ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԺՈՂՈՎ
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւն մը, որուն նախագահեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Այսպէս, եպիսկոպոսաց ժողովին մասնակցեցան Հայաստանի ներքին թեմերու առաջնորդներն ու այն սրբազանները, որոնք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կը պաշտօնավարեն։ Մօտալուտ Միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութիւններուն ընդառաջ Մայրավանքի համալիրէն ներս արդէն տօնական բարձր տրամադրութիւն կը տիրէ։
Ստեղծուած մթնոլորտին համահունչ Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց ժողովականները եւ ուրախութեամբ ընդգծեց, որ Միւռոնօրհնութեան ու Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութիւնններու նախապատրաստական աշխատանքները ամփոփման փուլի մէջ են։
Այնուհետեւ, զեկուցումով մը հանդէս եկաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան, որ ատենապետն է՝ Միւռոնօրհնութեան, Մայր Տաճարի վերաօծման եւ յարակից միջոցառումներու կազմակերպման համակարգման յանձնախումբին։ Ան ներկայացուց յանձնախումբին կողմէ իրականացուած աշխատանքները։
Խորհրդակցութեան ընթացքին տեղեկացուեցաւ, որ սրբազան արարողութիւններուն պիտի մասնակցին Հայաստանէն եւ սփիւռքէն բարձրաստիճան եկեղեցականներ, ազգային կեանքէ ներս նշանակալի դերակատարութեամբ զանազան դէմքեր, քոյր եկեղեցիներու եւ միջեկեղեցական կազմակերպութիւններու պատուիրակներ, ինչպէս նաեւ պետական, դիւանագիտական, հասարակական, գիտակրթական, մշակոյթի եւ արուեստի ոլորտներու ներկայացուցիչներ, ուխտաւորներ եւ հիւրեր։
Արարողութիւններու իրազեկման համար պատրաստուած եւ հրապարակուած են հոլովակներ, Հայաստանի զանազան շրջաններէ ներս տեղադրուած են պաստառներ, հրատարակուած են ճանաչողական բնոյթով գիրքեր, հանրամատչելի գրքոյկներ եւ թերթիկներ։ Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է զանգուածային լրատուութեան միջոցներով Միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման առթիւ լուսաբանիչ հեռուստահաղորդումներու կազմակերպման համար։
Ժողովի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ սրբազան արարողութիւններուն հաւատացեալ հայորդիներու հասանելիութիւնը ապահովելու նպատակով ձեռնարկուած թեքնիք աշխատանքներուն, որոնց շրջանակներէն ներս ընդհանուր կարգ ու կանոնի հետամուտ՝ հասարակական կարգի պահպանման մարմիններուն հետ պիտի կանոնակարգուին երթեւեկութեան ու անվտանգութեան վերաբերեալ խնդիրները։
Հիմնական զեկոյցի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը թեմակալ առաջնորդներուն յանձնարարականներ տուաւ, որպէսզի առաւել ջանքեր գործադրեն՝ սրբազան արարողութիւններուն ուխտաւորներու մասնակցութիւնը դիւրացնելու համար։
Ժողովի մասնակից սրբազանները ուրախութիւն ու գոհունակութիւն յայտնեցին՝ մօտաւոր ապագայի այս հոգենորոգ իրադարձութիւններուն ընդառաջ։
Ժողովը եզրափակուեցաւ աղօթքով։
Միւս կողմէ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ մօտալուտ սրբազան արարողութիւններուն ընդառաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պիտի սարքուի մասնաւոր մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն մանրամասնութիւններ պիտի ներկայացուին՝ մանաւանդ Մայր Տաճարի ամրակայման երկարատեւ աշխատանքներուն արդիւնքներուն շուրջ։
Եկեղեցական
- 11/26/2024