ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԳՆԱՀԱՏԵՑ ՀԱՅՈՐԴԵԱՑ ՏՈՒՆԵՐՈՒ ՍԱՆԵՐԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն վեհարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ՝ 7 Հայորդեաց տուներու ոլորտային զանազան դասարաններու եւ Մանրանկարչութեան կեդրոնի սաներուն հետ։ Հարկ է նշել, որ Հայորդեաց տուները կը գործեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հովանիին ներքեւ։ Այս բազմանդամ խումբին ուղեկցեցան Հայորդեաց տուներու հոգեւոր տեսուչ Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան եւ իւրաքանչիւր Հայորդեաց տան տնօրէններն ու մանկավարժները։

Վեհափառ Հայրապետը Հայորդեաց տուներու ծրագրի սկիզբը դրած էր 1993 թուականին, երբ տակաւին Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդն էր։ Իրեն այդ ժամանակ աջակցած էր ՀԲԸՄ-ի այդ շրջանի նախագահ Լուիզ Մանուկեան Սիմոն։ Անցնող տասնամեակներուն Հայորդեաց տուները ընդարձակուելով վերածուած են ցանցի մը, որ կը շարունակէ գործել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ ՀԲԸՄ-ի հովանաւորութեան ներքեւ։ Ներկայիս Հայորդեաց տուներ գոյութիւն ունին Երեւան, Էջմիածին, Կիւմրի, Վանաձոր եւ Աշտարակ քաղաքներուն մէջ։ Արտադպրոցական այս կեդրոններէն ներս երեխաները հնարաւորութիւն կ՚ունենան մասնակցելու արուեստներու եւ արհեստներու, մարզաձեւերու եւ այլ մասնագիտական խմբակներու՝ ստանալով հիմնաւոր կրթութիւն։ Մասնաւոր ուշադրութիւն կը ցուցաբերուի սաներու հոգեւոր դաստիարակութեան եւ ազգային նկարագրի կերտման նկատմամբ։

Ներկայիս Հայորդեաց տուներ կը յաճախեն շուրջ 4 հազար երեխաներ ու պատանիներ։ Վեհափառ Հայրապետին հետ տեղի ունեցած այս վերջին հանդիպման ներկայ գտնուեցան 289 սաներ, որոնք 2019 թուականի տեւողութեան զանազան փառատօններու, մրցոյթներու, ցուցահանդէսներու եւ մրցաշարքերու մէջ գրաւած են առաջնային տեղեր։ Յաջողութիւններ արձանագրած այս աշակերտները ստացան Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւնը եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան բարի աւետիսը։

«Ոգին կարեւոր է եւ հիմնական դերակատարութիւն ունի անհատի կեանքին մէջ։ Զօրացուցէք ձեր մէջ կամքն ու ոգին՝ միշտ յաղթանակներ արձանագրելու համար։ Այսպէս պիտի ծաղկի եւ շէնանայ մեր հայրենիքը, բարձրօրէն պիտի հնչէ մեր ժողովուրդի անունը, շատեր ձեր միջոցաւ աւելի լաւ պիտի ճանչնան մեր երկիրը, մեր ազգի պատմութիւնը», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը՝ խօսք ուղղելով մրցանակներու արժանացած մանուկներուն եւ պատանիներուն։ Ան աւելցուց, որ Հայոց Եկեղեցին ներդրած է իր լուման անոնց անձերու ձեւաւորման գործին մէջ։

Երեքշաբթի, Յունուար 14, 2020