ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՊԱՏԳԱՄԸ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առաւօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հանդէս եկաւ պատգամով մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին կողմէ ժողովուրդին ուղղեալ այս ուղերձը, որ պաշտօնապէս հրապարակուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ։
*
Սիրելի հաւատաւոր զաւակներ,
Արցախեան հակամարտութեան հանգուցալուծման առընչութեամբ վերջին ժամերուն մեր հայրենիքէն ներս տեղ գտած զարգացումները, կայացուած որոշումները փոթորկած են բոլորիս հոգին։ Մեր հայեացքի առջեւ են անցեալ աւելի քան երեք տասնամեակներուն յանուն Արցախի անկախութեան պայքարած ու տքնած, իրենց կեանքը ընծայած մեր հայորդիները, վերջին 44 օրերու ընթացքին նահատակութամբ իրենց կեանքը փառաւորած սիրելիները, պատերազմի տառապանքը յաղթահարած մեր քաջարի արցախահայութիւնը, այս պահուն առաջնագծի վրայ անյողդողդ կանգնած իւրաքանչիւր զինուորն ու հրամանատարը։ Ծանր բաժին վիճակած է մեզ բոլորիս, բայց նաեւ պատասխանատուութիւն՝ ի շահ հայրենիքի գործելու սթափ քաջութեամբ, հեռատես իմաստութեամբ եւ անսակարկ վճռականութեամբ։
Աղօթք է մեր սրտին մէջ յանուն համազգային մեր խոհեմութեան եւ միասնականութեան։ Դարաւոր մեր պատմութեան դասերու քաջ գիտակցութեամբ եւ ազգային միաբանութեան պահպանման անհրաժեշտութեամբ կոչ կ՚ուղղենք հանդարտութիւնը պահպանել եւ չտրուիլ մեզ փոթորկած զգացումներու անհարկի դրսեւորումներուն, զերծ մնալ բռնութիւններէ եւ անկարգութիւններէ։ Առկայ ճգնաժամը պէտք է իր կարգաւորումը ստանայ Հայաստանի եւ Արցախի ռազմաքաղաքական ուժերու միասնական ջանքերով։
Սիրելիներ, մեր պահուածքը երբեք պէտք չէ վտանգէ կեանքը այն զինուորներուն, որոնք առաջնագծի վրայ, խրամատներու մէջ իրենց սրբազան ծառայութիւնը քաջութեամբ կը շարունակեն։ Թիկունքը այս իրավիճակին մէջ առաւել քան երբեւէ պէտք է ամուր մնայ, թիկունքին պէտք է հաստատուն ըլլան համերաշխութիւնն ու կայունութիւնը, որպէսզի կարողանանք միասնաբար լուծումներ ու ելքեր գտնել յանուն Արցախի ու Հայաստանի, յանուն մեր ժողովուրդի անվտանգ եւ ապահով կեանքին։
Կոչ կ՚ուղղենք նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններուն անյապաղ հիմնաւոր եւ սպառիչ բացատրութիւններ ներկայացնելու մեր ժողովուրդին ի հայրենիս, յԱրցախ եւ ի սփիւռս՝ կայացուած որոշումներու եւ հայրենի մեր երկրի ապագայի վրայ անոնց ներազդեցութեան վերաբերեալ։
Մենք կը խոնարհինք մեր հայրենեաց պաշտպաններու յաղթական ոգիին առջեւ եւ բարձրօրէն կը գնահատենք ազգիս իւրաքանչիւր զաւակի անձնուիրումն ու զոհողութիւնը։ Մենք կը հաւատանք մեր ժողովուրդի իմաստութեան։
Աստուած պահապան մեզ եւ մեր հայրենիքին։