ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հրէական կոմիտէի միջկրօնական գործերու բաժնի տնօրէն րաբբի Տէյվիտ Շլոմօ Ռոզէնը, որ միեւնոյն ժամանակ Իսրայէլի գլխաւոր րաբբիութեան խորհրդականն է։ Հիւրին ուղեկցեցան Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ ԱՄՆ-ի Հայկական միութեան նախագահ Էնթընի Պարսամեան։ Ներկայ էին նաեւ Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։

Ողջունելով հիւրը, Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց անոր այցելութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Նորին Սրբութիւնը համոզուած է, որ սոյն այցը կը նպաստէ երկու ժողովուրդներու յարաբերութիւններու առաւել սերտացման եւ համագործակցութեան զարգացման։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ Իսրայէլի րաբբիութեան հետ եղբայրական յարաբերութիւնները ունին հարուստ պատմութիւն եւ սոյն հանդիպումը Մայր Աթոռի մէջ պատշաճ առիթ է կապերու զարգացման նոր հնարաւորութիւնները ուսումնասիրելու համար։

Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձ կատարեց նաեւ հայ եւ հրեայ ժողովուրդներու կապերուն, որոնց անցեալը կը հասնի տակաւին Աստուածաշնչեան ժամանակներուն։ Ան խօսեցաւ նաեւ տակաւին 7-րդ դարուն հաստատուած Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կարեւոր առաքելութեան մասին։

Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ շեշտեց, որ սփիւռքեան թեմեր կատարած հովուապետական այցելութիւններու ընթացքին բազմիցս ականատես դարձած է հայ եւ հրեայ համայնքներու եղբայրական ջերմ յարաբերութիւններուն։ Ժողովուրդներու միջեւ բարեկամական կապերու զօրացման տեսակէտէ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց նաեւ Հայաստանի հրէական համայնքի դերակատարութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը բացատրեց, որ երկկողմանի օրակարգը բաւական հարուստ է։ Ի շարս այլ հարցերու այդ օրակարգը կ՚ընդգրկէ Իսրայէլի պետութեան կողմէ Ատրպէյճանի ռազմամթերք վաճառելու խնդիրները։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կենսական կարեւորութիւն կը ցուցաբերէ այդ բոլորի պարագային։

Իր հերթին, րաբբի Ռոզէն նշեց, որ երկու երկիրներու հոգեւոր առաջնորդներու գործակցութիւնը կրնայ լաւագոյն միջոցը դառնալ երկու ժողովուրդներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու լուծման գործին մէջ։

Վեհափառ Հայրապետը եւ րաբբի Ռոզէն համակարծիք գտնուեցան, որ երկկողմանի օրակարգի բոլոր հարցերու քննարկումը շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ՝ յարաբերութիւններու զարգացման, միջկրօնական երկխօսութեան համար նոր ձեւաչափեր ստեղծելու պարագային։

Երեքշաբթի, Յուլիս 10, 2018