ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը բարձր գնահատանքի առարկայ դարձուց այն կամաւորները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած էին «Ուրախ Ամանոր սահմաններուն» ծրագրին։ Հարկ է նշել, որ այս ծրագիրը անցեալ ամիս կեանքի կոչուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակին կողմէ։
Հանդիպման սկիզբին յիշեալ գրասենեակի տնօրէն Տ. Մարկոս Քհնյ. Մանկասարեան ներկայացուց տարուած աշխատանքին արդիւնքը։ Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը ներկաներուն փոխանցեց իր պատգամն ու օրհնութիւնները։ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութիւն յայտնեց, որ երիտասարդ հայորդիներուն մէջ գոյութիւն ունին մարդասիրական եւ հայրենասիրական գործ կատարելու բարձր գիտակցութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը։ Իր համոզմամբ, սա պէտք է բարի օրինակ ըլլայ բազում երիտասարդներու համար։ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, որ նման ծրագրերու իրականացումը կը բարձրացնէ մարդասիրութեան եւ բարեգործութեան ոգին ու ապրումը՝ ուսուցանելով հայորդիներուն բաժին դուրս բերել իրենց վաստակէն կարօտեալներուն ու կարիքաւորներուն համար։ Տեսակցութեան ներկայ էր Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Եպսկ. Յովհաննիսեան։