ՇԱՀԵԿԱՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը, որ կազմակերպուած էր «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի երդիքին տակ։ «Հայրենիքի եւ ընտանիքի գաղափարները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակութիւններուն մէջ» խորագրեալ գիտաժողով մըն էր այս մէկը՝ նախաձեռնութեամբ վերոյիշեալ Մատենադարանի։ «Էջմիածին» ամսագրի 75-ամեայ յոբելեանին ձօնուած գիտաժողովը տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հռչակուած «Ընտանիքի տարուան» շրջանակներէն ներս։

Բացման աղօթքէն վերջ ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մատենադարանի եւ հրատարակչական բաժնի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան։

Բացման հանդիսաւոր նիստին ժամանակ Վեհափառ Հայրապետն ալ փոխանցեց իր պատգամը ներկաներուն։

«Այսօր մենք կ՚ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ հայրենիքի եւ ընտանիքի ազգային մեր ընկալման առընչուած արժէքները զանազան մտայնութիւններու եւ ազատական գաղափարախօսութիւններու պատճառով կ՚ենթարկուին մշտական հարուածներու եւ յարձակումներու։ Եկեղեցին՝ որպէս անառիկ բերդ եւ ազգային միասնութեան ու ամրութեան անխախտ պատուար, պիտի շարունակէ իր ջանքերը այդ արժէքներու յարատեւ ու անխաթար պահպանման եւ եթէ հարկ է, նաեւ առողջացման համար», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։ 

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2019