ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՆԱՀԱՏԱԿ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐԸ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի սահմանամերձ Տաւուշի մարզի Բերդի տարածքաշրջանի համայնքներու նահատակեալ զինուորներու ընտանիքները։ Խումբը գլխաւորեց Տաւուշի Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան, որու կողքին էին Բերդի տարածքաշրջանի հոգեւոր հովիւները։
Հանդիպման սկիզբին առաջնորդ Սրբազան Հայրը յանուն տաւուշցիներուն Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ։ Նորին Սրբազնութիւնը Վեհափառ Հայրապետին մաղթեց քաջառողութիւն, երկար տարիներու կեանք ու բեղուն գործունէութիւն։ Տաւուշի թեմի առաջնորդը նաեւ Նորին Սրբութեան յայտնեց իր խորին երախտագիտութիւնը՝ Տաւուշի սահմանապահ ժողովուրդին նկատմամբ ցուցաբերուած առանձնայատուկ ուշադրութեան համար։
Աւելի վերջ թիւով 19 մայրերուն եւ 39 երիտասարդ ու պատանիներուն հայրապետական իր օրհնութիւնը տուաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը՝ փոխանցելով բոլորին Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան կենդանարար աւետիսը։
Վեհափառ Հայրապետը վստահութեամբ ընդգծեց, որ այս այցելութիւնը իր անջնջելի դրոշմը պիտի թողու Մայր Աթոռ ժամանած պատանի տաւուշցիներու հոգիին մէջ եւ շնորհիւ իրենց հոգեւոր հովիւներու գործունէութեան անոնք հաղորդ պիտի դառնան Սուրբ Էջմիածնի խորհուրդին մէջ ամփոփուած արժէքներուն, որոնցմով ոգեշնչուած են իրենց հայրերը եւ այսուհետեւ եւս պիտի ոգեշնչուին հայոց ազգի զաւակները։
Վեհափառ Հայրապետը մանուկներուն եւ պատանիներուն պատգամեց՝ իրագործողը ըլլալ այն իղձերուն եւ փափաքներուն, զորս իրենց ծննդեան առաջին իսկ օրէն ունեցած են իրենց մայրերը եւ հայրենիքի խաղաղութեան համար իրենց կեանքը ընծայած հայրերը։ Ան նշեց, որ անոնց քաջարի ոգին կեանքի ամբողջ ընթացքին ուղեկից պիտի ըլլայ իրենց զաւակներուն։ «Քաջերու որդիները քաջեր են՝ կ՚ըսէ մեր ժողովուրդը։ Դուք այդ քաջազուն ոգին կը կրէք ձեր մէջ՝ ապրելով սահմանամերձ գիւղերուն մէջ եւ ձեր կեանքով ամուր ու անառիկ պահելով մեր սահմանները հաստատուն եւ անսասան՝ մեր երկրի խաղաղութիւնը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը՝ մաղթելով, որ մշտապէս ապրին Աստուծոյ օրհնութեան եւ պահպանութեան ներքեւ։
Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեանին, թեմի հոգեւոր սպասաւորներուն եւ այս այցելութեան կազմակերպիչներուն նկատմամբ։ Նորին Սրբութիւնը հայցեց, որ Երկնաւոր Տէրը իր բարի հայեացքի տակ պահէ Հայաստան աշխարհը եւ մեր ժողովուրդի աստուածասէր զաւակները։
Վերջաւորութեան երիտասարդները անակնկալ մատուցեցին Վեհափառ Հայրապետին՝ ընծայելով իրենց ձեռագործ աշխատանքը, ինչպէս նաեւ հանդէս եկան ասմունքներով եւ ժողովրդական երգերու կատարումներով։ Իր հերթին, Նորին Սրբութիւնն ալ նուէրներ յանձնեց փոքրիկներուն։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը յառաջիկայ ամրան անոնց համար պիտի կազմակերպէ նաեւ ուխտագնացութիւն մը։
Ընդունելութեան մասնակիցները Վեհափառ Հայրապետէն հրաժեշտ առնելէ վերջ շրջայց մը կատարեցին մայրավանքի համալիրէն ներս, աղօթեցին Մայր Տաճարի մէջ ու մանաւանդ տեսան թանգարաններն ու միւս յարակից կառոյցները։
Զոհուած զինուորներու ընտանիքները Երեւանի մէջ եւս այցելեցին հոգեւոր-մշակութային զանազան հաստատութիւններ։ Մանուկներուն համար նախատեսուած էր տօնական հանդէս մը։