ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ ՆՈՒԷՐ ՍՏԱՑԱՒ ՈՍԿԵԱՅ ՆՈՐ ԳԱՒԱԶԱՆ ՄԸ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը վերջերս ստացաւ բացառիկ նուէր մը։ Այսպէս, ռուսահայ ոսկերիչ ու գործարար Գարուն Քոչարեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան նուիրեց 5 քիլօկրամ ծանրութեամբ հայրապետական ոսկէ ասա մը։ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի հաղորդումներով, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս ընդունեց ազգային բարերար Գարուն Քոչարեանն ու կողակիցը՝ Սոնիա Քոչարեանը։ Հայրապետական խորհրդանշաններով զարդարուած այս նոր բացառիկ գաւազանը Քոչարեան ամոլին կողմէ նուիրուեցաւ Նորին Սրբութեան։

Սոյն հայրապետական ասան եզակի է։ Գաւազանը պատրաստուած է մէկ օրինակով եւ ունի բացառիկ զարդարանքներ։ Վեհափառ Հայրապետը այս նոր գաւազանը օգտագործած է Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ Մայր Տաճարի մէջ մատուցած հայրապետական Ս. Պատարագի ընթացքին։

Այնուհետեւ սոյն ասան իր տեղը գտած է Մայր Աթոռէ ներս ի պահ դրուած հայրապետական գաւազաններու շարքին։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կը գտնուին հայրապետական ուրիշ գաւազաններ։ Անոնցմէ կարգ մը յատկանշական նմոյշներ տեղ գտած են «Էջմիածնի գանձեր» ալպոմին մէջ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 13, 2018