ տեղի ունեցած երկօրեայ աշխատանքէն վերջ որդեգրուեցան շարք մը բանաձեւեր: