Արխիւ
Էտինպուրկի համալսարանի գիտնականները ապացուցած են, որ արեան մէջի երկաթի մակարդակը կ՚ազդէ մարդու կեանքի տեւողութեան վրայ։ Միեւնոյն ժամանակ մասնագէտները հաշուի կ՚առնեն նաեւ երկարակեացութեան նկատմամբ ծինային հակուածութիւնն ու մարմնի մէջ երկաթի իւրացման արագութիւնը
Սուրճը ամենատարածուած ըմպելիքներէն մէկն է, սակայն ան ոչ միայն համեղ է ու թարմացնող, այլեւ շատ օգտակար։ Աւստրալացի գիտնականներու հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ այս տարածուած ըմպելիքը խիստ դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ լեարդի վրայ, իսկ կանոնաւոր օգտագործելու պարագային կ՚օգնէ պաշտպանել լեարդը քաղցկեղի զարգացումէն։
Ձիթաիւղը կը համարուի ամենաօգտակար իւղերէն մէկը, որ նաեւ իւրայատուկ համ կը հաղորդէ ուտեստներուն։ Այս մթերքը հարուստ է հակաօքսիտաններով ու ոչ-յագեցած ճարպերով, որոնց շնորհիւ դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ ամբողջ մարմնին վրայ։
Անգլիական աշխարհահռչակ Burberry ապրանքանիշը հրապարակ հանած է հակաժահրային պաշտպանիչ դիմակներու հաւաքածոյ մը՝ իր յայտնի կերպասէն:
Դիմակները պատրաստուած են վերամշակուած նիւթերէ եւ կը բաւարարեն անձնական պաշտպանիչ միջոցառումներու պահանջները:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը գնահատած է Շուէտի ռազմավարութիւնը՝ քորոնաժահրի դէմ պայքարի գծով։ Այսպէս, քորոնաժահրի համավարակի դէմ պայքարելու համար մեղմ սահմանափակումներ բերելու Շուէտի ռազմավարութիւնը երկարաժամկէտ հեռանկարով պէտք է օրինակ ծառայէ միւս պետութիւններու համար:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութենէն մարդոց կոչ կ՚ընեն, թէ պէտք է ապրիլ սորվիլ քորոնաժահրի հետ, այլ ոչ թէ ապաւինիլ պատուաստանիւթերուն։ Այսպէս, քորոնաժահրի նկատմամբ յաղթանակը տեղի կ՚ունենայ ոչ այն պահուն, երբ բնակչութեան համատարած պատուաստում կատարուի, այլ երբ մարդիկ սովորին ապրիլ ժահրին հետ:
Եւրոպան ահազանգ կը հնչեցնէ՝ քորոնաժահրի հնարաւոր երկրորդ ալիքի կապակցութեամբ։ Այսպէս, ներկայիս աշխարհի մէջ գոյութիւն չունի «հիւանդութեան երկրորդ ալիքի» վերաբերեալ միասնական կարծիք։
Euronews հեռուստակայնը սկսաւ հեռարձակուիլ նաեւ վրացերէնով։ Կը հաղորդուի, որ օգոստոսի 31-ի դրութեամբ Վրաստանէ ներս իր հեռարձակման սկսած է Euronews հեռուստաալիքի վրացալեզու ծառայութիւնը։
Արցախի Թալիշ համայնքէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ մտահոգիչ դէպք մը։ Անյայտ անձ մը Մարտակերտի շրջանի Թալիշ համայնքէն ներս հրկիզեց առանձնատուներ, կացարաններ եւ ալրաղաց մը։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Անոնց գայթակղութեան երկրորդ պատճառը այն է, թէ Քրիստոս ըսաւ որ Իր մարմինը մարդոց կերակուր պիտի ըլլայ, իսկ արիւնը՝ ըմպելի, եւ ասիկա իմացան մարմնապէս ուտելու եւ ըմպելու, ըստ որում կերպի՝ կը հալի ու կը տարածուի եւ կ՚ապականի կերակուրը, սակայն Քրիստոսի խօսքը կրնային հասկնալ, [քանի որ] Ան երեք կերպով ըսաւ.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Դէպի Երուսաղէմ իր ճամբուն վրայ, Յիսուս կ՚անցնէր Սամարիայի եւ Գալիլեայի սահմաններէն։ Եւ մինչ գիւղ մը կը մտնէր, իրեն հանդիպեցան տասը բորոտներ, որոնք հեռուն կեցած եւ բարձր ձայնով ըսին.
Սեպտեմբերի 1-ը ամէն տարի Հայաստանի մէջ կը նշուի՝ որպէս Գիտելիքի, գրի եւ դպրութեան օր։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առթիւ հրապարակեց պատգամ մը, որ կը համընկնի նաեւ 2020-2021 վերամուտին։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ-AGBU) այս շրջանին հետամուտ եղած է հետաքրքրական ծրագրի մը՝ «Creative Armenia»ի հետ։ Այս երկու կառոյցները կը նախաձեռնեն «Creative Armenia-AGBU Fellowship» նախագծին, որու պարագային ներկայիս արդէն սկսած են դիմումներ ընդունուիլ 2021 թուականի համար։
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղերէն Հենրիխ Մխիթարեանի փոխանցումը պաշտօնապէս կատարուեցաւ Իտալիոյ «Ռոմա» ակումբին կողմէ։ Մխիթարեան Լոնտոնի «Արսենալ» ակումբէն վարձավճարով տեղափոխուած էր «Ռոմա»։
Լիբանանահայութեան հրատապ կարիքներու դիմագրաւման նպաստելու համար հերթական նախաձեռնութիւն:
Լոս Անճելըսի շրջանէն ներս, Համահայկական խորհուրդը հանգանակուեցաւ շուրջ 1.4 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Հայ արդի գրականութեան յայտնի անուններէն բանաստեղծ Հենրիկ Էդոյեան արդէն 80 տարեկան է, գրականագէտ, բանասէր, փրոֆ. Հենրիկ Էդոյեան շնորհաւորական մը ստացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանէն իր 80-ամեայ յոբելեանին առթիւ։ «Ժամանակի եւ իրականութեան ինքնատիպ ընկալումը ձեր մտածողութեան եւ ստեղծագործութեան առանցքն են։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ ամենաբարձր թիւով քննութիւն։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վիճակագրական վերջին տուեալները։
Հակաօդային պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ վերջին տարիներուն կը նկատուի լուրջ աշխուժութիւն:
Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան. «Հայաստանի բանակը կը պատրաստուի ռազմաօդանաւերու խմբաքանակ մը ձեռք բերել»:
Արեւելեան Միջերկրականի իրադարձութիւնները կը շարունակեն միջազգային բեմահարթակի վրայ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել օրակարգը։ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիան եւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաաս երէկ Յունաստանի եւ Յունական Կիպրոսի համար զօրակցութիւն յայտնեցին եւ զուգահեռաբար ընդգծեցին Թուրքիոյ հետ շինիչ երկխօսութեան մը ցանկութիւնը։
Էսաեան վարժարանի նոր տնօրէնուհիներու նշանակման հարցը միշտ օրակարգի վրայ:
Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը միջնակարգի բաժնի ղեկը կը յանձնէ Անիլտա Մանթօ Մենեքշէի: