ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Մենք՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներս, համախմբուելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ օրհութեամբ եւ բարձր նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, օրակարգային հարցերու քննարկումներու ընթացքին խոր մտահոգութեամբ անդրադարձանք մեր հայրենիքի առջեւ ծառացած ներքին քաղաքական խնդիրներուն եւ արտաքին անվտանգային մարտահրաւէրներուն։
Յետպատերազմեան շրջանին Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը եւ յատկապէս՝ վերջին սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացի անուան ներքեւ կատարուած տարածքային միակողմանի զիջումները հիմնաւոր նոր անհանգստութիւններու եւ տագնապներու պատճառ դարձած են ինչպէս հայրենիքի, այնպէս եւ սփիւռքի մէջ, տեղի տուած են անհանգստութեան ձեւաւորման՝ յանգեցնելով նաեւ Հայաստանի վարչապետի հրաժարականի պահանջին։
Հայրենիքի առջեւ ծառացած անվտանգային մարտահրաւէրներու շուրջ ժողովուրդի բարձրաձայնած մտավախութիւնները, ազգային կառոյցներու եւ մասնագիտական հանրոյթի կոչերն ու յորդորները, սակայն, կ՚անտեսուին Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կողմէ եւ կամ կը հակադարձուին հաւանական պատերազմի սպառնալիքներով։ Իսկ հանրային ստուար շրջանակներու մէջ իշխանութիւններու դէմ ձեւաւորուած արդար դժգոհութիւնները, որոնք կը դրսեւորուին բողոքի եւ անհնազանդութեան խաղաղ գործողութիւններու միջոցաւ, կը փորձուի լռեցնել ցուցարարներու դէմ արժանապատուութեան նսեմացման ուղղուած գործողութիւններով եւ բռնի անհամաչափ ուժի գործադրութեամբ։
Խստօրէն կը դատապարտենք յունիսի 12-ին Երեւանի մէջ խաղաղ հաւաքի մասնակիցներու դէմ ձեռնարկուած ակնյայտ ապօրինի քայլերը եւ գործադրուած միջոցները, որոնց հետեւանքով ցուցարարներու եւ ոստիկաններու շրջանակին մէջ կան բազմաթիւ տուժածներ՝ ներառեալ մարմնական ծանր վնասուածքներով։
Մեր կոչն է Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն զերծ մնալ բռնութենէ, ատելութիւն եւ թշնամանք սերմանելու մերժելի դրսեւորումներէ։ Մեր կոչն է նաեւ իրենց բողոքի ձայնը արտայայտող հայրենակիցներուն գործել ամենայն զգօնութեամբ եւ օրինայարգութեամբ։ Ներկայ վտանգաշատ կացութիւնը կարօտ է արժանապատիւ հանգուցալուծումներու, առկայ ճգնաժամը՝ հանդարտութեան եւ զգաստութեան մէջ քաղաքական երկխօսութեան։
Դատապարտելի է նաեւ, որ իշխանութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչները ու իրենց աջակից անձերը հետեւողականօրէն լծուած են հանրահաւաքներու կազմակերպման պատասխանատուութիւնը եկեղեցիին վերագրելու անհիմն եւ ստայօդ լուրերու տարածման՝ փորձելով արդարացնել հակաեկեղեցական իրենց կեցուածքը, որու ամօթալի դրսեւորումներէն էր մայիսի 28-ին Սարդարապատի յուշահամալիրէն ներս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ եկեղեցականներու դէմ հրահրուած սադրանքը։
Բոլոր ժամանակներուն հայրենի իշխանութիւններու կոչումն ու առաքելութիւնն է հասարակական ներքին համերաշխութեան պահպանումը եւ համազգային միաբանութեան ձեւաւորումը, ինչ որ կենսականօրէն անհրաժեշտ է՝ յատկապէս մերօրեայ պայմաններուն։ Իշխանութիւնը ինքնին ոեւէ մէկու կամ որեւէ քաղաքական ուժի համար պէտք չէ ըլլայ սոսկ ձգտում, այլ առաջին հերթին՝ միջոց ժողովուրդին եւ հայրենիքին խոհեմ, շրջահայեաց եւ անձնուրաց ծառայութեան եւ խաղաղ ու ապահով կեանքի կերտման։
Կը հաւատանք, թէ հայրենիքի հանդէպ սէրը եւ պատասխանատուութիւնը պիտի հարթեն շաւիղները՝ համազգային մեր ներուժն ու բոլոր կարողութիւնները ի սպաս դնելու Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան ու զօրացման եւ իրականութեան կոչելու ապագայի համընդհանուր մեր տեսլականը։
Թող ամենողորմ Տէրը համերաշխ ու միասնական պահէ ու պահպանէ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը եւ հայրենի մեր երկիրը խաղաղ ու անվտանգ ընթացքով առաջնորդէ դէպի լուսաւոր նոր հանգրուաններ։