Արխիւ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
«Ժողովուրդը» հրճուած է ընտրութիւններու մէջ տարած իր «փայլուն յաղթանակով»՝ իրեն յաջողած է «չոքըցնել», «կզըցնել» եւ նման այլ բազմաթիւ գործողութիւններ ընել Փաշինեանի բոլոր «չուզողներուն» դէմ, ներառեալ՝ նզովեալ մտաւորականները։ «Ժողովուրդը» կրնայ ուրախանալ, թմբուկ զարնել, վարչապետին տալ «պողպատէ լիազօրութիւնը», «արդարադատութեան սուրը», որպէսզի ան իրականացնէ հաշուեյարդար, վրիժառութիւն եւ այլն։
ԵՄ-ի կողմէ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը շփումներ ունեցաւ Երեւանի եւ Պաքուի մէջ:
Արեւելեան գործընկերութեան տարեվերջի գագաթաժողովին ընդառաջ Պրիւքսել կը ձգտի Հարաւային Կովկասի երկիրներու տրամադրութիւնը շօշափել՝ շեշտը դնելով տարածքաշրջանային կայունութեան ամրապնդման վրայ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, որու գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը յառաջատար դիրքի վրայ դուրս եկաւ վերջին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութենէն։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի այս տարուայ հունձքը վերջին օրերուն աւանդական հանդէսով մը հրաժեշտ առաւ՝ առարկայ դառնալով բոլորի ջերմ զգացումներուն եւ բարեմաղթութիւններուն։ Օրուայ հանդիսավարն էր հայերէնի ուսուցիչ Միշել Սամուրքաշ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի նոր սերունդէն Լուսին Ենիեորկան ծափահարելի ընթացք մը ունի նկարչութեան մէջ։ Լուսին Ենիեորկան, որ կը յաճախէ «Փիէռ Լոթի» ֆրանսական վարժարանը, փոքր տարիքէ ի վեր հետամուտ է նկարչութեան եւ հետեւողական յաջողութիւններ կ՚արձանագրէ այս մարզէն ներս։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հունգարիայէն խումբ մը ուխտաւորներ, որոնց շարքին էին երկրի փոխ-վարչապետը՝ Ժոլտ Շեմիէն եւ «Փեթեր Փազման» կաթոլիկ համալսարանէն ներկայացուցիչներ։ Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողակարգի բաժնի վարիչ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Այնպէս կը թուի, որ հեռակայ, առցանց աշխատանքը, գոնէ մասամբ, այլեւս մնայուն բնոյթ պիտի ստանայ, բայց աշխարհի ամենէն մեծ ընկերութիւններու սեփականատէրեր, տնօրէններ եւ պատասխանատուներ հետզհետէ աւելի ու աւելի կը խօսին պաշտօնեաները գրասենեակներ վերադարձնելու անհրաժեշտութեան մասին:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Ընդունուած սովորութիւն է, որ հագուստ արտադրող նշանաւոր գործատէրեր, տարին մի քանի անգամ՝ գարնանային եւ աշնանային եղանակներու մուտքին, իրենց նորաձեւութիւնները ներկայացնեն աշխարհին։ Այդ ցուցադրութիւնները ընդհանրապէս տեղի կ՚ունենան Նիւ Եորքի, Փարիզի եւ կամ Միլանոյի մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մինչ Լիբանանի վարժարանները ոչ գրկաբաց ձեւով կը դիմաւորեն ամառնային արձակուրդի օրերը, անդին հազարումէկ խնդիրներ կը շարունակեն մնալ անլոյծ ու ասոնց կողքին ալ մեծ հարցադրումներու «ամպրոպ»ը՝ հակառակ ամրան տապին՝ կը շարունակէ կուտակուիլ ծննդավայրիս երկնակամարին վրայ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Արտայայտութիւն, որ յաճախ մարդոցմէ կ՚արտաբերուի, բայց շատ յաճախ նոյնիսկ արտաբերողները չեն գիտեր ու չեն հասկնար իրենց արտաբերածին իմաստը, աւելին՝ չեն գիտակցիր իրենց ըսածին:
«Ես աթէիստ եմ», այսինքն՝ ես անաստուած եմ, Աստուծոյ գոյութիւնը չեմ ընդունիր, զԱստուած չեն ընդունիր որպէս ամէն ինչի Տէր ու Արարիչ:
Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ գլխաւորուած «Հայ ազգային քոնկրէս» կուսակցութիւնը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ երկրի վերջին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան մասին։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ վերջին արտահերթ ընտրութիւնները հեռու էին ազատ եւ արդար ըլլալէ, նաեւ որակապէս լուրջ նահանջ էին 2018 թուականի ընտրութիւններուն բաղդատմամբ։
Պաքու պիտի փորձէ հաւանական բոլոր լծակները օգտագործել՝ օգտուելով Երեւանի թուլացած դիրքերէն:
Ըստ Վարդան Օսկանեանի, սահմաններու բացումը եւ հաղորդակցութիւններու գործարկումը յառաջիկային կախեալ պիտի դարձուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումէն:
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը կը շարունակէ սփիւռքահայ կրթօճախներու աջակցութեան ուղղեալ ծրագրերը՝ մասնաւորապէս Լիբանանի հայկական վարժարաններու ցանցին միջոցաւ։ Այսպէս, հիմնարկը ներկայիս նոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս կու գայ ու կը պատրաստուի կեանքի կոչել Լիբանանի մէջ ուսուցչական վերաորակաւորման նոր ծրագիր մը:
Հայաստանի Պետական սենեկային երգչախումբը յառաջիկայ ամսուայ սկիզբին Իտալիոյ մէջ պիտի մասնակցի Ռավեննայի յայտնի փառատօնին։ Քերուպինիի նուագախումբին հետ, ի թիւս այլ ստեղծագործութիւններու, Սենեկային երգչախումբը պիտի ներկայացնէ նաեւ հայ երաժշտութեան կենդանի առասպել Տիգրան Մանսուրեանի կողմէ՝ յատուկ այս փառատօնին համար կատարուած յօրինում մը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց ռուսահայ յայտնի գործարար ու բարերար Սամուէլ Կարապետեանը, որ «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի ղեկավարն է։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ժամանակ անդրադարձ կատարուեցաւ «Տաշիր»ի ներդրումային ծրագրերու ընթացքին։
Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան BBC-ի ռուսական ծառայութեան տուաւ հարցազրոյց մը, որու ժամանակ անդրադարձաւ շաբաթավերջի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան։ «Այո, ես կը կարծեմ, թէ ան յաղթած է», ըսաւ Սերժ Սարգսեան՝ ձեւով մը հաստատելով ընտրութիւններու արդիւնքով Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ արձանագրուած յաջողութիւնը։
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը՝ շաբաթավերջի արտահերթ ընտրութեան արդիւնքով խորհրդարան մուտք գործած «Հայաստան» դաշինքին կողմէ։ Հանրապետութեան Աւագ դատախազութեան շէնքին առջեւ տեղի ունեցաւ այս հակազդեցութեան հաւաքը, որուն պատճառ դարձած էր բժիշկ Արմէն Չարչեանի կալանաւորումը։
Անգարա կ՚ակնկալէ Մոսկուա-Երեւան-Պաքու համաձայնութիւններու ամբողջական կատարումը:
Էրտողանի եւ Փութինի հեռախօսազրոյցին ժամանակ օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած կացութիւնը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանան յայտնուած է համընդհանուր փլուզման լուրջ վտանգին առջեւ։
Անկախ զանազան վերլուծումներէ, այս մասին «ստոյգ» տուեալներ հաղորդած է Լիբանանի «Վ.Տի.Էլ.» կայանը, յղում ընելով միջազգային կազմակերպութեանց դիտարկումներուն, որոնք ամենամեայ դրութեամբ կը պատրաստեն «ձախողած երկիրներ»ու ընդհանուր ցուցակը։