«ՀԱՅ ԱԶԳԸ ՀՈԳԵՊԷՍ ԿԸ ՍՆՈՒԻ ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ ՆԱԽԱՄԵԾԱՐ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԱԹՈՌԷՆ»

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց Համբարձման տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց  Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Այս Տէրունի տօնին միեւնոյն ժամանակ կը յիշատակուի 1441 թուականին Ամենայն Հայոց Հայրապետական Աթոռի՝ Սիսէն Սուրբ Էջմիածին փոխադրման պատմական իրադարձութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ Համբարձման տօնը հռչակուած է՝ որպէս Սուրբ Էջմիածնի ուխտի օր։ Երէկուան տօնակատարութիւններուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը շրջապատուած էր բարձրաստիճան եկեղեցականներու կողմէ։

Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ «Համբարձման խորհուրդը այսօր առաքելագործութեան պատգամ է, զոր բոլորիս կ՚ուղղէ Քրիստոս։ Քրիստոսի համբարձումը նաեւ իր երկրաւոր առաքելութեան ամբողջացումն ու կատարելութիւնն է։ Քրիստոս երկինք մտնելով բոլորիս ցոյց տուաւ, որ մենք եւս այնտեղ պէտք է երթանք», ըսաւ քարոզիչ հայր սուրբը եւ ընդգծեց նաեւ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս առաքելագործութեան կարեւորութիւնը։ Ան շարունակեց. «Այդ նոյն տեսիլքով է, որ այստեղ 301 թուականին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հիմնեց այս Աթոռը՝ առաջին գահակալը դառնալով Սուրբ Էջմիածնի Արարատեան նախամեծար Աթոռի։ Դարեր շարունակ այս Աթոռը դեգերեցաւ, դարեր շարունակ շրջեցաւ, գնաց ուր որ թագաւորն էր, ուր որ ժողովուրդն էր եւ ի վերջոյ 15-րդ դարուն՝ ասկէ 577 տարիներ առաջ, Աթոռը վերահաստատուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի մէջ»։ Հայր սուրբը բացատրեց, որ մինչեւ այսօր հայ ազգը հոգեւորապէս կը սնուի այս նախամեծար Արարատեան Սուրբ Էջմիածնի Աթոռէն՝ ստանալով իր մխիթարութիւնը, իր հոգեւոր զարթօնքի սնունդը։ «Այս Աթոռը դարձաւ ներման, արդարացման եւ հաշտութեան Աթոռ», ըսաւ հայր սուրբը եւ աւելցուց, որ այսօր եւս ան իր գահակալով կը շարունակէ առաջնորդել Հայոց Եկեղեցին՝ մարդոց կեանքին մէջ բերելով ներում, արդարացում եւ կատարեալ հաշտութիւն Աստուծոյ հետ։

Ս. Պատարագի աւարտին Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք։ Արարողութեան ընթացքին հոգեւորականաց դասը եւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան անսասանութեան, պայծառութեան ու շէնացման համար։

Ուրբաթ, Մայիս 11, 2018