Արխիւ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի հայկական համագումարի հոգաբարձուներու խորհուրդի համանախագահ Վան Գրիգորեանը։ Հարկ է նշել, որ Վան Գրիգորեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։
Հայաստանի մէջ ելեկտրական ուժանիւթի սակագինի բարձրացման հարցին բերումով ստեղծուած բողոքի ալիքը կը շարունակուի։ «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան կողմէ բարձրացուած աղմուկը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել երկրին օրակարգը։ Ներկայիս այդ նախաձեռնութիւնը վերանուանուած է որպէս «Ոտքի՛ Հայաստան»։
Ստեփանակերտի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ շփման գծին վրայ իրավիճակը տակաւ կը սրուի:
Արցախի ղեկավարութիւնը տարակարծութիւն յայտնեց Ճէյմս Ուորլիքի վերջին յայտարարութիւններուն շուրջ:
Իրանի Մշակոյթի եւ իսլամական առաջնորդման նախարար Ալի Ճանաթի վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրնկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան իրանցի իր պաշտօնակցին հետ քննարկեց երկու երկիրներու մշակութային համագործակցութեան հեռանկարներուն վերաբերեալ զանազան հարցեր։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը թելադրած է առկախել «Թռչնոց բոյն»ի գերեզմաններու փոխադրութեան ծրագիրը։ «Ասպարէզ» օրաթերթի հաղորդումներով, «Թռչնոց բոյն»ի խնամակալութեան ատենապետուհի Սեդա Խտըշեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ որոշուած է առկախել գերեզմանատուներու փոխադրման ծրագիրը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պոլսոյ մեր աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Պոլսոյ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս շաբաթավերջին պիտի այցելէ Լիբանան, ուր պիտի մասնակցի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կատարուելիք միւռոնօրհնէքի արարողութեան: Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդին այս հանգրուանին Անթիլիաս այցելելու հանգամանքը մէկէ աւելի առումներով կարեւոր կը համարուի:
Համախոհական կառավարութիւն մը ձեւաւորելու որոնումներուն շրջագծով աւարտեցաւ միջկուսակցական շփումներուն առաջին փուլը:
ՀՏՓ պատրաստակամութիւն յայտնեց դուրսէն խրախուսելու՝ ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի հաւանական համագործակցութիւնը:
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ շքանշաններու յանձնման արարողութիւն մը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ այս արարողութիւնը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր երաժշտական աշխարհի համակրելի անուններէն Գէորգ Դաւիթեան նշանակուած է Իսթանպուլի Պետական օփերայի եւ պալէի տնօրէն, ինչ որ արձագանգ գտած է նաեւ տեղական մամուլին մօտ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իմաստութիւն է՝ նախ խորհիլ եւ յետոյ խօսիլ։ Իսկ անխոհեմութիւն է՝ առանց դատելու, կշռելու խօսիլ։ Իրաւ է, որ խօսքը միտքը, մտածումը կը յայտնէ, բայց խօսքին ու խօսածին ուշադիր ըլլալ՝ կենցաղավարական պահանջք մըն է, որ կ՚ենթադրէ յարգել դիմացինին, խօսակիցին անձը եւ մանաւանդ խուսափիլ արժանապատուութիւն վիրաւորելէ։
«Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան անդամները դարձեալ վերադարձան Երեւանի կեդրոնի փողոցները:
Կը պահանջուի ոստիկանները ենթարկել պատասխանատուութեան: Այսօր եւս տեղի կ՚ունենան ցոյցեր:
Անգարայի մէջ կը շարունակուին համախոհական կառավարութիւն մը կազմելու ուղղեալ միջկուսակցական շփումները:
Տավուտօղլու-Պահչելի տեսակցութեան ընթացքին առաջին փուլին լուրջ ազդանշաններ չտրուեցան ԱՔ կուսակցութեան եւ ՄՀՓ-ի համագործակցութեան համար:
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հիւրընկալեց սփիւռքահայ կրթական մշակներ, որոնք վերապատրաստման դասընթացքներու կը մասնակցին Հայաստանի մէջ։ Վաթսուներկու հոգիէ բաղկացեալ այս խումբին հետ Նորին Սրբութիւնը մէկտեղուեցաւ Մայրավանքի տարածքի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի դահլիճի յարկին ներքեւ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ո՜վ գիտէ որքան բարիք, որքան գեղեցկութիւն կ՚անտեսենք՝ որոնք կը գտնուին մեր շուրջը, անմիջապէս մեր մօտը, եւ մեր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնենք աւելի չարիքներու, տգեղութիւններու։ Եւ աւելի ցաւալին՝ սուտը, սխալը անմիջապէս կը հրապուրէ մեզ, բայց ճշմարիտը, շիտակը կը վրիպի մեր ուշադրութենէն։
«Սփիւռք ամառնային դպրոց-2015» ծրագրի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը վերջերս տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, մասնակցութեամբ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի։ Երեւանի Պետական համալսարանի մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւնը, որ համախմբեց այս տարուան ծրագրին մասնակից 126 սփիւռքահայ կրթական մշակներ, որոնք Երեւան մեկնած են Ռուսաստանէն, Ուքրայնայէն, Վրաստանէն, Լիբանանէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Ռումանիայէն, Իտալիայէն, Սպանիայէն եւ Չախիայէն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Օրեր առաջ համացանցի վրայ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ խումբ մը մելգոնեանցիներու խմբագրած բաց նամակը ուղղուած Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանին: Անցնող տարիներուն մէկէ աւելի առիթներով խօսուած է նախկին մելգոնեանցիներու համախմբման մասին:
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրի հիման վրայ, Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար Յովհաննէս Մանուկեան երէկ ազատուեցաւ իր պաշտօնէն։
Երէկ երեկոյեան Թաքսիմի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ իֆթարի հաւաքոյթ մը, որուն մասնակցեցաւ շուրջ երկու հազար հոգի։ Պէյօղլուի քաղաքապետարանին կողմէ պատրաստուած էր այս սեղանը, որ դարձած է աւանդական։
Պաքուի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ առաջնորդուիլ արմատական տրամադրութիւններով եւ իր սադրիչ քաղաքականութեամբ կը փորձէ լարուածութիւնը պահել բարձր մակարդակի վրայ։ Երէկ այս առումով ապրուեցաւ յատկանշական իրադարձութիւն մը։
Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ գոյացած միջազգային համաձայնութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Երէկ, Վիեննայի մէջ, Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան այս համաձայնութեան կապակցութեամբ։