Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այնպէս ինչպէս այսօր, նոյնպէս անցեալին մեր հայկական կեանքին մէջ մեծապէս կը նկատուէր հայ երիտասարդութեան պակասը. կար այն համոզումը, որ երիտասարդներ միայն իրենց հաճոյքին մասին կը մտածեն ու գաղութային, ազգային հարցերով չեն հետաքրքրուիր:
Իսթանպուլի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ, երէկ, Աթագիւղի «Պարութհանէ» համալիրէն ներս համերգ մը տեղի ունեցաւ՝ Սիրելիներու օրուան առթիւ։ Այս առթիւ «Mane Made & Yaman» խումբը հանդէս եկաւ համերգով մը, որ ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, որ Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղարն է, շաբաթավերջին այցելեց Զուիցերիա։
Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Ան շուրջ երեք տարիէ ի վեր կը գտնուէր այդ պաշտօնին գլուխը։ Երէկ ան ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը տեղեկացուց իր հրաժարականի մասին։
Փաշինեան. «Պաքու կը շարունակէ ռազմական հարկադրանքի քաղաքականութիւն վարել Երեւանի դէմ»:
«Ատրպէյճան կրնայ տեղական ռազմական գործողութիւններու սկսիլ՝ զանոնք լայնածաւալ պատերազմի վերածելու հեռանկարով»:
Թուրքիա եւ Եգիպտոս ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը զգուշացնեն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի ղեկավարութիւնը:
Անգարա եւ Գահիրէ հետամուտ են յարաբերութիւնները համակարգելով իրենց կշիռն ու դիրքը օգտագործել խաղաղութեան ու անդորրութեան հաստատման համար տարածաշրջանէն ներս:
Կը տեղեկանանք, որ «Լիպրա» հրատարակչութիւնը ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է «Osmanlı Mizah Basınının Başlangıcı: Ermeni Harfli Türkçe Mizah Gazetesi Zvarcakhos ''Latifeci'' (1856)» անուն գիրք մը, որու հեղինակն է Էլիֆ Քիրազ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Իր ուղեւորութիւնը պիտի տեւէ շուրջ շաբաթ մը։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս հերթական զարմանալի տագնապը:
Երէցկին Նարօտ Միւրզօղլու այսօրուան դրութեամբ դադրեցուց «İtimat Bürosu»ի աշխատանքը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Տեառնընդառաջի արարողութիւններուն նախագահեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցան Տեառնընդառաջի աւանդական տօնակատարութիւններ։ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ պատարագեց Տ. Գրիգորիս Քհնյ. Պօղոսեան, որ խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Լիթվայի նորանշանակ դեսպան Էտիթ Մետնէն։ Զրոյցի ընթացքին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը նորանշանակ դեսպանին յաջողութիւն մաղթեց իր առաքելութեան մէջ։
Տեառնընդառաջի բերկրառատ տօնն ու նորապսակ զոյգերու օրհնութեան օրը:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը կենսատու լոյսը փոխանցեց հաւատացեալներուն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի երրորդ օրն է:
Հարցում մը, որ մեզմէ շատեր յաճախ կու տան:
Հարցում մը, որ մեզմէ շատեր շա՜տ յաճախ կ՚անտեսեն:
Հարցում մը, որուն ճիշդ պատասխան գտնելու պարագային, մեր պահեցողութիւնը նպատակ եւ իմաստ կ՚ունենայ, կը դադրի սովորական կերակրականոն (diet) մը ըլլալէ ու մեր հոգիներու շինութեան կը ծառայէ:
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Արաբ քաղաքացի մը առաւօտ կանուխէն մինչեւ Արաբական աշխարհին մէջ փոխանցումի աւարտը, ռատիոյին սլաքը կայանէ մը կայան կը փոխէ ու կը մեկնաբանէ իր լսած երգերը, յայտագիրները, լուրերն ու վերլուծութիւնները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փորձութիւնը մարդկային կեանքին անբաժան փորձառութիւնն է. սակայն Աստուած մարդուն նաեւ կարողութիւնը եւ զօրութիւնը կու տայ, իր ծանրութեան չափին եւ տարողութեան չափին համեմատ՝ որ փորձութիւններու դէմ դնէ։ Մինչեւ այն ատեն, որ «Չար»ը՝ Սատանան այս աշխարհի իշխանն է, փորձութիւնները մարդուն բաժինը պիտի ըլլան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վերջապէս կրցայ համոզուիլ, որ ազգի մը փրկութեան համար ո՛չ բանակի եւ ո՛չ ալ մտաւորականութեան կարիքը կայ. այդ բոլորին կարեւորութիւնը անցեալին էր: Հիմա արդէն ժամանակն է նարտիով ազգը փրկելու եւ «շէշ-պէշ» մը բերելով մարսով պարտութեան մատնելու թշնամին...:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Պաշտօնապէս կը յայտարարուի, որ Թաւրիզի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսութեան բացման ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին: Երկու տարիէ ի վեր Կապանի մէջ կը գործէ Իրանի հիւպատոսութիւնը:
Երէկ, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան խորհուրդի հինգերորդ նիստը, որու աւարտին համատեղ յայտարարութիւն մը հրապարակուեցաւ։
Մինչ Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքը չափազանց մտահոգութիւններու թատերաբեմը դարձած են, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կարեւոր շփումներ կ՚ունենայ տարածաշրջանին մէջ։