ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՊԱՏԳԱՄԸ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն առթիւ երէկ հրապարակեց հետեւեալ պատգամը։
*
Հայրենի մեր երկրին մէջ տարւոյս դեկտեմբերի 9-ին տեղի ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններ՝ դառնալով կարեւոր հանգրուան վերջին ամիսներուն ընթացող ներքին քաղաքական զարգացումներու։
Մեր օրհնութիւնը կը բերենք սիրեցեալ մեր ժողովուրդին, ինչպէս եւ կուսակցութիւններուն, որոնք ապագայի հանդէպ պատասխանատուութեան գիտակցումով մասնակցութիւն բերին խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Մեր շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները կը յղենք «Իմ քայլը» դաշինքին, «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւններուն, որոնք արժանացան մեր ժողովուրդի վստահութեան՝ պատասխանատուութիւն ստանձնելով մեր երկրի ապագայի համար։ Կ՚աղօթենք, որ Տէրը յաջողութիւններ պարգեւէ նորընտիր խորհրդարանի աշխատանքներուն՝ յանուն մեր հայրենիքի առաւել զօրացման եւ բարօր ապագայի կերտման։
Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցին, ինչպէս միշտ, իր ջանքերը պիտի բերէ ի խնդիր մեր պետականութեան ամրապնդման, ազգային համերաշխութեան զօրացման եւ ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներու յաղթահարման։
Տիրոջ շնորհը, սէրը եւ ողորմութիւնը թող ըլլայ մեր ժողովուրդի հետ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս. ամէն։