Արխիւ
Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանին կողմէ Տողու Փերինչէքին վերաբերեալ արձակուած վճիռը արձագանգ ստեղծած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մէջ տեղի կ՚ունենայ «Հայոց ցեղասպանութիւն-100. ճանաչումէն հատուցում» խորագրեալ միջազգային գիտաժողովը։
Բեմադրիչ Տենիզ Էօզտէն, որ «Մրցումի մը օրագրութիւնը» խորագրեալ կարճ ժապաւէնով ազգային ու միջազգային փառատօններու մէջ նուաճած էր տասնչորս մրցանակներ, այս օրերուն հանրութեան կը ներկայանայ իր փաստավաւերագրական առաջին աշխատանքով։
Դասական երաժշտութեան «Վերադարձի փառատօն»ը, որ պիտի կայանայ ութերորդ անգամ, լեցուն պիտի ըլլայ առաջին անգամ ներկայացող ստեղծագործութիւններով։
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց Միջազգային կրօնական ազատութիւններու ամենամեայ զեկոյցը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քահանայի ընտրութեան եւ քահանայի յատկութիւններու մասին երբ օրէնքներու եւ կանոններու համաձայն կը խօսինք, կարեւոր է նաեւ օրէնքներու եւ կանոններու մեկնաբանութեան հարցը։ Արդարեւ ո՛չ մէկ օրէնք եւ ոչ մէկ կանոն միայն տառացիօրէն մեկնաբանել եւ կիրարկել կարելի չէ, այլապէս անիրաւութիւններու եւ սխալ գործադրութիւններու առիթ կը տրուի։
Իսթանպուլի Ապահովութեան տնօրէնի օգնական Ճենկիզ Տեմիրճան, Ֆաթիհի Ապահովութեան տնօրէն Հաքան Եըլմազ եւ Մուհիտտին Եէթիշ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու մէկտեղուեցաւ համայնքներու ներկայացուցիչներու հետ:
Յանուն Պատրիարքական Աթոռին հանդիպման ներկայ էր Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպսկ. Աթէշեան:
«Պոյալը քուշ» թատերախումբը, որ կը նշէ իր հիմնադրութեան 15-րդ տարեդարձը, ֆրանսացի յայտնի երգչուհի Էտիթ Փիաֆի 100-րդ ծննդեան տարեդարձին առթիւ կը հիւրընկալէ «Էտիթ Փիաֆ-Մարսէլ» խորագրեալ երաժշտական մենախաղը։
ԵՄԻԱ-ի Մեծ պալատը երէկ արձակած վճիռով արդարացուց Տողու Փերինչէքի մօտեցումները:
«Վաթան» կուսակցութեան ղեկավարը յաղթական դուրս եկաւ Զուիցերիոյ դէմ ձեռնարկած դատական պայքարէն, որու արդիւնքը նոր հարթութիւն մը կրնայ բնորոշել Եւրոպայի մէջ հայկական հարցին նկատմամբ ընդհանուր վերաբերմունքին տեսանկիւնէն: Հայաստանի Հանրապետութեան Աւագ դատախազութիւնը տեղեկացուց, որ բաւարարուած են իր բոլոր պահանջները՝ որպէս երրորդ կողմ: Պեռնի ղեկավարութիւնը վաղահաս կը նկատէ մեկնաբանութիւնները:
Թրքահայ մամուլին եւ այժմու համայնքային կեանքին վերաբերեալ հետաքրքրական ձեռնարկ մը Սէն-Ժերվէ թատրոնի համալիրէն ներս կազմակերպուած «Ֆրակմաններու» ցուցահանդէսին շրջագծով երէկ երեկոյեան ելոյթով մը հանդէս եկան Արա Գօչունեան եւ Բագրատ Էսդուգեան: Վիգէն Չեթերեանի ղեկավարած հաւաքոյթին ընթացքին կարծիքի վառ փոխանակումներ տեղի ունեցան մանաւանդ հարցում-պատասխանի բաժնին տեւողութեան
Գերմանիոյ վարչապետը այս շաբաթավերջին Թուրքիա պիտի այցելէ՝ միջազգային բարդ իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ:
Էրտողան եւ Մերքէլ բանակցութիւններ պիտի վարեն փախստականներու ճգնաժամը յաղթահարելու միտուած Եւրոմիութեան ծրագիրներուն շուրջ:
Սեւան Տէյիրմենճեան Պէյրութի մէջ մասնակցեցաւ Համազգայինի կազմակերպած ձեռնարկին:
«Լիբանանահայութեան եւ պոլսահայութեան իրականութեան պատկերացումը գրականութեան մէջ»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Այսօր կ՚ուզենք խօսիլ «քահանայի ընտրութեան եւ յատկութիւններ»ուն մասին՝ յենակէտ ունենալով բոլորովին օրինական տուեալ եւ տրամադրութիւնները Հայոց Եկեղեցական Իրաւունքին։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Նախիջեւան տանող ճանապարհին, ուր Հայաստանի բնութիւնը կատարեալ գեղեցկութեան պատկերներ կը գծագրէ, Երեւանէն 120 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ, Արփա գետի ձախ ափին հայոց երկրի սահմաններէն մէկն է՝ Խաչիկ գիւղը:
Գարակէօզեան Տան տնօրէնութիւնը ներկայ կրթական շրջանին եւս ջանքեր կը գործադրէ, որպէսզի աշակերտութիւնը հաղորդ դառնայ գեղարուեստի։ Դպրոցի պատասխանատուները ընկերամշակութային զանազան ծրագրեր կը կազմակերպեն, որպէսզի տղաքը հնարաւորութիւն ունենան գեղարուեստական արժէքներու հետ շփուելու։
Աւստրիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Աւստրիոյ գրասենեակը համատեղ կազմակերպած են բարեգործական համերգ մը՝ ի աջակցութիւն Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմէն տուժած հայ համայնքին:
Ռուսահայ յայտնի գործարար եւ ազգային գործիչ Արա Աբրահամեան պիտի հիմնէ կուսակցութիւն մը եւ պիտի մասնակցի Հայաստանի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Հայկական քաղաքական շրջանակներէն ներս Արա Աբրահամեանի այս մտադրութեան կամ ծրագրին մասին երկար ժամանակէ ի վեր շրջանառութեան մէջ կը գտնուէին լսումներ։
Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) 27-րդ պատգամաւորական ընդհանուր ժողովը պիտի գումարուի 19-23 Նոյեմբեր 2015 թուականին, Արժանթինի մայրաքաղաքը՝ Պուէնոս Այրէսի մէջ։
Հայկական հանրագիտարանի խմբագրութիւնը լոյս ընծայեց նոր եւ հետաքրքրական գործ մը։ Այսպէս, հրատարակուեցաւ «Հայ գրատպութիւն եւ գիրքարուեստ» խորագրեալ հանրագիտարանը։

