ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՆԴԷՍ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը, ինչ որ մեծ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ կրթօճախէն ներս։ Յայտագրի սկիզբին մանկապարտիզպանուհի Նաթալի Մուհթարեան արտասանեց ողջոյնի խօսք մը։ Աւելի վերջ փոքրիկները գործադրեցին իրենց յայտագիրը, որով արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու։ Վերջաւորութեան տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Մանկապարտէզի փոքրիկները ստացան իրենց վիճակացոյցները եւ յանուն ծնողաց միութեան Սեդա Պէշիկթաշլեան նուէրներ բաժնեց անոնց։
Հուսկ հատուեցաւ կարկանդակ մը եւ յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին ալ մանկապարտէզի փոքրիկները ջերմօրէն շրջապատուեցան բոլորին կողմէ։