Արխիւ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2020

​Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այս առաւօտ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ քննարկուած է երկրէն ներս ստեղծուած իրավիճակը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2020

Ռազմաճակատի ծանր ձախողումէն վերջ, հայութիւնը ստիպողութեան դէմ յանդիման՝ համակերպելու համար այն իրողութեան, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը այլեւս գործնականօրէն գոյութիւն չունի: Արցախի եւ յարակից շրջաններու ժողովուրդը գաղթի ճանապարհը բռնած է: Եկեղեցիներէն եւ վանական համալիրներէն դուրս կը բերուին ամենասուրբ մասունքներն ու նուիրական արժէքները. գործընթացը կը համակարգէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը:
Երեւանի մէջ պոռթկում եւ հանրահաւաք:
Հայաստանի ներքին քաղաքական ցնցումը արգելք կը հանդիսանայ անցումը կազմակերպելու: Հանրութիւնը կը պահանջէ կառավարութեան հրաժարումը: Փաշինեանի վարչախումբը կը յամառի պահել իշխանութիւնը: Ընդդիմութիւնը առկայ մթնոլորտը կը վերածէ մօտաւոր անցեալի յեղափոխութեան հաշուեյարդարի: Անորոշութեան հաւանական հետեւանքները կը մտահոգեն աչալուրջ շրջանակները:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2020

Սելին Տիոն կը նկարահանուի վիպապաշտական ստեղծագործութեան մը մէջ։ Սելին Տիոն, Սեմ Հէօկըն եւ Փրիանքա Չոփրա Ճոնաս կը խաղան «Text for You» («Հաղորդագրութիւն քեզի համար») վիպապաշտական ժապաւէնի մը մէջ: Շարժանկարը իրականութեան մէջ «SMS Fur Dich» գերմանալեզու ժապաւէնի վերափոխուած ձեւն է, որու հիմքին կայ Սոֆի Քրամերի վէպը:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2020

Սիմֆերոփոլի օդանաւակայանին մէջ տեղի ունեցած է հայ մեծանուն ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի կիսանդրիի բացման արարողութիւնը: Հանդիսաւոր արարողութիւնը հեռարձակուած է «Ղրիմ 24» հեռուստաալիքի եթերէն:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2020

Հայ մեծանուն երգահան եւ դաշնակահար, Խորհրդային Միութեան եւ Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Առնօ Բաբաջանեան 1983 թուականի նոյեմբերի 11-ին մահացաւ Մոսկուայի մէջ։
Պետական մրցանակներու դափնեկիր Առնօ Բաբաջանեան, որ ծնած է 1921 թուականի յունուարի 22-ին՝ Երեւանի մէջ, հայկական երաժշտարուեստի ամենաինքնատիպ դէմքերէն մին է, երգի նշանաւոր վարպետ:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2020

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) հայաշխարհէ ներս ստեղծուած ծանր կացութեան զուգահեռ երէկ հանդէս եկաւ զգաստութեան, արիութեան եւ միասնականութեան կոչով մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Նիւ Եորքի աղբիւրներուն կողմէ հրապարակուած այս կոչին բնագիրը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2020

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը՝ որ երկրին տեսակէտէ ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ կը բովանդակէր կարեւոր զգուշացումներ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2020

Ռուսաստանի միջնորդութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս հրադադարի հաստատման համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գոյացած հրադադարի համաձայնութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Մոսկուայի աշխոյժ դերակատարութեամբ եւ Անգարայի ակնյայտ ազդեցութեամբ ստորագրուած այս փաստաթուղթը բոլոր հարթութիւններու վրայ ուշադրութեան արժանացած է։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2020

Լեռնային Ղարաբաղէ ներս կրակի դադրեցման ուղղեալ համաձայնութեան ստորագրումով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ Անգարա եւ Մոսկուա կը շարունակեն անմիջական կապ պահել:
Ատրպէյճանի տարածքէն ներս հրադադարի վերահսկողութեան համար ռուս-թրքական կեդրոն մը պիտի ստեղծուի:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2020

Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան տեսակէտէ երկիրը ղեկավարելու հնարաւորութիւնը հետզհետէ կը նուազի: Երեւանի մէջ ընդդիմութիւնը այսօր հանրահաւաք մը կը կազմակերպէ Ազատութեան հրապարակին վրայ: Աչալուրջ շրջանակները կ՚ընդգծեն ցնցումներէ խուսափելու՝ մանաւանդ ներքին բախումներէ հեռու մնալու հրամայականը: Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի կասեցման համար ստորագրուած հրադադարի համաձայնութեան ծանր պայմանները Հայաստանի մէջ ծնունդ տուին քաղաքական անխուսափելի տագնապի մը:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2020

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողով գումարուեցաւ՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ։ Նիստը բացուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի եւ ժողովական հայրերու համատեղ աղօթքով՝ անցեալ շաբաթներուն Արցախի մէջ՝ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքով զոհուած հայորդիներու հոգւոց հանգստութեան համար։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2020

Այսօր՝ նոյեմբերի 11-ին կը նշուի ծննդեան տարեդարձը բժշկագիտական մտիք հայ հսկային՝ Մխիթար Հերացիի, որ հայ ժողովուրդի հանճարեղ ծնունդներու համաստեղութեան մէջ իր ճառագայթող տեղն ու արժէքը ունի։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2020

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երանի՜ մահացողներուն, երանի՜ մահացածներուն… անոնք չեն ապրիր այն ցաւը, ինչ որ մենք այժմ կը զգանք:
Երանի՜ խենթերուն, որ սա պահուն կը ցնծան: Երանի՜ ոչ-հայերուն:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

ԽՆՁՈՐ. Թերեւս այս անունով կը հասկցուի սերկեւիլ կամ կիտրոն որ ոսկեգոյն պտուղ է. (ԱՌԱԿ. ԻԵ 11), (ՅՈՎԵԼ. Ա 12), (ԵՐԳ. Բ 3-5, Է 8)։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2020

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առաւօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հանդէս եկաւ պատգամով մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին կողմէ ժողովուրդին ուղղեալ այս ուղերձը, որ պաշտօնապէս հրապարակուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2020

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Պէ՞տք է Քրիստոսին մարգարէ ըսել, թէ ոչ:
Պատասխան.
Պարզաբար մարգարէ չենք ըսեր Քրիստոսին, այլ՝ բաղդատաբար, ուստի յայտնի է, անոնք որոնք հաւատքը կատարեալ կերպով ունէին, կ՚ըսէին՝ սա՛ է Քրիստոսը, իսկ անկատար հաւատք ունեցողները կ՚ըսէին՝ ճշմարիտ մարգարէն է:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ընթացիկ նոյեմբեր ամսուն կը լրանայ հայ հոգեւորական, բանասէր-բանահաւաք, ազգագրագէտ, հասարակական գործիչ Գարեգին Եպիսկոպոս Սրուանձտեանցի ծննդեան 180-ամեակը: Հայոց մեծերէն յոբելեան մը եւս, որ մնաց ժամանակի թոհուբոհին տակ, եւ այս խառնակ օրերուն մամուլն է միակ վայրը, ուր կը յիշատակուին մեր երախտաւորները՝ իրենց յոբելեաններով:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ստորեւ կը շարունակենք Սուրբ Գիրքի մէջ յիշուած զանազան բոյսերը ներկայացնել։
ԵՂԷԳ. (Գամըշ. «roseau»). Բարձր տունկ է սրածայր տերեւներով եւ երկայն եւ բազմայօդ ծղօտներէ՝ բոյսին եգէգնիկը՝ շիտակ կամ ծիլի պէս յօդ յօդներէ բաղկացեալ. կը բուսնի գետերու, առուներու եզերքը եւ ուրիշ խոնաւ տեղեր։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2020

Ռուսաստանի միջնորդութեամբ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները երէկ գիշեր Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տալու համար ստորագրեցին հրադադարի համաձայնագիր մը, որով բոլորովին նոր իրավիճակ մը կը ստեղծուի Հարաւային Կովկասէ ներս: 10 օդանաւով ռուս խաղաղապահներ կը հասնին տարածքաշրջան: Պաքուի մէջ տօնակատարութիւն: Երեւանի մէջ քաոս: Նիկոլ Փաշինեանին վիճակեցաւ հաւանութիւն տալ փաստաթուղթի մը, որով հայկական կողմը կը հրաժարի Արցախի հիմնախնդրին վերաբերեալ բոլոր յաւակնութիւններէն:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2020

Թուրքիոյ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի մահուան 82-րդ տարելիցն է այսօր։ Բովանդակ Թուրքիան Մեծն Աթաթիւրքը կ՚ոգեկոչէ՝ երախտագիտութեամբ եւ իր թողած աւանդին տէր կանգնելու գիտակցութեամբ։ Թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան մէջ ան կը վերյիշուի մասնաւոր արարողութիւններով։

Էջեր