Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կու գան ու կ՚երթան», կ՚ըսէ Աշուղ Ջիվանի (Լեւոնեան Սերոբ Ստեփանի, 1846-1909) եւ կարծես թարգման կ՚ըլլայ մարդոց նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու մէջ ապրած օրերուն, անոնց զգացումներուն, յոյսերուն եւ ակնկալութիւններուն։
Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներէն ներս նախարարներու համաժողով մը տեղի ունեցաւ տեսաքոնֆերանսի ձեւաչափով:
Մնացականեան. «Համաճարակի ժամանակ ականատես կ՚ըլլանք լայնածաւալ զօրավարժութիւններու եւ Հայաստանին ուղղուած անթաքոյց պատերազմական սպառնալիքներու։ Այս գործողութիւնները ունին սադրիչ բնոյթ եւ չեն նպաստեր լարուածութեան նուազեցման։ Հակամարտութիւններու հարցին անդրադառնալու ատեն անհրաժեշտ է տարբերակումը»:
Քաղաքամայր Երեւան կայծակի լոյսերու ներքեւ…
Լոյսը միշտ ունի իր հրապոյրը… Ան ո՛չ միայն կը բացայայտէ ու կը մերկացնէ ամէն ինչ, նաեւ հմայք մը կու տայ՝ իր սփռուածին։ Լոյսը մշտական է՝ արեւով կամ կրակով։ Հապա՞ շանթը… Մութին, խաւարին մէջ յանկարծ լուսաւորութիւն՝ ակնթարթի մը համար։
ԵՐԱՄ
Առաւօտուայ գարնանային արեւը զարկաւ Զանայի ճակտին, ահա իջաւ աչքերուն ու բացաւ զանոնք։ Շարժեց գլուխը Զանան, աչքերն ազատել փորձեց պատին բացուած քառակուսի լուսամուտէն ներս ինկող շողերէն։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեկոյ է: Բնութեան այս ժամերու անբարբառ մեղեդին ունկնդրելու պահը: Վերջալոյսի մը ականատեսը ըլլալու պահը:
Վերջալոյս, ուր վերջ կը գտնէ օր մը, մութ շղարշով կը պատուի եւ որպէս ապրուած օրուան մը հաւաստիք կը դրոշմուին պահերը անհատին անցեալի տետրէն էջ մըն ալ լեցնելով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամէն մարդ իր կեանքի ընթացքին ունեցած է երիտասարդութեան շրջան մը։ Ոմանք ներկայիս կ՚ապրին այդ երիտասարդութեան շրջանը եւ չեն խորհիր իսկ որ պիտի գայ օր մը՝ երբ իրենց երիտասարդութիւնը պիտի մնայ անցեալի մէջ եւ պիտի ըսեն. «Օր մը ես ալ երիտասարդ էի…»։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արցախի ղեկավարի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս հեռախօսազրոյցը։
Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ երէկ այցելեց մայրաքաղաք Անգարա, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութենէն ստացած հրաւէրին ընդառաջ։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, յետմիջօրէի ժամերուն Սիմոն Չեքէմ ընդունուեցաւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Պուրհան Էրսոյի կողմէ։
Իտալիոյ մէջ սկսած են տուներ վաճառել 1 եւրոյով։ Իտալիայի Քալապրիա մարզի Չինքուէֆրոնթի քաղաքին մէջ սկսած են ծրագիրի մը, որով հնարաւոր է բնակարան մը գնել 1 եւրոյով:
Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի Էյֆելի աշտարակը այցելուներու համար կը բացուի յունիսի 25-ին։ Քորոնաժահրի համաճարակի պատճառով մարտ ամսուայ կէսերուն փակուած էր Էյֆելի աշտարակը, որ իր առաջին այցելուները կը սկսի ընդունիլ յունիսի 25-ին։
19-րդ դարու մեծ արձակագիրներէն, Վիքթորեան շրջանի անգլիացի նշանաւոր գրող, վիպասան Չարլզ Տիքընս ծնաւ 7 փետրուար 1812 թուականին՝ Փորթսմուտի մէջ։ Ան Ճոն Տիքընսի եւ Էլիզապէթ Տիքընսի 8 զաւակներէն երկրորդն է։
Յայտնի բանասէր, գրագէտ հրապարակագիր եւ պատմաբան Արշակ Ալպօյաճեան ծնած է 17 յունիս 1879 թուականին, Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պէրպէրեան վարժարանին մէջ։
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ, Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց հերթական վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 49 հազար 190 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 987 նոր վարակեալ։
«Հիւանդանոց փոխադրուելու կարիք ունեցող մարդոց խնդիրը ամէն օր քիչ մը աւելի կը փոքրանայ»։
Հայաստանի մէջ համաճարակի մասին տուեալները կրկին կայունացման սկզբնական ցուցանիշներ կը ցոլացնեն։ Ըստ Փաշինեանի՝ կայունացման շնորհիւ առկայ մարտահրաւէրները աւելի տանելի կը դառնան երկրի առողջապահական համակարգին համար։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները կանգ առին տարածքաշրջանային իրադարձութիւններու վրայ՝ առաջնահերթօրէն անդրադառնալով Լիպիոյ եւ Իտլիպի կացութեան։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ մասնակցեցաւ «ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 75-ամեակ. Բազմակողմանիութիւնը մասնատուած աշխարհի մէջ» խորագրեալ բարձր մակարդակի առցանց ֆորումին։ Տեսաքոնֆերանսի ձեւաչափով այս հաւաքը կազմակերպուած էր ՄԱԿ-ի Աւագներու խորհուրդի, կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի 75-ամեակի հարցերով խորհրդականի գրասենեակի եւ Փոքր պետութիւններու ֆորումի շրջանային նախագահ՝ Սինկափուրի համատեղ նախաձեռնութեամբ։
Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի ծաւալումը ներկայ պայմաններով նկատելիօրէն նուազած՝ Իսթանպուլի եւ Իզմիրի նման քաղաքներէ ներս։
Նոր վարակեալներու տարիքի միջինը 36-ի իջած է։ Արտասահմանէ վերադառնալիք բոլոր քաղաքացիները պիտի ենթարկուին առողջապահութեան քննութեան։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Վերջերս Հայաստանի մէջ քաղաքական օրակարգը ստացած է նոր թափ։ Ամէն մարդ կը խօսի քաղաքականութենէ, մեկնաբնութիւններ կ՚ընէ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Տասն օրէ ի վեր ամառ է: Շատերուն կողմէ սպասուած ամառը այս տարի շատ անշուք, տխուր եւ անգոյն մտաւ մեր կեանքը: Բոլոր պատկերները խամրած են:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
2019-ին ամբողջացաւ հայ ժողովուրդի մեծագոյն զաւակներէն մէկուն՝ Կոմիտաս Վարդապետին ծննդեան 150-ամեակը: Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ տարբեր ու բազմաթիւ ձեռնարկներով ու ծրագիրներով նշուեցաւ Մեծ Վարպետին ծննդեան 150-ամեակը: