Արխիւ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 31, 2023

Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք երգ ենք» խորագրեալ երաժշտական ձեռնարկներու վերջինը։ Կղզեբնակ երիտասարդներու երաժշտական կատարումները այս փուլին եւս հրապուրեց հանդիսատեսները։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2023

Մաքրոն զրուցեց Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ՝ մինչ Փարիզ հետզհետէ իրերը կը բնորոշէ իրենց անունով:
Պաշարեալ Արցախի ժողովուրդը փակեց Աղտամ-Ստեփանակերտ ճամբան՝ մերժելով Պաքուէն ուղարկուած ալիւրը:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2023

Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան հետամուտ խորհրդաժողով. մէ՛կ աշխարհ, մէկ ընտանիք, մէկ ապագայ:
Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամը մասնակցեցաւ Իսթանպուլի մէջ Յունաց Պատրիարքարանին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկին:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2023

Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ արտասովոր խանդավառութեամբ այսօր կը նշուի 30 Օգոստոսի տօնը։ Մեծ յաղթանակի տարեդարձը կը զուգադիպի Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան դարադարձին։ Սա հարիւր տարի առաջ Հանրապետութեան հիմնադիր Մեծն Աթաթիւրքի եւ զինակից ընկերներուն կողմէ տարուած յաղթանակի իմաստին եւ արժէքին նորովի գնահատման առիթ կը դառնայ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2023

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ի՞նչ է արձակուրդը. յաճախ հարց տուած են ինծի շուրջիններս՝ անմեղօրէն։ Արդեօք առօրեայէն փախո՞ւստ մըն է, թէ ոչ իսկապէ՛ս կազդուրուելու եւ վերանորոգուելու փորձ մը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2023

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ֆիզիքական ու բարոյական ժառանգականութիւն: Առհաւութիւն (Atavism): Առաջգնաց ու յառաջընթաց եւ յետընթաց ժառանգականութիւն: Ծնողներուն համանման եւ հակասական յատկանիշներուն փոխանցումը սերունդներուն:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ի՞նչ է ձեր կարծիքը ջուրի մասին սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ։ Ընդհանրապէս, այն համոզումը կ՚ընդունուի, թէ ջուրը կեա՛նք է։ Ուրիշ խօսքով՝ կեանքը ջուրէն գոյութիւն կը ստանայ եւ ջուրը ամէն ինչի սկիզբն է։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յաճախ կրթութեան մասին խօսելով, անդրադարձած ենք ծնողքի ունեցած կարեւոր դերին մասին, որովհետեւ տան մէջ հիմքը կը դրուի մանուկին կրթութեան. այդտեղ է որ կը կազմուի մանուկին լեզուամտածողութիւնը. եթէ հայրը, մայրը ըլլան օտարախօս եւ կամ թրքախօս, բնականաբար այդ մանուկը պիտի դառնայ օտարախօս եւ այս դժբախտ երեւոյթն է, որ մեզ կը ստիպէ յաճախ խօսիլ ընտանեկան կարեւորութեան մասին. այս երեւոյթն է յաճախ որ օտար ամուսնութեան դէմ ըլլալ կը ստիպէ մեզ:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2023

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարար Ճինա Ռէյմոնտօ այս օրերուն կ՚այցելէ Չինաստան։ Քառօրեայ ուղեւորութեան ծրագրի առաջին փուլը կը հանդիսանան Փեքինի իր շփումները։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2023

ԱՔ կուսակցութիւնը կը պատրաստուի համագումարի։ Այսպէս, կուսակցութեան ընդհանուր ժողովը պիտի գումարուի հոկտեմբերի 7-ին։
«Մեր համագումարները որքան որ մեր կուսակցութեան պատմութեան տեսակէտէ յատկանշական են, այնքան ալ թրքական ժողովրդավարութեան համար անկիւնաքարեր կը սահմանեն։ 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2023

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի պետ Հիքմէթ Հաճիեւ BBC-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրաւ պաշարեալ Արցախի վիճակին շուրջ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2023

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յառաջիկայ երկուշաբթի՝ սեպտեմբերի 4-ին Սոչիի մէջ պիտի ընդունուի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2023

Պաշարեալ Արցախի մէջ զգայացունց իրադարձութիւնները կը շարունակուին բոլոր հարթութիւններու վրայ։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները մէկ կողմէ կը կրակեն՝ սովամահութեան եզրին հասած բնակչութեան վրայ, իսկ միւս կողմէ այդ երկրի պաշտօնական աղբիւրները ապատեղեկատուութիւններ կը տարածեն՝ հայկական կողմէն հրադադարի խախտումներու մասին։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2023

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ՝ Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ բարեյիշատակ Կարօ Գալէնտէրի ոգեկոչման համար կազմակերպուած պասքեթպոլի մրցաշարքը, որ երրորդն էր իր նմաններու շարքին։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2023

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2023

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ սկսած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) նստաշրջանի օրակարգին վրայ կը գտնուին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ հարցեր։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2023

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Ներկայիս Սուրիոյ ապրած պատերազմական վիճակին հետեւանքով սուրիահայութիւնը, նաեւ երկրի բնակչութեան բոլոր շերտերը, ունեցան շատ մեծ կորուստներ եւ կրեցին մեծ վնասներ՝ ըլլան անոնք անհատական կամ հաւաքական մակարդակներով:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Առակաց 17.14-ին մէջ կը կարդանք. «Կռիւին սկզբնաւորութիւնը ջուրին արձակմանը կը նմանի, ուրեմն վէճը չբռնկած ետ քաշուէ»: Ինչպէ՞ս հասկնալ այս համարը:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2023

Մաքրոն կը պատրաստուի այս փուլին դարձեալ շփման մէջ անցնիլ Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ:
Պաքու հակազդեց Փարիզէն հնչած յայտարարութիւններուն՝ անընդունելի համարելով ճնշումներու լեզուն:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Իրաւաբանական տեսակէտէ ամուսնական պայմաններու կամ արգելքներու մէջ գլխաւորներէն մին է «ամուսնական չափահասութիւն»ը, այսինքն ամուսնութեան տարիքը։
Այս կարգին կարեւորութիւն կը ստանայ «մանկական ամուսնութիւն»ը։

Էջեր