ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԱՄՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հայրապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ իր կեցութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ կ՚ունենայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերարներուն հետ՝ քննարկելու համար զանազան ծրագրեր։   

Չորեքշաբթի, Յունուար 10, 2018