ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Թաքսիմի «Ինթերքոնթինենթըլ» պանդոկին մէջ մասնակցեցաւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքի տանտիրութեամբ սարքուած պաշտօնական ընդունելութեան։ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցին, ըստ աւանդութեան, Ս. Անդրէաս առաքեալի յիշատակի օրուան զուգահեռ կը նշէ Պոլսոյ Յունաց Պատրիարքութեան հիմնադրութեան տօնը։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս առթիւ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ յղեց շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ։ Նորին սրբազնութեան ընկերացաւ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։

Ընդունելութեան ներկայ էր հրաւիրեալներու ընտրանի բազմութիւն մը, ինչպէս նաեւ Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017