ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ կէս գիշերին Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան միջոցաւ Ամանորի իր պատգամը փոխանցեց համայն հայութեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։
Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ ի Հայրենիս եւ ի Սփիւռս,
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն տարեմուտի սեմին ձեզի կը բերենք Հայրապետական Մեր սէրն ու օրհնութիւնը։
Գոհաբանական մաղթանքով, նոր յոյսերով ու ակնկալութիւններով հրաժեշտ կու տանք 2015 թուականին։ Անցնող տարին մեզի համար նուիրական եղաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչումով։ Հայրենի պետութեան, մեր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի ջանքերով աշխարհի բոլոր կողմերուն կազմակերպուեցան յիշատակի միջոցառումներ։ Ծիծեռնակաբերդի մէջ հրապարակուեցաւ մեր արդար դատին հետամուտ ըլլալու եւ զայն յաղթանակի առաջնորդելու ուղղեալ «Համահայկական հռչակագիրը»։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կատարեցինք հաւատքի եւ հայրենիքի համար մարտիրոսութեան պսակն ընդունած մեր նահատակներու Սրբադասումը եւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը։ Յիշատակի միջոցառումները հոգեւոր նոր ուժ ու կորով բերին մեր կեանքին՝ առիթ դառնալով ազգային համախմբման, մեր սրտերուն մէջ հաւատքի ու հայրենեաց սիրոյ զօրացման, ամրապնդելով արդարութեան հասնելու վստահութիւնը մեր ժողովուրդին։
Անցեալ տարի արձանագրուած յաջողութիւններուն եւ ձեռքբերումներուն հետ ունեցանք նաեւ դժուարութիւններ ու հոգեր, նաեւ՝ անհանգստութիւններ ու ցաւալի կորուստներ։ Մեր ժողովուրդը արժանապատուօրէն, արիասիրտ, միաւորեալ ջանքերով դիմակայեց բոլոր մարտահրաւէրները, պաշտպանեց հայրենի երկրի սահմանները, մեր կեանքի խաղաղութիւնը եւ թանկ գնով ձեռք բերուած նուաճումները։ Միասնականութեան այս ոգիով սիրելիներ, եւ լաւատեսութեամբ դիմաւորենք Նոր տարին։ 2016 թուականին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ պիտի տօնախմբենք մեր անկախ պետականութեան վերականգնման 25-րդ տարեդարձը։ Ազգի եւ պետութեան հզօրութեան նախանձախնդրութեամբ Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ իրարու աջակից՝ ամէն կարելիութիւն ներդնենք շէնացնելու մեր երկիրը, բարօր դարձնելու մեր կեանքը եւ լուսաւոր՝ մեր ապագան։
Տարեմուտի այս երեկոյեան, Սուրբ Ծննդեան նախասեմին առատացնենք մեր աղօթքը աշխարհի, մեր երկրի ու ժողովուրդի խաղաղ ու ապահով կեանքին համար։ Յիշենք կարօտեալները, նեղեալները, հիւանդներն ու վշտացեալները, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պատերազմական փորձութիւնները կրող մեր եղբայրներն ու քոյրերը եւ մեր երկրի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ապրող մեր ժողովուրդի զաւակները՝ մեկնելով անոնց սատարումի եւ աջակցութեան մեր ձեռքը։ Աղօթք բարձրացնենք մարտերու մէջ հերոսաբար զոհուած մեր որդիներուն, մեր երկրի սահմանները անձնուիրումով պաշտպանող քաջարի մեր բանակի զինուորներուն եւ հրամանատարներուն համար։
Առ Աստուած աղօթքով կը հայցենք նոր ձեռքբերումներ հայրենի իշխանութիւններուն, մեր Եկեղեցւոյ սպասաւորներուն, մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն։ Ապահովութիւն՝ ընտանիքներուն, պանծալի եւ բարի ծառայութիւն՝ մեր բանակի մարտիկներուն, երկնային շնորհ եւ սէր՝ մեր մանուկ ու երիտասարդ զաւակներուն, օրհնութիւն՝ համայն հայոց կեանքին։
Շնորհաւոր Նոր տարի։ Բարի եւ օրհնեալ տարի։