Արխիւ

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2020

Հանգուցեալ տուրքի ախոյեան Մաթիլտ Մանուկեանի թողած ժառանգութեան վերաբերեալ տարաձայնութիւնները միշտ կը մնան օրակարգի վրայ։ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այսօր այս ամբողջին վերաբերեալ նոր իրադարձութեան մը արձագանգ հանդիսացած է։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2020

Ազգային պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ ուշ երեկոյեան տեղեկացուց, որ Թուրք զինեալ ուժերը գործողութիւններու ձեռնարկած են Հիւսիսային Իրաքի մէջ։ Թուրքիա՝ միջազգային իրաւունքէ ծագում առած իր ինքնապաշտպանութեան իրաւունքներուն ուղղութեամբ հերթական անգամ գործողութիւն կ՚իրականացնէ ահաբեկչական լծակներու դէմ։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2020

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ հետաքրքրական յայտարարութիւնով մը։ Հարկ է նշել, որ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ օրակարգի վրայ կը գտնուի Այա Սոֆիան որպէս մզկիթ պաշտամունքի վերաբանալու նիւթը։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2020

Պինկէօլի մէջ երէկ տեղի ուենցաւ 5.7 սաստկութեամբ երկրաշարժ մը։ Երեկոյեան ժամերուն պատահած երկրաշարժին հետեւանքով անվտանգութեան պաշտօնեայ մը նահատակուեցաւ։ 18 հոգի վիրաւորուեցաւ։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ Թուրքիա նպատակէն կը շեղի։ Երէկ հրապարակուած վերջին վիճակագրական տուեալներն ալ եկան արդարացնել վերջին օրերու մտահոգիչ հաւանականութիւնները։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2020

Պատրիարքարանը հակազդեց Պետրոս Շիրինօղլուի անարգական արտայայտութեան:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ ընկերային ցանցերով յայտարարութիւն մը ըրաւ յայտնի բարերարին դէմ:

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2020

Պետութեան վնաս հասցնելու մեղադրանքներուն դիմաց Գագիկ Ծառուկեան յայտարարեց, որ իրեն դէմ ձեռնարկուած քայլերը քաղաքական դրդապատճառներ ունին:
Ներքին քաղաքական կեանքը հերթական ցնցումներու գրաւին տակ: Երեւանի կեդրոնին բողոքի ցոյցեր: Ընդդիմադիր շրջանակները ահազանգ կը հնչեցնեն:
«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավարը երէկ շուրջ 8 ժամ հարցաքննուեցաւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ, մինչ իր դղեակէն ներս ալ կատարուեցան խուզարկումներ:

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2020

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Հակառակ կրթական անբարենպաստ տարեշրջանի մը թեւակոխման, հակառակ տնտեսական եւ ճգնաժամի պայմաններուն բերումով մտահոգութիւններու եւ դժուարութիւններու բազմապատկման, հակառակ կրթական ինչպիսի տարեշրջանի մը սպասումին եւ նորութիւններուն, կարելի է ըսել, որ 2020-2021 կրթական տարեշրջանին լիբանանահայ վարժարանները թիւի աճ պիտի արձանագրեն:

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2020

ՎԱԼԵՐԻ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ

Արեւմտահայ ականաւոր մտաւորական՝ հրապարակախօս, բանասէր, պատմաբան, մանկավարժ, գրող, թարգմանիչ, հրատարակիչ Մատթէոս Մամուրեան (1830-1901) ունեցած է նաեւ կառավարչական աշխատանքի հարուստ փորձ՝ որպէս Պոլսոյ Հայոց Հատրիարքարանի դիւանապետ, Մեսրոպեան վարժարանի տեսուչ։ Անոր տեսական ծաւալուն ժառանգութեան մէջ կը յայտնաբերենք հանրային կառավարման հիմնախնդիրներու խորունկ եւ արդիական վերլուծութիւն։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Կրնա՞ր Հայաստանը շրջանցել այս նոր տագնապը։ Կրնայի՞ն Հայաստանի քաղաքական վերնախաւի ներկայացուցիչները եւ աւելի յստակ կերպով ըսած՝ քաղաքական խաղը «բացողներ»ը հեռու մնալ այս արկածախնդրութենէն։ Պատասխանս՝ այո կրնային, բայց չուզեցին։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2020

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին վաղը պիտի նշէ Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը։ Այս առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի պիտի ունենայ կարեւոր իրադարձութիւն մը։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2020

Գրեց՝ ՍՏԵՓԱՆ ՇԱՀՊԱԶ

Իր կենդանութեան ատեն, դպրոցական հանդէսներուն թէ մշակութային բոլոր հաւաքոյթներուն մէջ՝ Վահան Թէքէեան ամենէն ստէպ արտասանուած բանաստեղծներէն մին եղաւ: Զարմանալի չէր այս. իր արուեստին հետ իր քերթուածներուն նիւթը հայոց սիրտին կը խօսի:

Շաբաթ, Յունիս 13, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Կու գան ու կ՚երթան», կ՚ըսէ Աշուղ Ջիվանի (Լեւոնեան Սերոբ Ստեփանի, 1846-1909) եւ կարծես թարգման կ՚ըլլայ մարդոց նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու մէջ ապրած օրերուն, անոնց զգացումներուն, յոյսերուն եւ ակնկալութիւններուն։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2020

Հեծելարշաւի միջազգային դաշնակցութիւնը մտադիր է յառաջիկայ օգոստոսի 1-ին սկսիլ մրցաշրջանին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը գրէ Հեծելարշաւի միջազգային դաշնակցութեան մամոյ ծառայութիւնը:

Շաբաթ, Յունիս 13, 2020

Հայաստանի ճատրակի դաշնակցութիւնը յառաջիկայ 17 յունիսին Երեւանի ժամով 13.00-ին, «lichess.org» կայքին վրայ կը կազմակերպէ Տիգրան Պետրոսեանի ծննդեան նուիրուած առցանց մրցաշարք մը:

Շաբաթ, Յունիս 13, 2020

Ամերիկահայ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանի կողմէ անցեալ 24 ապրիլին կատարուած յայտարարութիւնները հետաքրքրական արձագանգ ստեղծեցին Թուրքիոյ մէջ։ Այսպէս, ինչպէս հաղորդած էինք, ընկերային ցանցերու «աստղ» Մուրատ Էօվիւչ հանդէս եկած էր յայտարարութիւններով, որոնք Քիմ Քարտաշեանին հակազդելու կամ պատասխանելու հանգամանքէ անդին՝ ատելութեան արտայայտութիւններ էին ամբողջ հայ ժողովուրդի դէմ։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հերթական անգամ հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 41 հազար 13 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1195 նոր վարակեալ։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան վերջին օրերուն երկրի խորհրդարանէն ներս լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն։ Զօհրապ Մնացականեան Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս անցեալ տարուան պիւտճէի կատարողականին վերաբերեալ երեսփոխաններու հետ քննարկումի մը մասնակցեցաւ։ Այդ նիստէն վերջ ան զրուցեց նաեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2020

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Ես սեւ եմ, բայց գեղեցիկ» (ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ 1: 5): Ինչո՞ւ «ԲԱՅՑ» եւ ոչ թէ «ԵՒ»: Անցնինք:

Շաբաթ, Յունիս 13, 2020

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ոստիկաններու բռնամիջոցին զոհ գացած Ճորճ Ֆլոյտի անունը վերածուեցաւ խորհրդանիշի: Թէեւ անոր կեանքի անախորժ պատահարներուն տոպրակը պեղողներ եղան՝ յիշեցնելով, որ ան նաեւ բանտ նստած մարդ էր, սակայն, սպանութեան պայմանները աչքի առջեւ ունենալով, ան վերածուեցաւ հերոսի, անոր մահուան դէպքին մէջ խտացան ոստիկանական նմանօրինակ բրտութիւններու զոհ գացողներու անուններն ու պատմութիւնները, եւ պայթեցուցին ցեղային խտրականութեան դէմ բողոքի «կորիզային ռումբ» մը, որուն շողավարակ ազդեցութիւնը տարածուեցաւ աշխարհով մէկ:

Էջեր