Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը խորհրդածենք համբերութեան մասին, քանի որ ան շատ անգամ կը պակսի, մինչդեռ անիկա է նեղութիւններու ճշմարիտ հակաթոյնը։ Նեղութեան մէջ գտնուող մէկու մը համբերատար ըլլալ կը յանձնարարուի։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Խօսակիցս՝ Եուճին Էքմէքճին է, հալէպահայ համայնքային այն գործիչներէն, որ Սուրիոյ պատերազմի ամենաթէժ օրերուն չհեռացաւ իր ծննդավայր՝ Հալէպէն։
Հարցազրոյցին ընդմէջէն խօսակիցս փորձեց ներկայացնել Հալէպի այսօրուան իրավիճակը՝ միշտ շեշտը դնելով այդ պատամկերտ քաղաքի վերանորոգման մեծ յոյսերուն վրայ։
Գումգաբուի մէջ երէկ երեկոյեան յատկանշական ու շատ որակեալ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ՝ ի յիշատակ Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի։ «Karanlık İşler» խումբին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը։ Նուրի Քայայի կողմէ գլխաւորուած այս խումբը ցայսօր զանազան վայրերու մէջ «Մուս մութ» ութ համերգ կազմակերպած էր ի յիշատակ Կոմիտաս Վարդապետի։
Թուրքիոյ պաշտօնական կառոյցներու օսմաներէն փաստաթուղթերը պիտի համախմբուին նոյն երդիքին տակ:
Պետական արխիւներէն ներս պատրաստութիւններ պատմական տուեալները սկզբնաղբիւրէն տրամադրելու համար:
Թուրքիոյ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի մահուան 81-րդ տարելիցն է այսօր։ Բովանդակ Թուրքիան Մեծն Աթաթիւրքը կ՚ոգեկոչէ՝ երախտագիտութեամբ եւ իր թողած աւանդին տէր կանգնելու գիտակցութեամբ։ Թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան մէջ ան կը վերյիշուի մասնաւոր արարողութիւններով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աշխարհահռչակ գծագրիչ Pablo Picasso (1881-1973), որուն իսկական անունն է՝ Pablo Diego José Francisco de Paula Juan Nepomuceno Maria de los Remedios Cipriano de la Santisima Trinidad Ruiz y Picasso, օր մը ճաշարան մը կ՚երթայ, կ՚ապսպրէ իր ճաշը, եւ ճիշդ այդ պահուն սպասեակը կը ճանչնայ զինք եւ կը յայտնէ իր հիացումը եւ համակրանքը նշանաւոր գծագրիչին։
ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ
Հաւանաբար մարդկային պատմութեան ամենամեծ իմաստասէրներէն մէկն է Արիստոտելը:
Ծնած է Ք.Ա. 384 թուականին, հիւսիւսային Յունաստանի մէջ:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ
Այլեւս աւելի քան հրատապ դարձած է բնապահպանութիւնը եւ կլիմայի փոփոխութեան դէմ կենսական պայքարը:
ԿՈՉՆԱԿ ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ
ԻԱ. դարուն՝ մարդկութիւնը կ՚անցնի այնպիսի ալիքներէ, որ նոյնիսկ ան չի գիտեր ալիքներուն մեծամասնութեան ծագումը:
Պատրիարքարանէն կը տեղեկացնեն մեզի.-
Վանայ լճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ պատմական եկեղեցւոյ մասին լուսանկարներու ցուցահանդէսը վերջերս հանդիսաւորապէս բացուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ։
Հայաստանի Ազգային գրադարանէն ներս անմոռանալի վարպետը ոգեկոչուեցաւ ձեռնարկով մը:
«Համազգային»ի թատրոնի դերասանները ներկայացուցին Սօս Սարգսեանի «Ոտնամատերս» ստեղծագործութիւնը:
«Փարոս» հրատարակչութիւնը վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է գիրք մը՝ բնագէտ Յովհաննէս Մանիսաճեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին։ Այս գիրքին շնորհանդէսը նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի «Սիսմանոկլիա» մշակոյթի կեդրոնին մէջ։
Նախարարներու ժողով. «Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան նոր քաղաքական տեսլականը»:
Զօհրապ Մնացականեան. «Ինչպէ՛ս միասնաբար պիտի նպաստենք ընդհանուր տան գաղափարին. սա է ամենակարեւորը»:
Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութիւնը նախընթաց օր կազմակերպեց յատկանշական ձեռնարկ մը, որուն մասնակցութիւն բերին մեր զանազան թաղերէն համակիր կանայք։ Ատենապետուհի Սեդա Պեշիկթաշլեանի կողմէ գլխաւորուած ծնողաց միութիւնը հսկայ՝ շուրջ 250 հոգիէ բաղկացեալ խումբ մը առաջնորդեց Գումգաբու։
ԵՐԱՄ
Շրջիկներն են մեր թաղի...
Գիշերային մառախուղին հետ՝ ձմրան, կամ ամառնային զեփիւռին զուգահեռ, մէկ առ մէկ, կամ խմբով, կը յայտնուին այս կամ այն անկիւնէն։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Նոր հիւր մը ունիմ:
Հիւր մը, որուն միայն արտաքնապէս ծանօթ էի՝ անուն, ծննդեան թուական, վայր... շատո՜նց որոշած էի աւելի մօտ հաղորդակցութեան մտնել իրեն հետ ու սերտանալ, ճանչնալ, ինքնութեան ու կոչումին ծանօթանալ, սորվիլ իրմէ, շնչել ոչ այդքան հին բոյրը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ յաճախ կը փորձուի առանց Աստուծոյ Խօսքը կարդալու աղօթել։ Սակայն պէտք է Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութեան հիման վրայ աղօթել։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ժամանակը ամենաթանկագին պարգե՛ւն է Աստուծոյ։ Եւ մարդ ո՜րքան ժամանակ կը կորսնցնէ իր կեանքի ընթացքին։ Ընդհանրապէս կ՚ըսուի թէ ժամանակը արտադրող եւ թէ առատ արտադրող միջոց մըն է, մանաւանդ իր տուած դասերով եւ փորձառութիւններով։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Շատերուն համար զարմանալի պիտի թուի, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը շատ մը պարագաներու ունեցաւ իր դրական դերակատարութիւնը։
Խօսքը մանաւանդ լիբանանահայ գաղութի ապրած զարթօնքին մասին է, որուն դրական ոգին ցարդ կը շարունակէ թեւածել ամերիկեան ծայրամասերու վրայ։
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ է իմատը Գիրքին ըսածին. «Շատ արդար մի՛ ըլլար»:
Պատասխան. Գիրքին ըսածը՝ «խիստ շատ արդար մի՛ ըլլար: