Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ «ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ» ԱՂՕԹԱԳՐՔԻ ԱՇԽԱՐՀԱԲԱՐ «ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ» ԱՌԱՋԻՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
Հոգւոյ բերկրութեամբ կ՚ողջունենք Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագրքի արեւմտահայերէն թարգմանութեան նոր հրատարակութիւնը, որ իրականացուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ՝ ի նպաստ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի հոգեւոր եւ ազգային կեանքի նորոգութեան։
Անուրանալի է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի հոգեւոր ճգնողական կեանքի փորձառութեան արգասիքը հանդիսացող գլուխ գործոցի՝ «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագրքի հսկայական ազդեցութիւնը իւրաքանչիւր հայորդիի հոգեւոր ներաշխարհի վրայ։ «Նարեկ»ը, ինչպէս մեր ժողովուրդը սիրով կը կոչէ գիրքը, թէեւ ազգային հողի վրայ արմատացած Հայ Եկեղեցւոյ ծոցէն վերընձիւղուած է, սակայն իր բնոյթով ունի համամարդկային արժէք, որով ամբողջ մարդկութեան կը մատուցուի Բարձրեալն Աստուծոյ հետ անընդմիջելի զրոյցի առանձնայատուկ փորձառութիւն մը։ Այս նշանակութեամբ ու արժէքով Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին եւ իր աղօթագիրքը դուրս են ժամանակային եւ աշխարհական սահմաններէ։
«Նարեկ»ի աշխարհաբար՝ արեւմտահայերէն առաջին ամբողջական թարգմանութիւնը իրականացուեցաւ 20-րդ դարասկիզբին, երբ վերելք կ՚ապրէր մեր ժողովուրդի հոգեւոր, մշակութային ու գրական կեանքը։ Ազգային մշակութային զարթօնքի դրսեւորումը եղաւ նաեւ պոլսահայ ճանչցուած մտաւորական, գրող, հրապարակախօս, խմբագիր եւ հրատարակիչ Միսաք Գօչունեանի (Քասիմ) կողմէ «Նարեկ»ի աշխարհաբար ամբողջական թարգմանութիւնը եւ հրատարակութիւնը, ինչ որ էական ազդեցութիւն գործած է ապագայ թէ՛ աշխարհաբար, թէ՛ օտարալեզու բազմաթիւ թարգմանութիւններու վրայ։ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան»ի արեւմտահայերէն ներկայ վերահրատարակութիւնը կը նուիրուի Միսաք Գօչունեանի հիմնադրած ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի 110-ամեակին՝ իբրեւ արժանի ընծայ արեւմտահայ իրականութեան մէջ կարեւոր աւանդ բերած պարբերականի յոբելեանին։
«Նարեկ»ի արեւմտահայերէն վերահրատարակութեան այս հոգեշահ առիթով Հայրապետական Մեր գնահատանքն ու օրհնութիւնը կը բերենք աղօթագրքի վերահրատարակութեան աշխատանքներուն ներգրաւուած Մեր բոլոր զաւակներուն՝ արժէքաւոր թարգմանութեան երկրորդ կեանք պարգեւելու համար։ Մեր աղօթքն է, որ Բարձրեալն Աստուած Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի բարեխօսութեամբ իր սիրոյ անսահման օրհնութեան ներքեւ մեր ժողովուրդին պարգեւէ հոգեւոր նորոգութիւն, արդիւնաւոր ընթացք ու յաջողութիւններ՝ շէնացնելու հայրենի երկիրը, ազգային իր կեանքը եւ պայծառ պահելու մեր Սուրբ Եկեղեցին։
Թող Տէրը խաղաղ ու ապահով պահպանէ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը եւ հաւատքով զօրաւոր՝ բարեպաշտ պոլսահայ Մեր զաւակները՝ պայծառ պահելու եւ շէնացնելու իրենց հոգեւոր ու ազգային կեանքը։
Շնորհ, սէր եւ խաղաղութիւն Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի եղիցին ընդ ձեզ եւ ընդ ամենեսեանս. ամէն։
Օրհնութեամբ՝
ԳԱՐԵԳԻՆ Բ.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ