ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԱՄՆ-ԷՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՀԻՒՐԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգէն Սան Խոսէի պետական համալսարանի պատուիրակութիւնը։ Խումբի գլուխը կը գտնուէր համալսարանի վերատեսուչ Մարի Փափազեան։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ  Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանի վերատեսուչ Փրոֆ. Ռուբէն Միրզախանեան։

Զրոյցի ընթացքին Ռուբէն Միրզախանեան Նորին Սրբութեան ներկայացուց երկու կրթական հաստատութիւններու միջեւ հիմքերը դրուած համագործակցութեան, ինչ որ նոր հնարաւորութիւններ պիտի ընձեռէ ուսանողներուն։

Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետը օրհնութիւնը բերաւ երկու համալսարաններու նախաձեռնութեան։ Ան յոյս յայտնեց, թէ համատեղ աշխատանքը կ՚ըլլայ արդիւնաւէտ եւ կը նպաստէ երիտասարդ սերունդներու կրթութեան։ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց, որ հայ ընտանիքներէ ներս ուսումն ու կրթութիւնը մշտապէս մեծ ուշադրութեան առարկայ դարձած են, ինչ որ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս։

Հանդիպման ընթաքին Մարի Փափազեանն ալ կարեւոր համարեց երկու համալսարաններու միջեւ յարաբերութիւններու խորացումն ու զարգացումը։

Բաց աստի, Վեհափառ Հայրապետը հիւրերուն տեղեկութիւններ փոխանցեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ գործող կրթական հաստատութիւններու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ հոգեւոր-կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններէ ներս ապագայ եկեղեցականներու պատրաստութեան մասին։

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։

Հինգշաբթի, Մայիս 10, 2018