ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Ուխտաւորներու խումբը գլխաւորեցին Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Պոստոնի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Առաքել Քհնյ. Ալճալեան։

Իր օրհնութիւնը փոխանցելով ուխտաւորներուն՝ Վեհափառ Հայրապետը ուրախութեամբ հաստատեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը մշտապէս սիրով կ՚ընդունի ուխտի մեկնած իր զաւակները։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց ուխտաւորներուն ջերմեռանդութեամբ հաղորդ դառնալ հայրենիքի սրբութիւններուն, որոնք կերտուած են իրենց հայրերուն կողմէ Քրիստոսի ու անոր հրաշափառ յարութեան նկատմամբ սիրոյ եւ հաւատքի զգացումներով։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց, որ իւրաքանչիւր հայորդիի համար դէպի Հայաստան ուղեւորութիւնը պէտք է ընկալուի իբրեւ ուխտագնացութիւն։

Զրոյցի տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ իր հովուապետական այցելութիւններուն ժամանակ մշտապէս տեսած է ամերիկահայութեան զօրաւոր հաւատքը եւ անսակարկ սէրն ու նուիրումը համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնին նկատմամբ։ Անդրադառնալով Սփիւռքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն՝ Վեհափառ Հայրապետը ներկաներուն պատգամեց հայաշունչ պահել իրենց կեանքը, հայոց լեզուն մշտապէս հնչեցնել իրենց ընտանեկան յարկերէն ներս, ինչպէս նաեւ հաւատքով, աղօթքով, բարի ու աստուածահաճոյ գործերով զօրացնել Մայր Եկեղեցին, պայծառացնել տիրախնամ թեմը։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց նաեւ ուխտաւորներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Մայր Աթոռի առաքելութեան ու հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու գործունէութեան։

Նորին Սրբութենէն հրաժեշտ առնելէ վերջ, ուխտաւորները Մայր Տաճարի մէջ մասնակցեցան Ս. Պատարագի, աւելի վերջ ալ այցելեցին Ս. Էջմիածնի թանգարանը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 4, 2017