Արխիւ
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան հիւրընկալեց իր թիւրքմեն պաշտօնակից Պերտիմուհամէտովը:
Թուրքիա եւ Թիւրքմենիստան կայուն թափով յառաջ կը տանին իրենց համագործակցութիւնը:
Երէկ երեկոյեան Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի դարաւանդին վրայ տեղի ունեցաւ ասուլիս մը, որ կազմակերպուած էր «Հայճար»ի նախաձեռնութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուս այս առակը պատմելէ առաջ կը հարցնէ. «Ի՞նչ է ձեր կարծիքը»։ Արդարեւ պատմուածքներու նպատակն է՝ դիւրին հասկնալի դարձնել գաղափար մը, սկզբունք մը եւ կարեւոր է խօսակցութեան մասնակից ընել ամէն անոնք, որոնք կը հետաքրքրուին եւ ուշադրութիւն կը դարձնեն խօսքին, խօսուածներուն։
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը այցելեց ճակատի առաջնագիծը:
Զաքիր Հասանովի ուղեւորութիւնը իրականացած է Իլհամ Ալիեւի հրահանգին հիման վրայ:
«Հապէր Թիւրք» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, որ 2015-ի ոգեկոչումներուն շրջագծով խումբ մը հայեր արարողութիւն մը իրականացուցած են Արարատ լերան գագաթին։
Վալերի Փերմեաքովի դատման գործընթացին մանրամասնութիւնները յայտնի կը դառնան աստիճանաբար:
Ռուսական կողմը ոճրագործը պիտի դատէ ռազմական յանցագործութիւններուն համար, իսկ հայկական կողմը՝ սպանութեան երեսակով: Բոլոր դատավարութիւնները տեղի պիտի ունենան կիւմրիի մէջ:
Հայաստանի իշխանութիւնները կը ձգտին, որ քննութիւնները ընթանան հնարաւորինս արագ եւ փութով արձակուի վճիռը՝ մինչեւ Խաչի տօնի մեռելոցը:
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճեւատ Զարիֆ յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Թուրքիա։ Իր շփումները նախատեսուած են Զարիֆի կողմէ իրականացուելիք տարածքաշրջանային ուղեւորութեան մը ծիրին մէջ։
Անգարայի մէջ համախոհական կառավարութիւն մը ստեղծելու ուղղեալ ջանքերը կը շարունակուին։ ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի շփումները ամենաբարձր մակարդակի վրայ պիտի շարունակուին յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին։
Հայաստանի Սփիւքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Երեւանի «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ դաշնակահարներ՝ Միքայէլ Հայրապետեանի (Ռուսաստան) եւ Րաֆֆի Պետրոսեանի (Գանատա) համերգը։
«Եղի՛ր աշխոյժ, ապրէ՛ առողջ» ծրագրին շրջագծով այս շաբաթավերջին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ ուորքաութ մարզաձեւի ծրագիր մը։
Հայաստանէն եւ Անգլիայէն հնագէտ մասնագէտներէ բաղկացեալ արշաւախումբ մը վերջերս ի յայտ բերաւ ժայռապատկերներ, ինչ որ ստեղծած է լայն արձագանգ։ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի եւ Արցախի սահմանագլխուն գտնուող Ծղուկ լեռնային գօտիի յարակից տարածքէն ներս հնագէտներու եւ արուեստաբաններու աշխատախումբը յայտնաբերեց ու փաստագրեց աւելի քան հազար ժայռապատկերներ։
«Մաշտոց» հայ մշակոյթի պահպանման ու զարգացման հիմնադրամ՝ Ղրտեաններու միջոցներով:
Երեւանի Մատենադարանի գործունէութեան ընդլայնման առաջադրութեամբ նախաձեռնութիւն:
Աշխարհահռչակ տուտուկահար Ճիվան Գասպարեան յառաջիկայ ամսուան սկիզբին համերգով մը հանդէս պիտի գայ Երուսաղէմի մէջ։
Գոնիայի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ ճատրակի կարեւոր մրցաշարք մը, որու արդիւնքներուն հիման վրայ յայտնի դարձան այն խումբերը, որոնք բարձրացան՝ Թուրքիոյ ճատրակի սիւփէր լիկը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Թագաւոր մը, կը պատմուի, թէ երազ մը տեսած էր՝ երկինքէն փոխանակ անձրեւի աղուէս կը տեղար։ Ան մտահոգուած՝ անմիջապէս հրաման արձակեց.
«Ո՛վ որ երազս ինծի բացատրէ, անոր հազար ոսկի կու տամ»։ Թագաւորին այս հրամանը լսող աղքատ մարդ մը կու գայ եւ կ՚ըսէ. «Եթէ երեք օր ժամանակ տաս ինծի, երազդ կը մեկնեմ քեզի»։
ԱՄՆ-ի անօդաչու թռչող սարքերը ռմբակոծումներ կատարեցին ԻՇԻՊ-ի դէմ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հասան Ռուհանիի հետ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Այն աշակերտի թեկնածուները, որոնք չունին մկրտութեան վկայական, պիտի չկարենան արձանագրուիլ իսթանպուլահայ վարժարաններ:
Համայնքային վարիչները բարձր կը գնահատեն պետութեան կողմէ մեր տնօրէններուն համար սահմանուած նոր լիազօրութիւնները, որոնք պիտի օգտագործուին շինիչ, խտրականութենէ հեռու մօտեցումներով եւ հայկական ինքնութեան ստորոգելիները առանց շուքի տակ թողելու:
Պատրիարքարանի երէկուան ժողովին ընթացքին որդեգրուած հիմնական սկզբունքներուն գործադրութիւնը յառաջիկայ շրջանին պիտի վերահսկուի յատուկ յանձնախումբի մը կողմ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքին նկատմամբ անտարբեր ըլլալ՝ «կեանքին պարտուիլ» կը նշանակէ։ Մինչդեռ կեանքը իր ամբողջութեամբ ծնունդէն մինչեւ մահ, պայքա՛ր մըն է տեւական։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի Գլխաւոր քաղաքապետ Քատիր Թոփպաշին։
Գնալը կղզիի մէջ գեղարուեստասէրները երէկ ողջունեցին երիտասարդ արուեստագիտուհի Գլոտիա Էտնա Եաղսըզօղլուի առաջին ցուցահանդէսը։ «Ճաշ» ճաշարանէն ներս բացուած ցուցահանդէսը խորագրուած էր «Ներաշխարհիս գոյներուն ձայնը»։