ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՕԾՈՒՄ ԵՒ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութեան, որով ստեղծուեցաւ հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտ։ Երկար ժամանակէ ի վեր մեծ ջանքեր կը գործադրուէին այս եկեղեցւոյ նորոգութեան ծրագիրը ի կատար ածելու համար։ Այժմ, երբ ատենապետ Մինաս Մեծատուրի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդի ջանքերը արդարացած են, երէկուան օծման արարողութեան ընթացքին բարձր տրամադրութիւն կը տիրէր բոլորին մօտ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան, Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան, Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա եւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։ Պիւյիւքտէրէի Լատին կաթոլիկ համայնքի Սանթա Մարիա եկեղեցւոյ հովիւ Հ. Անտոն Վարդապետն ալ մասնակցութիւն բերաւ արարողութեան։
Օծման արարողութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ քարոզ մը, որու ընթացքին բացատրեց, որ մարդ թէեւ ամէն տեղ կրնայ աղօթել, սակայն, տարբեր է աղօթավայրի մը մէջ Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան անցնիլը։
Հարկ է նշել, որ վաղն ալ Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի անդրանիկ Ս. Պատարագ՝ նոյնպէս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հանդիսապետութեամբ։
Միւս կողմէ, Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնը յառաջիկայ շրջանին պիտի ստանձնէ Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա։
Եկեղեցական
- 04/12/2025
- 04/12/2025
- 04/12/2025
- 04/12/2025
- 04/12/2025