ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից յիշատակութեան տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Քահանայից տօնին առթիւ տեղի ունեցած արարողութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որու շուրջ համախմբուած էին 230 եկեղեցականներ։

Օրուան տօնին առթիւ Վաղարշապատ քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Խորէն Քհնյ. Մարուքեանի, որ խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։

Ս. Պատարագէն վերջ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ քահանայից հաւաք, որու ժամանակ կատարուեցաւ նաեւ պարգեւաբաշխում։ Այս առթիւ ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան, որ այս հաւաքի կազմակերպիչ յանձնախումբի պատասխանատուն էր։ Հաւաքի ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ աւանդական շնորհաբաշխութիւն։ Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս երկարամեայ վաստակի, նուիրեալ եւ արդիւնաւէտ հովուական ծառայութեան համար գնահատանքի արժանացան շարք մը եկեղեցականներ, որոնց շնորհուեցաւ աւագ քահանայութեան պատիւ, ծաղկեայ փիլոն եւ լանջախաչ կրելու իրաւունք։ Այս տարի աւագութեան պատուին արժանացաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պաշտօնավարող երեք արժէքաւոր հոգեւորական՝ տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան, Կաթողիկոսական գործավարներէն Տ. Ադամ Քհնյ. Մակարեան, Տ. Խորէն Քհնյ. Կիրակոսեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի հայոց թեմէն Տ. Տիրայր Քհնյ. Քըլըճեան։

Շնորհաբաշխութեան աւարտին Վեհափառ Հայրապետը հանդէս եկաւ օրհնութեան խօսքով մը։ Իր հայրապետական պատգամը փոխանցելու ժամանակ ան կանգ առաւ եկեղեցականներու ծառայութեան ոգիին ու կոչումի գիտակցութեան վրայ։ Նորին Սրբութեան խօսքով՝ Ղեւոնդեանները պատմական իրողութենէն վերածուած են խորհուրդի։ Այսօր «Ղեւոնդեանք» ըսելով կը հասկնանք դարերու ընթացքին գործած ու ծառայած, այսօր եւս պաշտօնավարող եկեղեցականները։ «Բոլոր ժամանակներուն՝ թէ՛ ազգային կեանքի վերելքի շրջաններուն եւ թէ մեր ժողովուրդի դժուարին փորձութիւններու պահերուն, մեր հոգեւոր հայրերը եկեղեցականին արժանի բարձրութեան վրայ գտնուած են», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հաւաքոյթի ընթացքին։ Հայաստանի տեսակէտէ առկայ ծանր պայմաններուն ներքեւ ան կարեւորեց եկեղեցականներու առաքելութիւնը՝ ժողովուրդը արիութեամբ գօտեպնդելու համար, որպէսզի Քրիստոսի նկատմամբ հաւատքով ազգը մերժէ վախն ու յուսահատութիւնը, ժողովուրդը կարողանայ յաղաթահարել կորուստի ցաւն ու տրտմութիւնը եւ յոյսով, հաւատով ու լաւատեսութեամբ լեցուի ապագայի նկատմամբ։

«Այսօր ես կ՚ուզեմ նաեւ իմ յորդորն ու պատգամը բերել ձեր բոլորին, որպէսզի շարունակէք ձեր ծառայութիւնը նոյն բարձր գիտակցութեամբ ու պատասխանատուութեամբ, նոյն արի ոգիով եւ յանձնառութեամբ։ Դժուարին ժամանակներու մէջ ենք, բազում փորձութիւններ ծառացած են մեր ժողովուրդին առջեւ եւ այս ժամանակներուն կարեւոր դերակատարութիւն վերապահուած է մեր եկեղեցւոյ եւ մեր եկեղեցականութեան։ Պիտի կարողանանք դժուարին այս իրավիճակէն դուրս գալ, եթէ քաջութեամբ ու արիութեամբ իրականացնենք մեր առաքելութիւնը՝ իբրեւ եկեղեցի եւ իբրեւ եկեղեցականութիւն։ Մենք պիտի կարողանանք ճիշդ պատգամներ բերել մեր ժողովուրդին, ապահովել ճիշդ առաջնորդութիւն։ Պիտի կարողանանք արիութեամբ սաստել սխալը, վատը, չարը, անօրէնը եւ քաջալերել, խրախուսել եւ գնահատանքի ու մեծարանքի արժանացնել բարին, արդարը, ազնիւը, ճշմարիտը, հայրենանուէրը, ազգաշէնն ու աստուածօրհնեալը։ Միայն այսպէս կը կարողանանք այս ծանր իրավիճակէն դուրս բերել մեր ժողովուրդն ու մեր երկիրը», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը՝ կարեւոր նկատելով, որ հայ եկեղեցականը չտարուի ժամանակի հողմերէն, այլ անոր հայեացքը միշտ ուղղուած ըլլայ դէպի յաւերժի ընթացքը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2021