ՔԱՀԱՆԱՅԻ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ - Ա -

Այ­սօր կ՚ու­զենք խօ­սիլ «քա­հա­նա­յի ընտ­րու­թեան եւ յատ­կու­թիւն­ներ»ուն մա­սին՝ յե­նա­կէտ ու­նե­նա­լով բո­լո­րո­վին օ­րի­նա­կան տուեալ եւ տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցա­կան Ի­րա­ւուն­քին։

Լուրջ եւ նոյն­քան պա­տաս­խա­նա­տու ծա­ռա­յու­թիւն մըն է քա­հա­նա­յա­գոր­ծու­թիւ­նը՝ որ կը պա­հան­ջէ կարգ մը ան­հա­տա­կան յատ­կու­թիւն­ներ, եւ նաեւ բարձր ար­ժա­նիք, ինչ­պէս՝ անձ­նուի­րու­թիւն, նուի­րա­կա­նու­թիւն, զո­հո­ղու­թեան ո­գի, ան­շա­հախնդ­րու­թիւն, սուրբ կեանք, հա­մես­տու­թիւն, խո­նար­հու­թիւն, չա­փա­ւո­րու­թիւն, մար­դա­սի­րու­թեան ան­կեղծ զգա­ցում, ծա­ռա­յա­սի­րու­թիւն եւ բո­լոր ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը՝ ո­րոնք կ՚ազ­նուաց­նեն մարդս։ Այս ի­մաս­տով քա­հա­նա­յի թեկ­նա­ծու մէ­կը՝ ընտ­րու­թեան ներ­կա­յա­ցող, խնդրար­կու ան­ձը պէ՛տք է ա­ռա­ւե­լու­թիւն­ներ ու­նե­նայ հա­սա­րակ մար­դոց նկատ­մամբ, քա­նի որ ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ ան «տի­պար» պի­տի կանգ­նի ու­րիշ­նե­րուն, օ­րի­նակ՝ ժո­ղո­վուր­դին։

Ու­րիշ ա­ռի­թով խորհր­դա­ծած էինք, թէ՝ գոր­ծին մէջ մաս­նա­գէտ մէ­կը երբ օգ­տա­կար ըլ­լալ կը թուի իր նման­նե­րուն, իր մաս­նա­գի­տու­թեան չափ իր անձ­նա­կան կեան­քը, նկա­րա­գի­րը, բա­րո­յա­կանն ալ պէտք է նկա­տի առ­նուի, քա­նի որ կա­րե­ւոր դեր կը խա­ղան ա­նոնք ալ մար­դու մը ար­ժա­նի­քը չա­փե­լու մէջ։

Մարդ մարմ­նով, միտ­քով եւ հո­գիով ամ­բողջ մըն է։

Այս բո­լո­րը ա­ւե­լի եւս խնդրոյ ա­ռար­կայ է քա­հա­նա­յին հա­մար։ Ե­թէ ո՛չ «կա­տա­րեալ», ան­թե­րի, բայց կա­տա­րե­լու­թեան մօտ եւ ան­թե­րի նկա­րա­գիր մը պայ­մա՛ն է քա­հա­նա­յի մը ընտ­րու­թեա­նը հա­մար։

Նաեւ մարդ իր ան­ցեա­լով ու ներ­կա­յով ամ­բողջ մըն է, իսկ ա­պա­գա­յի մա­սին իր մտադ­րու­թիւն­ներն ու ծրա­գիր­նե­րը կը կազ­մեն ա­նոր ընդ­հա­նուր նկա­րա­գի­րը եւ բո­լոր ե­րե­սակ­նե­րով՝ իս­կա­կան «անձ»ը։

Քա­հա­նա­յի մը ընտ­րու­թեան ա­ռա­ջար­կը ըն­դու­նող­ներ ալ նոյն­քան պա­տաս­խա­նա­տու են ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դին եւ ա­պա­գա­յին նկատ­մամբ։ Կա­նո­նա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­ներ ա­ռանց նկա­տի ու­նե­նա­լու քա­հա­նա­յա­կան ընտ­րու­թեան ա­ռա­ջարկ­նե­րը ըն­դու­նող­ներ պա­տաս­խա­նա­տո՛ւ են ա­պա­գա­յին հան­դէպ։

Ու­րեմն տես­նենք, թէ ի՛նչ կը պա­հան­ջէ Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցա­կան Ի­րա­ւուն­քը քա­հա­նա­յի ընտ­րու­թեան եւ յատ­կու­թիւն­նե­րուն մա­սին։

Ա­ռա­քե­լա­կան 22 եւ 20 կա­նոն­նե­րը խստիւ կ՚ար­գի­լեն ներ­քի­նիա­ցած­նե­րը քա­հա­նայ ձեռ­նադ­րե­լը։ («Ներ­քի­նալ» կը նշա­նա­կէ՝ սե­ռազր­կուիլ, ա­մոր­ձա­տուիլ)։­

Իսկ Պօ­ղոս ա­ռա­քեալ կը խօ­սի «երկ­րորդ ան­գամ պսա­կուած»նե­րու մա­սին. «Ո­րով­հե­տեւ ես պի­տի ու­զէի որ ա­մէն մարդ ին­ծի պէս ապ­րէր, բայց Աս­տուած ի­ւա­քան­չիւ­րին ի­րեն յա­տուկ շնորհք մը տուած է. մէ­կուն՝ այս­պէս ապ­րե­լու շնորհք, միւ­սին՝ այն­պէս» (Ա ԿՈՐՆԹ. Է 7)։

­Պօ­ղոս ա­ռա­քեալ կը թոյ­լատ­րէ «երկ­րորդ պսակ»ը, բայց ող­ջա­խո­հու­թեան կա­նոն­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան կը հա­մա­րէ երկ­րորդ ան­գամ չպսա­կուի­լը, եւ այդ հի­ման վրայ կը պա­հան­ջէ, որ քա­հա­նայ մը մէկ ան­գամ պսա­կուած ըլ­լայ. «… մէկ կնոջ ա­մու­սին…» (Ա ՏԻ­ՄՈԹ. Գ 2), եւ. «Ե­րի­ցու­թեան թեկ­նա­ծուն պէտք է ան­մե­ղադ­րե­լի ըլ­լայ, մէկ կնոջ այր ըլ­լայ…» (ՏԻ­ՏՈՍ. Ա 6)։­

Եւ այս հի­մամբ Բ առ. 17 կա­նո­նը ո­րո­շած է դրա­կա­նա­պէս. «Ով որ մկրտու­թե­նէն յե­տոյ եր­կու ան­գամ պսա­կով կա­պուած ըլ­լայ, կամ հարճ ու­նե­նայ, ան չի՛ կրնար ե­րէց, սար­կա­ւագ եւ քա­հա­նա­յա­կան կար­գի ան­դամ ըլ­լալ»։­

Ա­ւե­լի վերջ, երկ­րորդ պսա­կը սկսաւ օրհ­նուիլ ա­ռա­ջին պսա­կի նման եւ ա­պաշ­խա­րան­քի են­թար­կե­լը վեր­ցաւ։

Նէո­կե­սա­րիա­յի Տե­ղա­կան Ժո­ղով (314-315). (Կա­նո­նա­գիրք Հա­յոց Ա հա­տոր, էջ 575-578)։

«Քա­հա­նան ե­թէ ձեռ­նադ­րու­թե­նէն ա­ռաջ կը խոս­տո­վա­նի իր մե­ղան­չած ըլ­լա­լը, ան իր քա­հա­նա­յա­կան պա­տի­ւը կը պա­հէ, բայց կը զրկուի քա­հա­նա­յա­գոր­ծե­լէ։ Ինչ­պէս կ՚ը­սեն. ձեռ­նադ­րու­թիւ­նը կը սրբէ ա­նոր միւս մեղ­քե­րը։ Իսկ ե­թէ իր մեղ­քը չի խոս­տո­վա­նիր եւ ո­րե­ւէ կեր­պով չ՚ամ­բաս­տա­նուիր, ան իր խղճին տէ՛րն է՝ կամ քա­հա­նա­յու­թիւն կ՚ը­նէ կամ կը հրա­ժա­րի»։

(ԺԴ կա­նոն՝ Բ ա­ռա­քե­լա­կան 25, 61, Նի­կիա­յի Ա 2, 9, 10, Բար­սե­ղի 27, 89)։

­Քա­հա­նա­ներ պէտք չէ հա­մար­ձա­կին ա­պաշ­խա­րու­թեան խոր­հուր­դը վա­ճա­ռա­կա­նու­թեամբ կա­տա­րել. հա­պա ձրի խրա­տե­լով եւ դաս­տիա­րա­կե­լով, ու­սու­ցա­նե­լով։

Այս կա­նո­նը կ՚են­թադ­րէ, որ ե­կե­ղե­ցիի խոր­հուրդ­նե­րու կա­տար­ման հա­մար քա­հա­նա­նե­րը «տուր­քեր» ստա­ցած են, մին­չեւ այ­սօր ալ խոս­տո­վա­նու­թիւ­նը եւ հա­ղոր­դու­թիւ­նը ձրի կը բաշ­խուի եւ կը կա­տա­րուի. իսկ պսա­կի, մկրտու­թեան, ձեռ­նադ­րու­թեան եւ միւս ծէ­սե­րու՝ թաղ­ման, տնօրհ­նէ­քի եւ այլն, տուրք կը տրուի կա­մա­ւոր կեր­պով։

Ե­թէ քա­հա­նան հա­մար­ձա­կի ո­րե­ւէ խոս­տո­վա­նու­թիւն ու­րի­շին հա­ղոր­դել, կար­գա­լոյծ կ՚ըլ­լայ նզով­քով եւ ա­մէն բա­նով կը զրկուի քա­հա­նա­յա­կան ժա­ռան­գու­թիւն­նե­րէն։

9-րդ յօ­դուա­ծին մէջ ալ կը պատ­ժուէր քա­հա­նան՝ զկրե­լով քա­հա­նա­յա­կան ժա­ռան­գու­թիւն­նե­րէն, ինչ որ կը նշա­նա­կէ՝ թէ պատ­ժուո­ղը կը զրկուի նիւ­թա­կան օ­գուտ­նե­րէ՝ ե­կե­ղե­ցա­կան ե­կա­մուտ­նե­րէն եւ ի­րենց տու­նէն քա­հա­նա­յա­կան կարգ ու քա­հա­նայ ձեռ­նադ­րել տա­լու ի­րա­ւուն­քէն եւ ար­տօ­նու­թե­նէն։ Թէեւ քա­հա­նա­յա­կան կար­գի ժա­ռան­գու­թիւն գո­յու­թիւն կա­րե­լի չէ ու­նե­նալ ե­կե­ղե­ցիի կար­գադ­րու­թիւն­նե­րու մէջ, քա­նի որ միա՛յն ար­ժա­նա­ւո­րու­թեամբ քա­հա­նայ կ՚ընտ­րուին եւ ո՛չ ժա­ռան­գու­թեամբ, բայց ո­րով­հե­տեւ քա­հա­նա­նե­րու որ­դի­նե­րը փոքր տա­րի­քէն քա­հա­նա­յի ձեռ­քի տակ կրթուած եւ իբ­րեւ բուր­վա­ռա­կիր ա­նոր հետ շրջե­լու վար­ժուած են ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու մէջ, ուս­տի եւ ընտ­րու­թիւն­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս կը կա­տա­րուէին քա­հա­նա­նե­րու որ­դի­նե­րէն։ Այս կար­գը տե­սակ մը «ժա­ռան­գա­կան սո­վո­րու­թիւն» դար­ձեր էր՝ քա­հա­նա­յու­թեան որ­դիէ որ­դի ան­ցե­լու սո­վո­րու­թիւն մը…։

Գէորգ Դ.-ի Կա­նոն­նե­րը (1866-1882)։

­Գէորգ Դ. տես­նե­լով քա­հա­նա­նե­րու ընտ­րու­թեան ան­կա­նոն ըլ­լա­լը 1868 թուա­կա­նին՝ 21 Դեկ­տեմ­բե­րին 562 հա­մա­րով կոն­դակ ար­ձա­կե­լով հրա­մա­յեց ան­խախտ պա­հել կա­նոն­-նե­րը՝ ո­րոնք ցրուեց որ­պէս հրա­հան­գու­թիւն։

Ըստ այս կա­նոն­նե­րու՝ ե­պիս­կո­պոս­նե­րէ ոչ մէ­կը պի­տի չհա­մար­ձա­կի քա­հա­նայ ձեռ­նադ­րել ա­նար­ժան մար­դիկ կա­շառ­քով, մեր նախ­նի­նե­րուն հե­տե­ւե­լով՝ մին­չեւ վերջ կը դա­տա­պար­տենք ար­ծա­թա­սէր ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րը (Բ ա­ռա­քե­լա­կան 29, Սսի 1, Լուս. 26)։­

Ո՛չ ոք չհա­մար­ձա­կի քա­հա­նայ դառ­նալ ա­ռանց ե­կե­ղե­ցիի ընտ­րու­թեան, այ­սինքն՝ քա­հա­նա­նե­րու եւ ժո­ղո­վուր­դի, այն ալ ո՛չ կողմ­նա­պա­հու­թեամբ եւ կամ ա­չա­ռու­թեամբ, հա­պա հան­րադ­րու­թեամբ, որ պի­տի ներ­կա­յաց­նեն վի­ճա­կա­յին ա­տեա­նին (Լաւ. 13, Սար. 6, Շահ. 16, Դ Դւ. 9, 10, Սիս. 1, 3, Ե­րուս. 3, 9)։

­Վի­ճա­կա­յին ա­տեա­նը, ստա­նա­լով հան­րա­գի­րը, պէ՛տք է քննէ նախ ըն­ծա­յեա­լը ու­նի՞ Սուրբ Գրքի հմտու­թիւ­նը եւ ուղ­ղա­փառ հա­ւատ, երկ­րորդ ու­նի՞ իր աս­տի­ճա­նի հա­մա­պա­տաս­խան բա­րո­յա­կա­նու­թիւն ժո­ղո­վուր­դին օ­րի­նակ ըլ­լա­լու հա­մար։

Քա­հա­նա­նե­րու որ­դի­նե­րը, ո­րոնք ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու կար­գին են գրուած, օ­րի­նա­կե­լի վարք ու բար­քի տէր մար­դիկ պէտք է ըլ­լան՝ ու­սում­նա­սէր եւ ե­կե­ղե­ցա­սէր (Ներ­սէս Ե. Սահ 23)։

­Ծեր քա­հա­նա­նե­րը, ո­րոնք ըն­չա­սի­րու­թեան եւ ա­գա­հու­թեան պատ­ճա­ռով չեն թո­ղուր քա­հա­նա­յա­գոր­ծու­թիւ­նը, ո­րը ան­կա­տար ձե­ւով կը կա­տա­րեն զգա­յա­րան­նե­րու թու­լու­թեան պատ­ճա­ռով, հե­տե­ւե­լով նախ­նի­նե­րու գրած օ­րէնք­նե­րուն, ա­նոնք կը զրկուէին քա­հա­նա­յա­գոր­ծու­թե­նէ եւ ա­նոնց փո­խա­րէն կը նշա­նա­կուէր նոր քա­հա­նա­ներ, ո­րոնք կը ստա­նա­յին ծխա­կան հա­սոյթ­նե­րուն մէկ մա­սը՝ 3 մա­սը թո­ղե­լով ծե­րա­ցած քա­հա­նա­յին։

Նո­րըն­ծայ քա­հա­նա­նե­րը քա­ռա­սուն­քը ան­խա­փան պի­տի պա­հեն։ Մեր ե­կե­ղե­ցա­կան կար­գով 3 քա­ռա­սունք պի­տի պա­հեն՝ գի­շեր ու ցե­րեկ ե­կե­ղե­ցին ա­ղօ­թե­լով եւ պահք պա­հե­լով։ Ա­ռա­ջին քա­ռա­սուն­քին ծո­մա­պա­հու­թիւն պի­տի կա­տա­րեն օ­րը մէկ ան­գամ պահ­քի կե­րա­կուր ու­տե­լով։ Երկ­րորդ քա­ռա­սուն­քին միայն կաթ­նե­ղէն, ձկնե­ղէն եւ ձուե­ղէն, կա­րե­լի է տուն եր­թալ եւ ճա­շել ու ե­կե­ղե­ցի գալ յե­տոյ։ Եր­րորդ քա­ռա­սուն­քին միս կա­րե­լի է ու­տել Կի­րա­կի օ­րե­րը։ Այս է մեր նախ­նա­կան կար­գը եւ այս­պէս ալ պէտք է վա­րուիլ (Քա­ռա­սուն­քի մա­սին այս­պի­սի խիստ կա­նոն­ներ մեր ե­կե­ղե­ցա­կան կա­նոն­նե­րուն մէջ չկա՛յ. այս կա­նո­նը առ­նուած է Փի­լիպ­պոս ա­ռա­քեա­լի կա­նոն­նե­րէն, Փիլ. 1)։

­Նախ­նի­նե­րու սահ­մա­նած կար­գը ճշդու­թեամբ պի­տի կա­տա­րեն ա­մուս­նա­ցեալ քա­հա­նա­ներ, որ պա­տա­րա­գէն ե­րեք օր ա­ռաջ եւ ե­րեք օր յե­տոյ ե­կե­ղե­ցին պի­տի մնան սրբու­թեամբ, ա­ղօթ­քով եւ հե­ռու մնա­լով ա­մուս­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րէն (Թա­դէոս 12 կ.)։

­Քա­հա­նա­ներ հնա­զան­դող ըլ­լա­լու են ա­մե­նայն օ­րի­նա­ւոր ա­ռա­ջար­կու­թիւն­նե­րուն ա­ւագ քա­հա­նա­յին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպ­տեմ­բեր 14, 2015, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2015