ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կարգ մը միաբաններ կոչուեցան նոր պաշտօններու։

Վեհափառ Հայրապետի նշանակումով՝ Տ. Մխիթար Աբեղայ Գրիգորեան արժամապէս ծառայութեան կոչուեցաւ Արցախի թեմէն ներս՝ որպէս Դադիվանքի վանահայր։ Տ. Ներսէս Աբեղայ Յարութիւնեան ազատուեցաւ Եգիպտոսի թեմէն ներս ստանձնած պարտականութիւններէն եւ իրեն պատասխանատուութիւն վերապահուեցաւ նոյնպէս Արցախի թեմէն ներս՝ որպէս Դադիվանքի հոգեւոր սպասաւոր։

Դադիվանքէն ներս իր ծառայութիւնը պիտի շարունակէ նաեւ Մանուէլ Սրկ. Սարգսեան՝ ազատուելով Հայաստանի զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդութենէն ներս ստանձնած պարտականութիւններէն։

Ինչպէս ծանօթ է, Դադիվանքը կը գտնուի Արցախի վերջին պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ։ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրքերը ներկայիս կ՚իրականացնեն անոր վերահսկողութիւնը ու պատմական վանքէն ներս կը շարունակուին ծիսակատարութիւններն ու պաշտամունքը։ Վերջերս դէպի Դադիվանք կազմակերպուած էր նաեւ ուխտագնացութիւն մը, որուն սակաւաթիւ ուխտաւորներ մասնակցելու հնարաւորութիւն ունեցած էին՝ Ատրպէյճանի թոյլտուութեամբ։

Միւս կողմէ, ռուսական «Ռեկնում» լրատուական գործակալութիւնը հրապարակեց յօդուած մը, որու հեղինակն է՝ Վատիկանի, Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի եւ Անդրկովկասի եկեղեցիներու հարցերով մասնագէտ Սթանիսլաւ Սթրեմիտլովսկի։ Յօդուածին մէջ մատնանշուած է, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կանգնած է Արցախի թեմը կորսնցնելու շեմին։  

Երկուշաբթի, Մարտ 15, 2021