ՇՈՒՇԻԻ ՄԷՋ ԱՂՕԹՔ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան երէկ այցելեց Շուշիի Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին, որ օրեր առաջ թիրախաւորուած էր Ատրպէյճանի բանակին կողմէ։ Նորին Սրբազնութիւնը ռմբակոծեալ Մայր տաճարին մէջ աղօթք բարձրացուց Հայաստանի եւ Արցախի խաղաղութեան, զօրացման ու միասնականութեան համար։

Այս առաւօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ թեմերէն եւ համայնքներէն կը հասնին ի զօրակցութիւն Արցախի նուիրատուութիւններ, որոնք կը փոխանցուին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին։

ՌՈՒՍԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԿՈՉԸ

Միւս կողմէ, Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Քիրիլ Ա. Պատրիարքը կոչ ուղղեց, որպէսզի հակամարտ կողմերը պահպանեն հրադադարը եւ վերադառնան քաղաքական հուն՝ Մոսկուայի մէջ անցեալ շաբաթավերջին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ։ «Յանուն հարեւան երկու երկիրներու ապագային, կոչ կ՚ուղղեմ երկարացնել հրադադարը», ըսաւ ռուսաց պատրիարքը եւ աւելցուց, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պատմականօրէն եղած են ու պիտի մնան հարեւաններ, հայերն ու ատրպէյճանցիները յամենայնդէպս պիտի շարունակեն կողք կողքի ապրիլ։

Քիրիլ Պատրիարքը, միեւնոյն ժամանակ, խօսք ուղղեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահ շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի՝ կոչ ուղղելով քայլերու ձեռնարկել, որպէսզի հակամարտութիւնը չվերածուի միջկրօնական առճակատման։

«Չափազանց կարեւոր կը համարեմ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով ձեռք բերուած համաձայնութիւնները։ Կը դիմեմ երկու երկիրներու ղեկավարներուն՝ կոչ ուղղելով հրադադարը օգտագործել հարցի լուծումը քաղաքական դաշտ տեղափոխելու համար։ Յանուն երկու ազգերու ապագայի, կոչ կ՚ուղղեմ երկարացնել հրադադարը եւ զայն խաղաղ բանակցութիւններու համար օգտագործել», յայտնած է Նորին Սրբութիւնը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2020