ՄԻՇՏ ԿԱՌՉԱԾ ՄՆԱԼ ՀԱՒԱՏԻՆ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Արագածոտնի թեմի Եկեղեցասէր երիտասարդաց միութիւններու անդամները։ Ան այս առթիւ երիտասարդներուն յորդորեց ամուր հաւատքով կապուած մնալ Մայր Եկեղեցւոյ, ծառայել հայրենիքին եւ ըլլալ ազգի արժանաւոր զաւակներ։ Երիտասարդաց խումբը գլխաւորեց Տ. Փառէն Քհնյ. Առաքելեան, որ յիշեալ միութիւններու պատասխանատուն է։

Նորին Սրբութիւնը ուխտաւոր երիտասարդներուն փոխանցեց իր հայրական սէրն ու օրհնութիւնը։ Ան կարեւորեց գործունէութիւնը այն երիտասարդական միութիւններուն, որոնք Հայ Եկեղեցւոյ հովանաւորութեան տակ կը գործեն։ Արդարեւ, անոնց շնորհիւ հայորդիները հնարաւորութիւն կ՚ունենան հաղորդ դառնալու հոգեւոր արժէքներուն, սրբազան ժառանգութեան, նաեւ իրենց ներդրումը բերելու եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման։ Ան երիտասարդներուն յորդորեց պահպանել ու իրենց կեանքի ուղեցոյցը դարձնել եկեղեցւոյ գանձարանին մէջ ամբարուած անանց արժէքները, առաջնորդուիլ Սուրբ Աւետարանի պատգամներով։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց նաեւ երիտասարդներու բազմաբնոյթ հարցումներուն։

Շաբաթ, Յուլիս 13, 2024