Արխիւ
Կեանքի ճանապարհորդութիւնը, ըստ էութեան, մարդ արարածի ձգտումն է՝ առ լոյսը, որ կ՚ուրուագծէ յոյսի հորիզոնը։ Անվերջ ու վերանորոգ որոնումի մը պտուղն է յոյսը, առանց որու անկարելի է ընթանալ դէպի լոյսը։ Շատ յաճախ փոքրիկ խորհրդանշաններ մեծ դեր կը խաղան լոյսի եւ յոյսի ճանապարհին։ Թող չպակսին անոնք, ուրեմն, նոր իմաստ գտնենք անոնց մէջ եւ տարեմուտեան բարեմաղթանքով ու ջերմ սիրով նորովի ողջունենք զիրար՝ որպէս հարազատ, անկեղծօրէն։
ԱԼԷՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Նոր» բառը միշտ կ՚ենթադրէ նորութիւն մը, որ իր հետ կը բերէ նոր յոյսեր, յոյզեր, երազներ, ապագային իրագործուող ծրագիրներ...։ Սակայն երբ հոգիդ խռոված է, երբ շրջապատդ լեցուն է տարտամ վիճակի մէջ գտնուող մարդոցմով, երբ երկիրդ արտաքնապէս անկայուն է, ներքնապէս քայքայուած է, երբ ներքին «որդ»եր կը փորձեն սեպ խրել քու ժողովուրդիդ մէջ, երբ մութ ուժեր կը յանդգնին հայ ազգութեանդ բազկերակը կտրել, երբ հանրութիւնը հոգեպէս բարոյալքուած է ու անճիտուած, ահա այն ատեն «նոր» բառը կը դառնայ լուսանցքային ու «անտեսուած»։
ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ
Երկու հազար տարի առաջ Բեթղեհէմի համեստ մսուրին մէջ ծնած «Խաղաղութեան Իշխան»ը մարդկութեան նոր յոյս տուաւ: Մանուկ Յիսուսը մարդկութիւնը վեր հանեց իր ամենամութ, տկար ու անյոյս վիճակէն եւ բերաւ սէր ու խաղաղութիւն ամբողջ աշխարհին:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Ոսկերչութիւն ալ պիտի ընենք..., տուն նստիլը ինչե՜ր կը սորվեցնէ եղեր մարդուն:
Կը մրթմրթար ու զգուշութեամբ մէկիկ-մէկիկ ապակիի կտորները, յատուկ ունելիով մը, կը վերցնէր:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը 2021 թուականի օգոստոսի 21-ին կը դառնայ 70 տարեկան։ Այս նոր տարին յոբելենական է Վեհափառ Հայրապետին համար։ Թէեւ հայ իրականութիւնը այնպիսի ցնցումով մը համակուած է, որ յոբելեաններու, տօնակատարութիւններու մթնոլորտէն բոլորովին հեռու է, սակայն, սա մակերեսային տարեդարձ մը չէ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խորագիրը կրնայ քիչ մը տարօրինակ թուիլ շատերուն, այդպէս նաեւ ինծի համար… Նախքան այս գրութիւնս գրելը շատ մտածեցի, թէ տիրող իրավիճակին մէջ ի՞նչ կարելի է գրել Նոր տարուան մասին, երբ ամէն կողմ անտրամադրութեան հսկայ ալիք մը կայ:
Նոր տարուայ սեմին հասանք։ Մէկ տարի եւս աւելցաւ անցնող հազարամեակներու վրայ: 2020-ը եղաւ մարդկային պատմութեան խստաշունչ ձմեռներէն մէկը, դոհ ու բոհ պատճառելով բոլոր սիրտերուն:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Բոլոր ճամբաբաժաններուն ժամանակ, բոլոր խաչմերուկներուն վրայ, խորքին մէջ, առանձինն է մարդ արարածը։ Այսօր կէսգիշերին օրացոյցը կը փոխուի։ Ամանոր է եւ սա ալ ձեւով մը խաչմերուկ մը, ճամբաբաժան մը չէ՞։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կաղանդի եւ Ս. Ծնունդի կոչնակները անգամ մը եւս պիտի հնչեցնեն իրենց լա՜յն ղօղանջը եւ անգամ մըն ալ ամէն մարդ մտապէս պիտի վերադառնայ այն բաներուն, որոնք իր ետին կը մնան եւ որոնք վաղուան ստուերին տակ «անցեալ» մը պիտի նկատուին շուտով։
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Կ՚աղօթեմ, Տէ՜ր, որ ծառերը չմահանան…
Կ՚աղօթեմ, Տէ՜ր, որ սէրերը չմահանան…
Կաթիլներու ջուրին նման
ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
«Ինչ կախարդական բան է այս հայրենիք ըսուածը, այս Հայաստանը: Մենք կորցնում ենք նրա հետ վարուելու կերպը, նրան բոլորանուէր սիրելու եղանակը:
ԱՌԷՆ ՔԵՐԹԵՇԵԱՆ
Արցախեան հակամարտութեան կողմերը 44 օրեայ ռազմական, դիւանագիտական եւ տեղեկատուական բուռն մարտեր մղեցին երկրորդ պատերազմի ընթացքին։ Մինչ գետնի վրայ կ՚ընթանային կատաղի բախումներ եւ քուլիսներու ետին տարբեր մակարդակներու վրայ բանակցութիւններ, հակամարտ կողմերու պետական քարոզչամեքենաներն ու լրատուական միջոցները արտակարգ դրութեամբ օրն ի բուն կ՚աշխատէին՝ ռազմաճակատէն եւ բանակցութիւններու սեղաններէն լուրեր հաղորդելու համար։
ԵՐԱՄ
Երկու Հազար Քսան էր պաշտօնական անունը, բայց թաղեցիք Քսանքսան կ՚ըսէին։ Ահա տե՛ս, հոն է, փողոցին ծայրը, անկիւնը դառնայ պիտի փախի։
2021 թուականի տարեմուտը յոբելենական շրջանի մը սկիզբը կը բնորոշէ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքին տեսակէտէ։ Յառաջիկայ աշնան ան պիտի աւարտէ իր գահակալութեան 30-ամեակը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մեզմէ իւրաքանչիւրը, գուցէ ամէն տարի ունեցած է եւ կ՚ունենայ երազանքներ եւ միշտ փափաքած է անոնց կեանքի կոչուիլը, իրականանալը։ Բայց եւ այնպէս, անտանելի դարձած կեանքի սղաճին դիմաց դադրած է երազելէ եւ անսկիզբ ու անվերջ ժամանակի մէջ կեդրոնացած ենք «ուղղակի» նպատակներուն վրայ։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յոյս յայտնեց, թէ 2021 թուականը կը դառնայ քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքներու յաղթահարման տարի։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Կար ու չկար Երկիր մոլորակի երեսին պզտիկ դրախտավայր մը կար: Դրախտի համն ու հոտը իր մէջ պահած այդ բուրաստանը այնքան պզտիկ ու աննշան էր, որ երկրագունդի վրայ նորածնի սրտի չափ տեղ մը կը զբաղեցնէր:
«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը սկսաւ երթեր կազմակերպել Երեւանի արուարձաններուն մէջ:
Փաշինեան երէկ խորհրդարանէն ներս հանդիպումներ ունեցաւ ընդդիմադիր խմբակցութիւններու ղեկավարներէն Մարուքեանի եւ Ծառուկեանի հետ: «Բարգաւաճ Հայաստան»ի կուսակցապետը ընդգծեց վարչապետի հրաժարականի անհրաժեշտութիւնը:
Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ Անգարա կողմնակից՝ երկարաժամկէտ խաղաղութեան ու կայունութեան:
Նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Սոչիի մէջ ռուս պաշտօնակցին՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ բանակցութիւններ վարելու զուգահեռ՝ խօսեցաւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հաւանականութեան շուրջ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Համայն հայութեան սրտի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ համախմբուողները փոքրաթիւ չեն… Անոնք առնուազն տասն-քսան անգամ շատ են, պարզապէս կաթուածահար եղած են կամ կախարդուած: