Ուրբաթ 29, Նոյեմբեր 2024
ՄՏԱՀՈԳ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հանդիպում մը ունեցան Երեւանի մէջ։ Անոնք անդրադարձան Հայաստանէ ներս ստեղծուած իրավիճակին եւ կարծիքի փոխանակումներ ունեցան անոր յաղթահարման ուղիներուն շուրջ։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը կանգ առին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ վերջին եռակողմանի յայտարարութեան վրայ։ Նշուեցաւ, որ այդ մէկը լուրջ անհանգստութիւն յառաջացուցած է ժողովուրդին մէջ։ Այս ամբողջէն ներս կարեւորուեցաւ կայունութեան պահպանումը Հայաստանի մէջ։
Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2020