Մոսկուայի մէջ կազմակերպուած հոգեւոր առաջնորդներու հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼԻ ԼԵԶՈՒՈՎ Քիրիլ Ա. համայն Ռուսիոյ Պատրիարքը. «Կրօնը կրնայ եւ պէտքէ միաւորող դեր ունենալ մեր ժողովուրդներու համար»

Մոսկուայի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած տարածքաշրջանի հոգեւոր առաջնորդներու եռակողմանի հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Կովկասի մահմետականներու վարչութեան պետ, Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ հանդիպում մը ունեցան Ռուսաց Քիրիլ Ա. Պատրիարքի միջնորդութեամբ։ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ Ս. Դանիէլի պատրիարքանիստ վանքէն ներս կազմակերպուած եռակողմանի հանդիպման ընթացքին Քիրիլ Ա. Պատրիարք յոյս յայտնեց, որ հոգեւոր առաջնորդներու եռակողմանի հանդիպումը պիտի նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի շուրջ շարունակուող խաղաղ գործընթացին։

«Կը շարունակենք մեր համատեղ մտորումները Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր շուրջ ստեղծուած իրավիճակին առընչութեամբ։ Ակնյայտ է, որ առկայ խնդիրները կը գտնուին անբաւարար վիճակի մէջ ու միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդները կը փափաքին յառաջ շարժուիլ՝ որպէսզի խաղաղութիւնը դառնայ աւելի ամուր եւ արդար», ըսաւ ռուսաց պատրիարքը հանդիպման ընթացքին։  «Կրօնը կրնայ եւ պիտի ունենայ մեր ժողովուրդներու համար միաւորող դեր», ըսաւ Քիրիլ Ա. Պատրիարքը եւ յոյս յայտնեց, թէ սոյն հանդիպումը պիտի բերէ իր նպաստը հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին։ Ըստ Քիրիլ Ա. Պատրիարքի, հոգեւոր առաջնորդները, «ինչպէս հաւատացեալները», կը խօսին աշխարհի քաղաքական գործիչներու լեզուէն աւելի տարբեր լեզուով մը, ինչ որ կը նպաստէ՝ որպէսզի անոնք յաղթահարեն տարբերութիւնները։ Ան շարունակեց.

«Իմ խորին համոզումն է, թէ հոգեւոր առաջնորդներու դերն է կոչ ուղղել հակամարտութեան կողմերուն՝ որպէսզի վերջ դնեն արիւնահեղութեան՝ յանուն իրենց քաղաքացիներու թանկարժէք կեանքի պահպանման եւ յստակ քայլերու ձեռնարկեն երկու կողմերու հաշտեցման, փախստականներու վերադարձին եւ անոնց անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ։ Տառապանքներով եւ դառնութեամբ կ՚արձագանգէ սիրտը կեանքի կորուստին ռազմական գործողութիւններու ժամանակ։ Այդ դէպքերը մեզ կը դրդեն անգամ մը եւս ձայն բարձրացնելու՝ ի պաշտպանութիւն խաղաղութեան»։

Քիրիլ Ա. Պատրիարք ընդգծեց, որ շատ բարձր կը գնահատէ հոգեւոր առաջնորդներու եռակողմանի հանդիպման հնարաւորութիւնը եւ անոնց տեսակէտէ դժուար է հեռու մնալ շարունակուող ողբերգական հակամարտութենէն։ Ռուսաց պատրիարքի խօսքով՝ ներկայ իրավիճակը կը պարտադրէ մշակել եւ իրականացնել քայլեր՝ ուղղուած երկու ժողովուրդներու միջեւ վստահութեան հաստատման։

«Կը կարծեմ՝ շատ կարեւոր է բարոյական ազդեցութիւն ունենալ երիտասարդ սերունդին վրայ։ Երիտասարդութիւնը պէտք է սորվի ապրիլ խաղաղութեամբ, յարգել զիրար՝ կարողանալով գտնել ընդհանուր լեզու մը, հակառակ պարագային, երիտասարդները, որոնք ծայրայեղ հայեացքներ պիտի ունենան հարեւաններու դէմ, կրնան դիւրութեամբ իյնալ ծայրայեղականներու ձեռքը։ Քրիստոնեաներու ու մահմետականներու համար յատկապէս կարեւոր է միասին վկայել բարոյական արժէքներու մասին, որոնք կը քարոզուին մեր հաւատքներով՝ սուրբ հաւատի պարգեւներու եւ գթասրտութեան մասին, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ ներկայութեան մասին մարդկային պատմութեան մէջ», նշեց ռուսաց պատրիարքը։

Իր կարգին, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Շէյխիւլիսլամ Փաշազատէն ալ ընդգծեց, որ հայ եւ ատրպէյճանցի երիտասարդները պէտք է դաստիարակուին որպէս հարեւաններ։ Իր խօսքերով՝ երիտասարդները պէտք է դաստիարակուին այն ըմբռնումով, որ երկու ժողովուրդները պիտի ըլլան հարեւաններ եւ պիտի ապրին կողք կողքի։ «Մենք պէտք չէ հանդիպինք հանդիպած ըլլալու համար։ Մենք պէտք է հանդիպինք, որպէսզի հնարաւորութիւն ունենանք դիմելու մեր երկիրներու ղեկավարութիւններուն, որպէսզի անոնք հնարաւոր ամէն ինչ ընեն կանխելու համար հակամարտութիւնը եւ որպէսզի մեր երիտասարդները մեծնան այնպիսի ոգիով մը, որով իրենք միշտ պիտի ըլլան հարեւաններ։ Ո՛չ Հայաստանը եւ ոչ ալ Ատրպէյճանը պիտի երթան այդ տարածքներէն։ Այսինքն՝ անոնք պէտք է ապրին կողք կողքի եւ երիտասարդները պէտք է կրթել այդ ոգիով», ըսաւ Փաշազատէ։

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ

Միւս կողմէ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, երէկ, Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ խաղաղութեան աղօթք մը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ այս միջեկեղեցական աղօթք-մաղթանքը՝ ձօնուած Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման ու ամրապնդնման։ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէն պետական գործիչներ, Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու դեսպաններ, ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ մասնակցեցան այս աղօթքին, որու ընթացքին խօսք մը արտասանեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Իրաքի Թեմի Առաջնորդ Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեան։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2017