ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ միասնական աղօթք տեղի ունեցաւ՝ Պաքուի մէջ ի պահ դրուած հայ գերիներու եւ պատանդներու ազատութեան համար։ Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախագահեց Ս. Պատարագի, զոր մատոյց Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։ Սրբազան արարողութեան ներկայ էին նաեւ Արցախի իշխանութիւններու ներկայացուցիչները, Պաքուի մէջ ապօրինաբար անազատութեան մէջ պահուածներու ընտանիքները։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ կատարուեցաւ միասնական աղօթք։ Նորին Սրբութեան տնօրինութեամբ, նոյն օրը Հայաստանի եւ սփիւռքի բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ ալ նմանօրինակ աղօթքներ տեղի ունեցան։ Այս առթիւ Վեհափառ Հայրապետը համայն հայ ժողովուրդին յղեց իր պատգամը։ «Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին հետեւանքով բռնազաւթուեցաւ եւ հայաթափուեցաւ Արցախը։ Աւելի քան 120 հազար հայ բռնութեամբ տեղահանուեցաւ իր հինաւուրց բնօրրանէն։ Զաւթուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան սահմանամերձ տարածքները, պղծուեցան ու ոչնչացուեցան Արցախի հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութիւնը, հայկական գիւղեր, գերեզմանատուներ եւ յուշակոթողներ։ Այսօր միասնական մեր աղօթքը կը հնչեցնենք՝ որպէս կոչ արդարութեան ու արդարադատութեան՝ ընդդէմ մարդկութեան դէմ կատարուած ոճրագործութիւններու, ընդդէմ արցախահայութեան դէմ իրականացուած ցեղասպան գործողութիւններու, այլեւ ընդդէմ Արցախի հոգեւոր-մշակութային արժէքներու բարբարոսական ոչնչացման եւ Պաքուի բանտերուն մէջ ապօրինաբար արգելափակուած մեր զաւակներուն։ Արդի աշխարհին մէջ, ուր մեծապէս կը կարեւորուի մարդկային ազատութիւններու եւ իրաւունքներու գերակայութիւնը, անհանդուրժելի են նման երեւոյթները եւ պէտք է արժանանան խստագոյն դատապարտման», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց, որ Պաքուի մէջ այսօր կը սկսի ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային պայմանագրի մասնակիցներու գագաթաժողովի 29-րդ նստաշրջանը։ Ան շարունակեց. «Կը հաւատանք, թէ ՄԱԿ-ի առաքելութեան հիմքին դրուած մարդկային կեանքի եւ արժանապատուութեան պաշտպանութեան, արդարադատութեան գործադրման անփոփոխելի ու անզիջելի արժէքները ազդու միջոցներով իրենց արտայայտութիւնը պիտի գտնեն նաեւ մեր գերեվարուած զաւակներու ազատ արձակման եւ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ։ Այս առումով մենք պաշտօնապէս դիմած ենք ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար տիար Անթոնիօ Կութերեսին, որպէսզի ՄԱԿ-ի բարձր ատեանէն զօրակցութիւն ցուցաբերուի գերեվարեալներու հրատապ ազատ արձակման կարեւոր գործին»։

Ապա Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, որ այսօր խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններ կ՚ընթանան Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի դէմ Ատրպէյճանի շարունակական պարտադրանքներու եւ սպառնալիքներու ներքեւ։ «Սակայն քաջ յայտնի է՝ խաղաղութիւնը յարատեւ եւ հաստատուն է, երբ կը կառուցուի արդարութեան եւ ճշմարտութեան ամուր հիմքերու վրայ։ Այդպիսի խաղաղութիւնն է, որ բարի արգասիքներ կը բերէ մարդկութեան կեանքին մէջ, կը կանխարգիլէ ազգամիջեան ատելութիւնն ու թշնամանքը եւ անոնցմէ բխած աղէտներն ու արհաւիրքները։ Աստուածաշնորհ ազատութեան, խաղաղութեան ու արդարութեան համընդհանուր ձգտումով է, որ աշխարհի վրայ կը լռեն ռազմի ձայները, ցաւի ու տառապանքի փոխարէն կը սփռուին սէրն ու բարիքը։ Լիայոյս ենք, թէ Միջազգային մարդասիրական իրաւունքի ընդհանուր դրոյթներու հաւատարիմ՝ միջազգային հանրութեան եւ իրաւապաշտպան կառոյցներու կողմէ քայլեր կը ձեռնարկուին արցախահայութեան բնականոն կեանքի վերականգնման համար իրենց հայրենի բնօրրանին մէջ։ Յիրաւի, ճշմարտութեան եւ արդարութեան հաւաստիացումով է, որ պիտի ամրապնդուի խաղաղ գոյակցութեան եւ համագործակցութեան ոգին՝ ի խնդիր հասարակութիւններու եւ ժողովուրդներու յառաջընթացի ու լուսաւոր գալիքի», շարունակեց Վեհափառ Հայրապետը։

Պատգամի եզրափակիչ բաժնին մէջ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ, որ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ միջեկեղեցական կառոյցներու ջանքերով աշխարհի զանազան կողմերուն քրիստոնեաներ աղօթք կը բարձրացնեն՝ յանուն գերիներու ազատ արձակման եւ գաղթական դարձած հայորդիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Ուստի, ան շնորհակալութիւն յայտնեց քոյր եկեղեցիներուն, միջեկեղեցական կազմակերպութիւններուն՝ դժուարին իրավիճակներու մէջ հայ ժողովուրդին ցուցաբերուած իրենց անկեղծ ու սրտակից սատարումի, ինչպէս նաեւ, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ այս արարողութեան միանալու ազնիւ յանձնառութեան բերումով։

«Ի խորոց սրտի հայց կը վերառաքենք առ բազմաողորմ Աստուած, որպէսզի խաղաղութեան մէջ պահէ մեր հայրենիքն ու համայն աշխարհը, մերօրեայ փորձութիւններու յաղթահարման համար հաւատի ամրութիւն պարգեւէ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին եւ շուտափոյթ ազատութիւն շնորհէ գերեվարուած մեր բոլոր զաւակներուն», եզրափակեց Վեհափառ Հայրապետը։

Միւս կողմէ, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի երէկուան կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին ներկայ էր նաեւ Փրակի արքեպիսկոպոս Եան Կրաուկնէրը։ Արարողութեան ընթացքին ան Վեհափառ Հայրապետին նուիրեց հայոց առաջին լուսաւորիչ, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հիմնադիրներէն Ս. Բարթողիմէոս առաքեալի մասունքը։ Այս առթիւ Վեհափառ Հայրապետը սուրբի մասունքով օրհնեց ներկաները՝ հայցելով Ս. Բարթողիմէոս առաքեալի բարեխօսութիւնը՝ խաղաղութեան, հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2024