Արխիւ

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2015

​Երեւանի մէջ տեղադրուելու համար առաջարկուած աւելի քան յիսուն ինքնուրոյն ստեղծագործութեան հաւաքական ներկայացումը:
Ցուցահանդէսի ընթացքին գեղարուեստասէրներու դատին յանձնուած գործերը յառաջիկայ շրջանին կրնան զարդարել մայրաքաղաքի փողոցները՝ քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ:

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2015

Տըպ­պա­յէի, Պէյրութ, «Լա Մա­րի­նա­»ին մէջ Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նը կազ­մա­կեր­պեց իր տա­րե­կան վկա­յա­բաշխ­ման հան­դի­սա­ւոր տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը, որ կը զու­գա­դի­պէր հա­մալ­սա­րա­նի հիմ­նադ­րու­թեան 60-ա­մեա­կին, ո­րուն ըն­թաց­քին 227 ու­սա­նող­ներ յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տե­ցին ի­րենց բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը՝ դառ­նա­լով հայ­կա­կան սփիւռ­քի միակ բարձ­րա­գոյն հաս­տա­տու­թեան 55-րդ հունձ­քի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը:

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2015

ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան եւ ՃՀՓ­-ի պա­տուի­րա­կու­թիւննե­րուն մի­ջեւ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ռա­ջին բա­նակ­ցու­թիւ­նը Ան­գա­րա­յի մէջ։

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2015

​Էրիք Ռապին Ուաշինկթընի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ BROOKINGS հաստատութենէն ներս:
«Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ կողմերը պէտք է վերահաստատեն իրենց պատրաստակամութիւնը կարգաւորման ուղղութեամբ», համոզուած է ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը:

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2015

​Հայաստանի ուժանիւթի համակարգի երկարաժամկէտ զարգացման ուղիներուն առընչութեամբ որոնումներ:
Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան բացատրութիւններ տուաւ նախատեսուած միջոցառումներուն շուրջ:

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2015

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լի­բա­նա­նեան ա­րա­բա­տառ մէ­կէ ա­ւե­լի պար­բե­րա­կան­ներ վերջին օ­րե­րուն լի­բա­նա­նեան ծո­վե­զե­րեայ Ժի­պէյլ (պատ­մա­կա­նօ­րէն՝ Պիպ­լոս) շրջա­նին մէջ գտնուող «Թռչնոց բոյն» ա­նու­նով յայտ­նի որ­բա­նո­ցին մա­սին նիւ­թեր հրա­պա­րա­կե­ցին: Թեր­թե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը տար­բեր շա­րադ­րանք­ներ ներ­կա­յաց­նե­լով կը խօ­սէր որ­բա­նո­ցի տա­րած­քին մօտ գտնուող փոքր գե­րեզ­մա­նա­տան մը մա­սին, ո­րուն մէջ ե­ղող երեսուներեք հան­գու­ցեալ­նե­րու ա­ճիւն­նե­րը, ըստ կա­տա­րուած հա­մա­ձայ­նու­թեան մը, պի­տի հա­նուէին ու վե­րա­թա­ղուէին նո­րա­կա­ռոյց թան­գա­րա­նին մօտ:

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2015

​Նախագահ Էրտողան. «Շատ տարբեր պայքարի մը ձեռնարկած կը գտնուինք»:
Բանակը սպաննեց ԻՇԻՊ-ի այն հինգ ահաբեկիչները, որոնք նախընթաց օր նահատակած էին ենթասպայ մը: Ռազմաօդային ուժերը գիշերը ռմբակոծեցին նաեւ ՓՔՔ-ի Հիւսիսային Իրաքի հինգ ճամբարները: Ըստ Տավուտօղլուի, Թուրքիա պարտաւոր է ամրապնդելու իր իսկ անվտանգութիւնը

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կ՚ար­տօ­նէ՞ք սի­րե­լի բա­րե­կամ­ներ, որ ան­գամ մը եւս խորհր­դա­ծենք բամ­բա­սան­քի մա­սին։ Գի­տեմ, յա­ճախ խորհր­դակ­ցե­ցանք բամ­բա­սան­քի մա­սին, բայց ի՛նչ ը­նենք, որ ա­մէն օր մե­զի հետ է ան՝ որ­քան որ հե­ռու մնալ կը ջա­նանք ան­կէ, կար­ծես յա­մա­ռօ­րէն կը հե­տապն­դէ մեզ, վա­րա­կիչ, փո­խան­ցիկ հա­մա­ճա­րակ հի­ւան­դու­թեան մը պէս կը տա­րա­ծուի մեր շուր­ջը, ա­ւե­րիչ ազ­դե­ցու­թեա­նը տակ առ­նե­լով ամ­բողջ մեր կեան­քը։

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2015

Պէ­յօղ­լուի Ս. Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ տեղի ու­նե­ցաւ նո­րոգ հան­գու­ցեալ Լե­ւոն Կի­սա­սար­կա­ւագ Քի­րէ­միտ­ճեա­նի յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2015

Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Նի­քո­լայ Պոր­տիու­ժա ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2015

Ե­րե­ւա­նի մօտ Եւ­րո­միու­թեան ա­ռա­քե­լու­թեան ղե­կա­վար Թրա­յան Խրիս­տէա ար­դէն կ՚ա­ւար­տէ իր ա­ռա­քե­լու­թեան ժամ­կէ­տը Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2015

Պել­ժիոյ Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ժո­ղո­վը ե­րէ­կուան իր լիա­գու­մար նիս­տին ըն­թաց­քին միա­ձայ­նու­թեամբ ըն­դու­նեց հայ­կա­կան այն բա­նա­ձե­ւը, որ եր­կու շա­բաթ ա­ռաջ հա­ւա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցած էր Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վին կող­մէ եւ օր մը ա­ռաջ ալ ա­նոր մա­սին քննար­կում­ներ տե­ղի ու­նե­ցած էին լիա­գու­մար նիս­տի ըն­թաց­քին։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2015

​Փոփով յոյս ունի ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի աշխուժացման համար:
Սերժ Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ պատրաստակամութիւն յայտնած են նոր հանդիպման մը ուղղութեամբ:

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2015

«Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» եւ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները երէկ օրուան երկրորդ կէսէն սկսեալ թիրախը դարձան Թուրք զինեալ ուժերուն, որ օդէն ու ցամաքէն ռմբակոծումներ կ՚իրականացնէ ամենայն սաստկութեամբ:
Տաղի սահմանային պահակակէտին մօտ ենթասպայի մը նահատակուելէն վերջ բանակը անմիջապէս շարժման անցաւ՝ դէպի Սուրիոյ սահմանը լայնածաւալ կրակ բանալով: Անգարայի մէջ տեղի ունեցած Անվտանգութեան գագաթաժողովէն վերջ, կէս գիշերին սկսան օդային գործողութիւնները:
Թուրքիա հաւանութիւն տուաւ, որպէսզի ԱՄՆ օգտագործէ Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը: Սահմանին վրայ թռիչքներու համար փակ գօտի մը կը ստեղծուի:

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Թուր­քիա նուրբ հա­ւա­սա­րաշ­ռու­թիւն­ներ հա­շուի կ՚առ­նէ իր տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ։ Քա­նի մը տա­րիէ ի վեր երկ­րի սահ­ման­նե­րուն վրայ ստեղ­ծուած է ծայր աս­տի­ճան մտա­հո­գիչ ի­րադ­րու­թիւն մը։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2015

Մար­սէյ­լի մէջ, Շրջա­նա­յին խոր­հուր­դի ամ­փի­թատ­րո­նի եր­դի­քին տակ վեր­ջերս բա­նա­խօ­սու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ տեղ­ւոյն Սա­հակ-Մես­րոպ երգ­չա­խում­բի խմբա­վար Խա­չիկ Եըլ­մա­զեան։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ի­մաս­տու­թեամբ գոր­ծել, մար­դուս վստա­հու­թիւն կը ներշն­չէ, եւ ի­մաս­տուն մար­դը ի վեր­ջոյ կը հաս­նի իր նպա­տա­կին կամ ձեռք կ՚ան­ցը­նէ այն՝ ի՛նչ որ մտադ­րած է ու­նե­նալ։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ «Պա­քուի ջար­դեր. 1905 թուա­կան» գրքին շնոր­հան­դէ­սը։ 20-րդ դա­րաս­կիզ­բին Պա­քուի նա­հան­գա­պետ ե­ղած Ա­լեք­սանտր Նո­վի­քո­վի անձ­նա­կան օ­րագ­րու­թեան մէջ ար­ձա­նագ­րուած պատ­մա­կան փաս­տե­րու վե­րահ­րա­տա­րա­կու­թիւնն է այս գոր­ծը, որ լոյս կը սփռէ այդ ժա­մա­նակ Պա­քուի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն վրայ։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րէ ներս գոր­ծող «Ռա­տիօ Այգ»ի հիմ­նա­դիր Շա­քէ Ման­կա­սա­րեանն ու իր քոյ­րե­րը՝ Սե­դա եւ Լու­սին Ման­կա­սա­րեան­նե­րը։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2015

Մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ, հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն մը ձե­ւա­ւո­րե­լու ուղ­ղեալ ո­րո­նում­նե­րուն շրջագ­ծով այ­սօր ա­ռա­ջին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը տե­ղի կ՚ու­նե­նան ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան եւ ՃՀՓ­-ի պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ, գլխա­ւո­րու­թեամբ Էօ­մէր Չե­լի­քի եւ Հա­լուք Քո­չի։

Էջեր