ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ԱՌԹԻՒ ՕՐՀՆԵՑ ՆՈՐԱՊՍԱԿՆԵՐ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Գայիանէի վանքի երդիքին տակ։ Տեառնընդառաջին զուգադիպած Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Նորապսակներու օրհնութեան կարգ։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը օրուայ տօնին առթիւ իր օրհնութիւնն ու նուէրները բաշխեց նորապսակ սարկաւագներուն եւ արարողութեան մասնակցած նորապսակ զոյգերուն։

Երկուշաբթի, Փետրուար 15, 2021