ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ սկսաւ Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու  հա­մաշ­խար­հա­յին խոր­հուր­դի (ԵՀԽ) Գոր­ծա­դիր կո­մի­տէի հեր­թա­կան նիս­տը։ Հնգօ­րեայ այս նիս­տը ո­րո­շուե­ցաւ կազ­մա­կեր­պել Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ Մեծ ե­ղեռ­նի 100-րդ տա­րե­լի­ցի, ինչ­պէս նաեւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի հա­մա­նա­խա­գա­հու­թեան ա­ռի­թով։

Նիս­տը բա­ցուե­ցաւ ա­ղօթ­քով։ Ըն­թեր­ցուե­ցաւ Նա­րե­կա­ցիի Ա­ղօ­թա­մա­տեա­նէն հա­տուած մը, ա­պա նիս­տի մաս­նա­կից­նե­րը լռու­թեան վայր­կեա­նով յար­գե­ցին ան­մեղ զո­հե­րու յի­շա­տա­կը։

Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ ԵՀԽ-ի Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ա­տե­նա­պետ­նե­րը՝ Տքթ. Ակ­նէս Ա­պում եւ Սա­սի­մա­յի մետ­րա­պո­լիտ Փրոֆ. Կե­նա­տիոս։

Ա­պա ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն իր օրհ­նու­թիւնն ու պատ­գա­մը տուաւ Հա­յոց Հայ­րա­պե­տը։ Գո­հու­նա­կու­թեամբ ող­ջու­նե­լով ԵՀԽ-ի Գոր­ծա­դիր կո­մի­տէի հան­դիպ­ման շրջագ­ծով ե­կե­ղե­ցի­նե­րու շուրջ քա­ռա­սուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, ան նշեց, թէ Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ 2015-ը նուի­րա­կան է 100-րդ տա­րե­լի­ցի ո­գե­կոչ­մամբ։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ա­պա յայտ­նեց, թէ մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը խթա­նե­լու հա­մար երբ այս ժո­ղո­վը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ, բազ­մա­թիւ քրիս­տո­նեա­ներ, յատ­կա­պէս Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քէ ներս, ի­րենց կեան­քը կը վճա­րեն հա­ւատ­քի հա­մար։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նեց ԵՀԽ-ին եւ գլխա­ւոր քար­տու­ղար Տքթ. Օ­լաւ Թուայ­թին՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ ե­կե­ղե­ցիին մշտա­պէս ցու­ցա­բե­րուող ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար։

Իր խօս­քին մէջ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ա­ռանձ­նա­ցուց քրիս­տո­նեա­նե­րու կեան­քէն ներս յա­ճախ տեղ գտնող տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը, կա­րե­ւո­րեց մարդ­կու­թիւ­նը յու­զող հիմ­նախն­դիր­նե­րու վե­րա­բե­րեալ քրիս­տո­նեայ աշ­խար­հի միաս­նա­կան դիր­քո­րո­շու­մը եւ մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։

Հուսկ Հա­յոց Հայ­րա­պե­տը վերս­տին ող­ջու­նեց ԵՀԽ-ի Գոր­ծա­դիր կո­մի­տէի նիս­տի գու­մա­րու­մը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ եւ մաղ­թեց, որ Աստուած ար­դիւ­նա­ւոր աշ­խա­տանք պար­գե­ւէ ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն։

Ա­պա օ­րա­կար­գի հաս­տա­տու­մէն ետք նիս­տի մաս­նա­կից­նե­րուն կա­ռոյ­ցի գոր­ծու­նէու­թեան տե­ղե­կա­գի­րը ներ­կա­յա­ցուց Տքթ. Օ­լաւ Թուայթ։

Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն ժո­ղո­վա­կան­նե­րը կը քննար­կեն մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը խթա­նող հար­ցե­րը, կ՚անդ­րա­դառ­նան աղ­քա­տու­թեան, պա­տե­րազմ­նե­րու, կլի­մա­յի փո­փո­խու­թեան եւ յատ­կա­պէս Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ յա­նուն հա­ւատ­քի ի­րենց կեան­քը տուող քրիս­տո­նեա­նե­րու հիմ­նախն­դիր­նե­րուն ե­ւայլն։

Ժո­ղո­վի բաց­ման ներ­կայ էին նաեւ Մայր Ա­թո­ռի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թեանց եւ ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան, ԵՀԽ-ի Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ե­լեւմ­տա­կան յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ Տ. Վի­գէն Արք. Այ­գա­զեան, Մայր Ա­թո­ռի Մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու Տ. Յո­վա­կիմ Եպսկ. Մա­նու­կեան, Վար­չա-տնտե­սա­կան բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Մու­շեղ Եպսկ. Պա­պա­յեան եւ Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կեդ­րո­նի փոխ-տնօ­րէն Տ. Գա­րե­գին Ա­բե­ղայ Համ­բար­ձու­մեան։

Միւս կող­մէ, ե­րէկ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ըն­դու­նեց նիս­տի ան­դամ­նե­րը։ Յա­նուն ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը ող­ջու­նեց եւ բա­րե­մաղ­թանք­ներ փո­խան­ցեց Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի փոխ-ա­տե­նա­պետ մետ­րա­պո­լիտ Կե­նա­տիոս՝ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ցու­ցա­բե­րուած հիւ­րըն­կա­լու­թեան հա­մար։ Ա­պա ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը, որ ներ­կա­յաց­նե­լով մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան ո­լոր­տէ ներս Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րուած ար­դիւ­նա­ւէտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը՝ նշեց, թէ այդ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը մի­տուած է ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մի­ջեւ եղ­բայ­րա­կան կա­պե­րու զօ­րաց­ման ու ա­ւե­լի ջեր­մաց­ման։ Ի պա­տաս­խան ի­րեն ուղ­ղեալ հար­ցում­նե­րուն, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը պատ­մա­կան ակ­նար­կով մը ներ­կա­յա­ցուց Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ան­ցած դժուա­րին ու­ղին, անդ­րա­դար­ձաւ Մեծ ե­ղեռ­նի տա­րի­նե­րուն կրած մեծ կո­րուստ­նե­րուն, խօ­սե­ցաւ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քե­լու­թեան, առ­կայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն ու յատ­կա­պէս ե­կե­ղե­ցա­շի­նու­թեան, հո­գե­ւոր-մշա­կու­թա­յին, կրթա­կան եւ  ըն­կե­րա­յին ո­լորտ­նե­րէ ներս ե­կե­ղեց­ւոյ գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին։ Հուսկ ան ար­դիւ­նա­շատ ու բե­ղուն աշ­խա­տանք մաղ­թեց ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015