ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԵՐԵՔ ԹԵՄԵՐՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու առաջնորդները ներկայ շաբթուան սկիզբին իրենց հերթական, աւանդական հանդիպումը ունեցան՝ այս անգամ Մոնրէալի մէջ։ Գանատայի հայոց թեմի հիւրընկալմամբ կազմակերպուած հանդիպման մասնակցեցան Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան եւ Գանատայի թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան, որ միեւնոյն ժամանակ հիւրընկալի դերին մէջ էր։

Երեք առաջնորդներու հանդիպումէն վերջ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան համաձայն, անոնք քննարկեցին հոգեւոր եւ ծխական կեանքին վերաբերեալ բազմաթիւ հարցեր, որոնց շարքին էին՝ թեմերու միջեւ հոգեւոր դաստիարակութեան առաքելութիւնը, երիտասարդական ծրագրերը, հոգեւորականաց եւ թեմական խորհուրդներու միջթեմական միացեալ ժողով մը կազմակերպելն ու այլ հարցեր։ Առաջնորդները որոշեցին 2025 թուականի ընթացքին կազմակերպել հոգեւորականաց միջթեմական միացեալ ժողով մը, որուն պիտի մասնակցին առաջնորդներն ու հոգեւոր սպասաւորները։

Խորհրդակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդական միաւորման (ՀԵՀԵՄ) առաքելութիւնը, ներկայ գործունէութիւնն ու յառաջիկայ ծրագրերը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, ՀԵՀԵՄ-ը 2025 թուականի յուլիսին՝ իր իսկ ստեղծման 25-ամեակի յոբելեանին կապակցութեամբ պիտի կազմակերպէ ընդգրկուն ուխտագնացութիւն մը դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Հիւսիսային Ամերիկայի բարձրաստիճան հոգեւորականներու այցելութեան առթիւ Գանատայի թեմի առաջնորդարանին մէջ կազմակերպուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը, որուն հրաւիրուած էին թեմական մարմիններու, ծխական համայնքներու ներկայացուցիչներ, համայնքային հաստատութիւններէն այլ ղեկավարներ։

Հանդիպման երկրորդ նիստին միացան նաեւ Գանատայի թեմի առաջնորդական փոխանորդ եւ Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեան եւ Լաւալի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեան։

Առաջնորդներու հանդիպումը եզրափակուեցաւ աղօթքով՝ յանուն Մայր Հայաստանի եւ Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ խաղաղութեան ու բարգաւաճման։

 

Շաբաթ, Օգոստոս 10, 2024