ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՇՆՈՐՀ

Գում­գա­բուի Սուրբ Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ այս ա­ռա­ւօտ տե­ղի ու­նե­ցաւ յատ­կան­շա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն մը։ Շա­բա­թա­վեր­ջին, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին ձե­ռամբ օրհ­նուած Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նը հան­դի­սա­ւո­րա­պէս վե­րա­բե­րուե­ցաւ քա­ղաքս։ Սա ան­շուշտ աս­տուա­ծա­յին շնորհ մը կը հա­մա­րուի մեր հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին տե­սա­կէ­տէ։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ մաս­նակ­ցե­ցաւ Միւ­ռո­նօհ­նու­թեան, քա­ղաքս վե­րա­դար­ձին հան­դի­սա­ւո­րա­պէս մուտք գոր­ծեց Մայր ե­կե­ղե­ցի, իր կող­քին ու­նե­նա­լով Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նը, որ եւս ներ­կայ գտնուե­ցաւ Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան։ Թա­փօ­րի ա­մե­նէն առ­ջե­ւէն կը քա­լէր դար­ձեալ Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան մաս­նա­կից Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան, որ կը կրէր նո­րօրհ­նեալ Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի սրուա­կը՝ ծած­կուած սպի­տակ շղար­շով մը։ Հարկ է նշել, որ այդ սրուա­կը Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին կող­մէ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նին յանձ­նուած էր նա­խըն­թաց օր՝ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած միւ­ռո­նա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին։

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի վե­ղա­րա­ւոր հայ­րե­րը եւ մեր քա­հա­նա­յից դա­սուն ան­դամ­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան «Հրա­շա­փառ»ի ա­րա­րո­ղու­թեան, ո­րու ըն­թաց­քին զգա­լի էր հո­գե­ւոր հրճուան­քի մթնո­լորտ։ Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի սրուա­կը թո­ղուե­ցաւ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ Ա­ւագ Խո­րա­նին վրայ զե­տե­ղուած մաս­նա­ւոր սե­ղա­նի մը վրայ, ո­րու առ­ջեւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը բե­րին ի­րենց խո­նար­հու­մը եւ կա­տա­րե­ցին ուխ­տի ա­ղօթ­քը։ Հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին ա­ռըն­թեր, հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­ներ եւս ներ­կայ գտնուե­ցան այս խորհր­դան­շա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան, ո­րու ըն­թաց­քին հա­կիրճ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ նո­րօրհ­նեալ Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նով ջրօրհ­նէ­քի կարգ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2015