Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Թշնամիները սիրելու կամ անոնց օգտակար ըլլալու մասին, որեւէ մէկ բան գրուա՞ծ է Հին կտակարանին մէջ:
Պատասխան. Առակացին մէջ կը կարդանք. «Եթէ թշնամիդ անօթի է, անոր հաց կերցուր ու եթէ ծարաւ է, անոր ջուր խմցուր» (Առ 25.21):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ֆիզիքական կեանքի պարտքը կը համապատասխանէ հոգեկան կեանքի մեղքին։ Այս իմաստով՝ մարդ ամէն անգամ որ պարտազանց կ՚ըլլայ, մեղքի մէջ կը թաղուի եւ, ընդհանուր առումով, այն ինչ որ պարտազանցութեան հետեւանք է, «չար» եւ չարիքի գաղափարի ամենապարզ բացատրութիւնը ա՛յս է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Նախորդ բոլոր հարցերուն վերջնական անուն մը, լուծում մը չտուած, կու գանք 2025 թուականին գտնելու հետեւեալ հարցերուն պատասխանները.
Ա.- Ո՞ւր է այսօր սփիւռքը:
Բ.- Ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ սփիւռքի մէջ։
Քրիստոնէից միութեան ուղղեալ Միջեկեղեցական աղօթքի շաբաթը արդէն ընթացքի մէջ է։ Նկատի ունենալով, որ ներկայ 2025 թուականը կը համընկնի Նիկիոյ առաջին Տիեզերական ժողովի 1700-ամեակին՝ այս տարուան Միջեկեղեցական աղօթքի շաբթուան կարգախօսն է՝ «Հաւատամք ի մի Աստուած»։
Էսաեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին տեղեկութիւններ տրուեցան Պատրիարքական Աթոռին կողմէ հովանաւորուած եւ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ խրախուսուած ծրագրի մը մասին։
Շաբաթավերջին հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւընկալելու Ֆէրիգիւղի սանուց միութենէն Կիւլիզար Տեմիրն ու Կարպիս Շիմշէքը։ Զրոյցի ընթացքին անոնք տեղեկացուցին, որ սանուց միութեան մէջ նախատեսուած է ներկայացումներու շարք մը՝ ի յիշատակ լուսահոգի Վահրիճ Կիւլէրի։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կատարուեցաւ աղօթք՝ Պաքուի մէջ ի պահ դրուած հայ պատանդներու եւ գերիներու համար։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին օրերուն Պաքուի մէջ սկսան՝ մանաւանդ Արցախի գերեվարեալ նախկին ղեկավարներու դատավարութիւնները, որոնք բողոքի լուրջ ալիք մը յառաջացուցին հայկական հանրային կարծիքին մօտ։
Մոսկուայի եւ Թեհրանի միջեւ վերջին օրերուն ստորագրուած ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերեալ փաստաթուղթի արձագանգները կը շարունակուին։
Անգարա-Երեւան բնականոնացման գործընթացին մթնոլորտին մէջ զանազան դրական դրսեւորումներ տեղի կ՚ունենան զանազան ուղղութիւններով։ Հայաստան երէկ Թուրքիա արտայանձնեց երկու անձ, որոնք կազմակերպուած յանցագործութեան մը ներգրաւուած են։
Անցեալ տարիներու յառաջացուցած հեռաւորութիւնն ու պարապութիւնը հետզհետէ կը վերածուին արժեւորման գործօնի:
Նահատակման 18-րդ տարելից. Հրանդ Տինքի ոգեկոչումներու ձգողականութիւնն ու համախմբման ներուժը ունին իրենց պատգամը՝ իւրաքանչիւր քայլափոխին համատարած զգայնութիւններու հասարակաց յայտարարը դառնալու առումով, արդի մարտահրաւէրներով հանդերձ:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան շաբաթավերջին շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ եւ բանակցութիւններ վարեց իր պաշտօնակցին՝ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացի վերջին վիճակը, ինչպէս նաեւ միջազգային հրատապ օրակարգի այլ հարցեր՝ ներառեալ Սուրիոյ, Կազզէի եւ Ուքրայնայի իրադարձութիւնները։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ չորս տարին անգամ մը յունուարի 20-ը կարեւոր ժամադրութեան օր է։ Նախագահի մը պաշտօնավարման ժամկէտը կը սկսի կամ վերընտրեալի մը նոր շրջանի մեկնարկը կ՚ըլլայ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան-Անգարա փոխյարաբերութիւններու մեծ ծիրէն ներս Դամասկոսի իշխանութիւնները կրնան վերածուիլ երկխօսութեան պատուհանի մը՝ առանց մեծ ակնկալիքներու եւ առանց մոռնալու տարածաշրջանային լուրջ ազդեցութիւններու հեռանկարները:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Անուանի հոգեւորական Հենրի Ճ.Մ. Նուընի «Ճանապարհորդութեան հացը․ Ճառագայթումներ տարուան իւրաքանչիւր օրուան համար» հատորը հայերէնի թարգմանած է Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Մակար Արքեպիսկոպոս Աշգարեան եւ գրեթէ հայացուցած անուանի հոգեւորականի նոյնքան նշանաւոր գիրքը, որ լոյս տեսած է 1996 թուականին եւ տարածուած աշխարհով մէկ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընտրութեան պատրանքի հասկացութիւնը կը վերաբերի պատրանքի մը, որ մարդիկ կը ստիպէ մտածել, թէ ունին լայն ընտրանի եւ կը վերահսկեն ներկայացուած սահմանափակ տարբերակներու եւ կանխորոշուած ընտրութիւններու միջեւ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տէրունական աղօթքը՝ «Հայր մեր»ի «Մի՛ տանիր մեզ փորձութեան» խնդրանքը կապուած է նախորդ «Ներէ՛ մեզի մեր պարտքերը ինչպէս մենք կը ներենք մեր պարտապաններուն» խնդրանքին արմատին, քանի որ մեր մեղքերը արդիւնք են փորձութեան մեր տուած որոշումներուն եւ հաւանութեան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ինչո՞ւ մարդուժի պակաս կայ. առաջին հերթին կ՚ուզենք ուսումնասիրել, թէ ինչքանո՞վ իրաւացի է այս արտայայտութիւնը, որովհետեւ մարդուժի պակաս կայ, կը նշանակէ, թէ չունինք մարդուժ եւ կամ ունինք՝ սակայն քիչ են, սակայն մենք կը հաւատանք, որ այնքան ալ քիչ չեն եւ հետեւաբար մարդուժի պակասէն աւելի մենք ունինք մարդուժը պահելու պակասը, որ իրարմէ տարբեր իրողութիւններ են: Այդ պահելու պակասին պատճառը մէկէ աւելի է.
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդուժի պատրաստութեան մասին գրեցինք առաջին անգամ, երբ կոնդակով յայտարարուեցաւ. անոր մասին գրեցինք տարուան կէսերուն, յայտնելով, որ «հռչակումէն անցած է 276 եւ ընդամէնը մնացած 88 օրեր», ունենալով պարզ այն յոյսը, որ 276 օրերուն չփոխածը յաջողի փոխել այդ մնացած 88 օրերը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Նոր տարին նոր անակնկալներ բերաւ Հայաստանին։ Խօսքը կը վերաբերի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ ստորագրուած ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագրին, որուն համար Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այցելեց Ուաշինկթըն։
Պաքուի մէջ այս օրերուն սկսած են Արցախի գերեվարեալ ղեկավարներու դատավարութիւնները։ Հայկական եւ միջազգային լրահոսին մէջ երկար ժամանակէ ի վեր չեն պակսիր հրապարակումները, թէ այդ դատավարութիւնները ամբողջովին ապօրինի են։